Լոյս տեսաւ Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական Հետքն Ամերիկայում. 400ամեայ Ժառանգութիւն» խորագիրով նոր գիրքը: Անիկա նուիրուած է առաջին հայուն՝ Ամերիկա ժամանելուն 400ամեայ պատմութեանը։ 1618ին Մարթին անունով (Martin the Armenian) առաջին հայը ժամանեց Վըրճինիա: Առաջին հայուն ժամանումը ազդարարեց նաեւ հայ գաղթականներու հոսքը. գաղթականներու՝ որոնք իրենց հետ նոր երկիրը բերին իրենց սովորութիւնները, կենսակերպը, խոհանոցը եւ մտածելակերպը: Անոնք ուսանողներ էին, արհեստաւորներ, առեւտրականներ, հողագործներ, որոնք եկած էին Ամերիկա՝ գոյատեւելու եւ հայրենիքի մէջ մնացած՝ շահագործման եւ բռնութեան պայմաններուն մէջ տառապող իրենց ընտանիքներուն օգնելու յոյսով:
620 էջնոց պատկերազարդ գիրքը կը պարունակէ 2200 լուսանկարներ, որոնց կարգին՝ արժէքաւոր արխիւային փաստաթուղթեր եւ հազուագիւտ պատկերներ, որոնք ցոյց կու տան հայ-ամերիկեան համայնքի պատմութիւնը եւ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հայերու նշանակալից ներդրումները Ամերիկայի մէջ:
Հատորը կ՛ընգրկէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական հաստատութիւններու արխիւային նիւթեր, որոնմէ շատերը հանրութեան կը ներկայացուին առաջին անգամն ըլլալով: Գիրքի գլուխները եւ նկարազարդումները ներկայացուած են ժամանակագրական կարգով՝ ընդգր-կելով 1618էն մինչեւ 1990ականներու սկիզբը ինկած ժամանակահատուածը:
Այսօր հայերը եւ հայկական մշակոյթի հետքերը տեսանելի են Ամերիկայի գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ. հայ բժիշկները, ճարտարագէտները, ճարտարապետները, դերասանները, բեմադրիչները, երգիչները, յաջողակ մտաւորականներն ու գործարարները կը կամրջեն Միացեալ Նահանգները Հայաստանին:
Գիրքը հրատարակուած է «Նուպար եւ Աննա Աֆէյեաններ» հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ:
«Այս գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերու եւ անոնց ազդեցութեան մասին է: Ասիկա մեծ նախաձեռնութիւն է Հայկ Դեմոյեանի կողմէ: Ուրախ ենք, որ կրնանք աջակցիլ անոր եւ համագործակցել «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ», կ՛ըսէ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, ամերիկահայ բարերար Նուբար Աֆէյեան: