Յուլիս 5-ին Մարսէլի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցած համերգով աւարտեցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ ու Ֆրանսահայ Երիտասարդական Միութեան ջանքերով կազմակերպուած Հայաստանի պարարուեստի պետական «Բարեկամութիւն» համոյթի հիւրախաղերը Ֆրանսայի մէջ:
Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէլի ամէնահեղինակաւոր սրահներուն մէջ կայացած համերգներով հայ երիտասարդները ֆրանսացի հանդիսատեսին հիացուցին իրենց բարձրարուեստ կատարումներով, նորարարական շունչով ու երաժշտական տպաւորիչ ընտրանիով` Կոմիտասէն մինչեւ Վիւալտի, Սայաթ-Նովայէն մինչեւ Մոցարտ, հայկական ժողովրդական մեղեդիներէն մինչեւ Արամ Խաչատրեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: