Ուսումնասիրութիւն կրնայ ներկայացուիլ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.-
Ա) Պատմութիւն.- Հայերը Իրաքի մէջ. 1.- Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ, 2.- Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, 3.- Յետ-ցեղասպանութեան շրջանին (Բրիտանական/թագաւորական/նախա- եւ յետ-Սատտամ Հիւսէյնի ժամանակաշրջան/ներկայ հանգրուանը):
Բ) Պետութիւնը եւ հայերը.- Հայերը պետական վարչամեքենային մէջ (նախարարութիւններ, բանակ եւ զինուորականութիւն, առողջապահութիւն, քաղաքական կեանք, տեղական կառավարութիւն եւ այլն), սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները, հայերը Քիւրտիստանի մարզի կառավարութեան մէջ:
Գ) Հայ գաղթականութիւնը, գաղթակայաններն ու պայմանները.- Նահր էլ Օմար, Պաքուպա եւ այլն:
Դ) Յետ-Գաղթականական հայ բնակավայրեր.- Անցեալի եւ ներկայի հայկական բնակավայրերը` Մուսուլի, Զախոյի, Տըհոքի, Էրպիլի, Պաղտատի, Պասրայի, Հաւրեզի, Աւզրուկի մէջ:
Ե) Հայ եկեղեցին (Առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական).- Հայ եկեղեցին Իրաքի մէջ եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:
Զ) Կազմակերպութիւններ.- Իրաքի հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ այլն) եւ անոնց դերը:
Է) Մշակոյթ.- Իրաքի հայ դպրոցները, մամուլ-գրականութիւն-տպագրութիւնը, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, իրաքահայ մշակոյթի դէմքեր:
Ը) Ինքնութիւն եւ համարկում.- Հայօճախին նպաստը Իրաքի մշակոյթին (թատրոն, արուեստներ, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզական կեանք եւ այլն), տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ տպագրութեան, ընկերային եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, հայերը Պաաս/համայնավար/այլ կուսակցութիւններու մէջ, ինքնութեան հարցեր եւ այլասերում/ձուլում:
Թ) Հայերը` իրաքցի տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ.- Հայերուն պատկերը Իրաքի մշակոյթին մէջ (սինեմարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանաւոր պատմութիւն, հաւաքական յիշողութիւն):
Ժ) Իրաքահայ սփիւռքը.- Իրաքահայերու ներգաղթը Հայաստան` 1920-ականներէն սկսեալ, արտագաղթը դէպի Արեւմուտք (Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Աւստրալիա):
ԺԱ) Իրաքահայ հաղորդակցական ցանցը.- Իրաքահայերու կապը Հայաստանի, Միջին Արեւելքի հայօճախներու, սփիւռքին եւ արտասահմանի իրաքահայերուն հետ:
Մասնակցութեան Տուեալներ
ա) Մասնակիցներ պարտին 25 վայրկեան տեւողութեամբ զեկուցումներ կարդալ իրենց ուսումնասիրութեան մասին` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն կամ արաբերէն լեզուներով (թարգմանութիւնը ապահովուած է):
բ) Ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով, հետեւաբար մինչեւ 30 յուլիս 2017 մասնակիցները պարտին վերջնական ձեւի դրած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք կեդրոնին:
գ) Կեդրոնը մինչեւ չորս օրուան կեցութիւն պիտի տրամադրէ գիտաժողովին մասնակիցներուն:
դ) Դիմորդները պարտին մինչեւ 25 նոյեմբեր 2016 ե-նամակով կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին ամփոփումը:
ե) Դիմումին եւ նիւթի ընդառաջման պատասխանը կը տրուի մինչեւ 20 դեկտեմբեր 2016:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել.- Հայկազեան Համալսարան, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն.- հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058,
կամ գրել`[email protected] հասցէին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ