Հոկտեմբեր 2011-ին իր գործունէութեան սկսած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ` Նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին 100 համերգներու ձեռնարկը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարին եւ գործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած այս համերգը տեղի կ՛ունենայ կատարողութեամբ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:
Հայ ազգային յիշողութեան մէջ Վարդան Մամիկոնեան անունը փառայեղ յիշատակութեամբ դրոշմուած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման գողգոթայի սրբանուններու շարքին` իբրեւ հայ ազգային ինքնութեան ամրապնդման խորհրդանիշ: Սակայն մերօրեայ հանճարեղ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան համանուն հայորդին իր արձանագրած նոյնքան փառահեղ նուաճումներով կու գայ արդարացնելու հինգերորդ դարու Աւարայրի հերոսին անուանակից ըլլալու երանութիւնը: Փաստօրէն, եթէ Յ. Ք. 451 թուականի Վարդանանց Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեան իր նահատակութեան գերագոյն զոհաբերութեամբ դարբնած է հայու քրիստոնեայ ու ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը, ապա 21-րդ դարու համանուն Վարդան Մամիկոնեան իր հանճարով կ՛անմահացնէ հայու գոյատեւման համար նոյնքան տարրական` մշակութային ինքնութիւնը, նուաճելով համաշխարհային դիրքեր, հայ մշակոյթը ծանօթացնելով աշխարհի հեռաւոր անկիւններու ամպիոններէն:
Դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան ծնած է Օգոստոս 1970-ին, Երեւան: Անոր ծնողքը` Էլվա եւ ջութակահար Լեւոն Մամիկոնեան նմանապէս երաժշտութեան սիրահարներ են, ինչ որ խորապէս ազդած է փոքրիկն Վարդանի նրբազգաց ներաշխարհին վրայ: Վեց տարեկանէն ան արդէն իսկ խոր սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան, յատկապէս դաշնակի մարզին նկատմամբ: 1987-ին աւարտելով Երեւանի Սպենդիարեանի անուան երաժշտանոցը, կ՛անցնի Մոսկուա, ուր երկու տարի հետեւելէ ետք Կեդրոնական երաժշտանոցին, իր մասնագիտութիւնը կը կատարելագործէ Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: Տարիներու երաժշտական իր մասնագիտութեան ընթացքին աշակերտած է միջազգային երաժիշտ երգեհոնահարներու, ինչպէս` Արքուհի (Arkui) Յարութիւնեանի, Վալերի Քասթելսքիի եւ այլ հանճարներու: 1981-ին առաւել եւս կը բացայայտուի պատանի Վարդանի երաժշտական բնատուր ձիրքը, երբ ան կ՛արժանանայ Վիլնիուսի մէջ կայացած (նախկին) Խորհրդային Միութեան դաշնակի մրցանքի առաջնութեան մրցանակին: Այնուհետեւ, կը շարունակուին անոր մրցանակային նուաճումները, եւ դարձեալ առաջին կը հանդիսանայ Իվոն Լեֆեպիւրի մրցումին: Իսկ 1992-ին յաղթականօրէն կը մասնակցի Համաշխարհային երաժշտութեան վարպետներու մրցանքին, որ անկիւնադարձային հանգրուան մը կ՛ըլլայ անոր երաժշտական ասպարէզին համար, երբ միջազգային ամպիոններ կը բացուին անոր առջեւ` ճամբայ հարթելով նորանոր նուաճումներու: Զինուած իր երաժշտական բնածին շնորհներով` երիտասարդ տաղանդաւոր դաշնակահարը կը յաղթահարէ նորանոր մրցանակներ, շրջելով Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու մշակութային քաղաքները` հասնելով մինչեւ Շանկհայ ու Հոնկ Քոնկ: Միջազգային մամուլը յատուկ հիացմունքով անդրադարձած ու դրուատած է անոր երաժշտական, յատկապէս` դաշնակի ներկայացումները:
1991-ին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Ֆրանսա, եւ ապա` Գերմանիա: Ան իր երաժշտական ելոյթներուն մէջ Կոմիտասի, Առնօ Պապաջանեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի գլուխ գործոցներուն կողքին մեկնաբանած է առաւելաբար երաժշտութեան համաշխարհային տիտաններու, ինչպէս` Պախի, Մոցարթի, Շոփենի, Ֆրանս Լիսցի, Ֆելիքս Մենտըլսընի, Սերկէյ Ռախմանինովի, Իկոր Սթրավինսքիի եւ այլ հանճարներու գործերը:
Ստորեւ, նշեալ առիթով Վարդան Մամիկոնեանի Լիբանան այցելութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի կատարած հակիրճ հարցազրոյցը անոր հետ.
«ԱԶԴԱԿ».- Բարի եկած էք Լիբանան, ի՞նչ առիթով Լիբանան ժամանած էք եւ արդեօք ասիկա ձեր առաջի՞ն այցելութիւնն է.
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ.- Այս իմ չորրորդ այցելութիւնս է, այս անգամ եկած եմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին 100 համերգներ խորագրեալ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարարին ու գործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին ու մեկենասութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամին:
«Ա».- Ձեզի ընկերակցող այլ արուեստագէտ կամ նուագախումբ կա՞յ:
Վ. Մ.- Ոչ, ես առանձինս եմ, սակայն հոս իբրեւ մենակատար պիտի նուագեմ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:
«Ա».- Ըսիք, որ ասիկա ձեր չորրորդ այցելութիւնն է, այս անգամ ինչպէ՞ս գտաք Լիբանանն ու լիբանանահայ գաղութը.
Վ. Մ.- Սովորական նոյն գրաւչութեամբ է տակաւին Լիբանանը, իսկ լիբանանահայ գաղութը նոյնքան աշխուժ ու եռանդուն կը գործէ, եւ շատ ուրախ եմ հոս գտնուելուս համար:
«Ա».- Կրնա՞ք մեզի մանրամասնել, թէ ինչպէ՞ս ընտրեցիք այս մարզը եւ ճիշդ ո՞ր ճիւղին վրայ կեդրոնացած է ձեր մասնագիտութիւնը:
Վ.Մ.- Փոքր տարիքէս սիրած եմ երաժշտութիւնը եւ հետզհետէ խորացած եմ դաշնակի մարզին մէջ:
«Ա».- Գլխաւորաբար ո՞վ կամ որո՞նք տպաւորած են ձեզ երաժշտական աշխարհէն:
Վ. Մ.- Նախ ըսեմ, որ ծնողքս` Էլվա եւ Լեւոն Մամիկոնեաններ իրենք եւս երաժշտասէր են: Հայրս ջութակահար է, եւ այս մէկը ամրապնդած է մէջս երաժշտութեան ու յատկապէս դաշնակի նկատմամբ իմ սէրս: Նաեւ խորապէս ազդուած եմ ուսուցիչներէս եւ միջազգային երաժիշտներէ, ինչպէս` Կոմիտաս, Արքուհի Յարութիւնեան, Առնօ Պապաջանեան, Արամ Խաչատուրեան, Տիգրան Մանսուրեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Լիսթ, Մոցարթ, Շոփեն եւ շատ ուրիշներ:
«Ա».- Առաւելաբար որո՞նց գործերը մեկնաբանած էք եւ ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները կամ յառաջիկայ քայլերը:
Վ. Մ.- Մեծ հաճոյքով դաշնակի վրայ գործակցած եմ ժամանակակից հանճարեղներու ու մեկնաբանած դասական տիտաններու գլուխ գործոցները, ինչպէս` Կոմիտասի, Խաչատուրեանի, Մանսուրեանի, Պապաջանեանի, Լիսթի, Ֆելիքս Մենտըլսընի, Ռախմանինովի, Սթրավինսքիի, Պրամսի, Բականինիի եւ այլ բազմաթիւ երաժիշտներու ու երգեհոնահարներու: Նաեւ յիշեմ, որ 2006-ին հանրածանօթ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի հետ գործակցաբար ձայնագրած եմ Կոմիտասի մեծարման նուիրուած յատուկ սկաւառակ մը: Նաեւ ծրագրուած ու գրեթէ իրենց վերջնական փուլին մէջ են Տիգրան Մանսուրեանի, Առնօ Պապաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Ռուբէն Գազարեանի շատ գեղեցիկ գործերը, Շթութկարթի, Հայլպրոնի մէջ, հայկական ու գերմանական նուագախումբերու հետ գործակցաբար, ինչ որ աննախընթաց է:
«Ա».- Հակահայ, յատկապէս թրքական կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն թերագնահատել հայ արուեստը վիրաւորական մատնանշումներով, ինչպէս` թէ «Կոմիտաս պարզապէս օգտուած է թրքական երաժշտութենէն», եւ թէ` «հայկական երաժշտութիւնը իւրայատուկ ոճ ու մակարդակէ զուրկ է եւ հիմնականին մէջ կը կապկէ թրքականը»: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս գծով, վստահաբար կը ջրէք ու կը հերքէք նման յոխորտանքներ…
Վ. Մ.– Նախ` հերքելու համար պէտք է, որ լուրջի առնեմ ըսուածը, սակայն հոս նման արտայայտութիւն կարելի չէ լուրջի առնել կամ կարեւորութիւն տալ նման սին խօսքերու: Երկրորդ` թող թուրքերը ցոյց տան մեզի, եթէ ունին Կոմիտաս մը, Առնօ Պապաջանեան մը, Արամ Խաչատուրեան մը, Տիգրան Մանսուրեան մը կամ նման տիտաններ…
«Ա».- 2015-ի Ցեղասպանութեան յուշատօնի արարողութեանց գծով անհատապէս որեւէ այլ քայլեր կը նախատեսէ՞ք:
Վ. Մ.- Նշեմ, որ անդամ եմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հայաստանի պետական յանձնաժողովին եւ իբրեւ այդպիսին` կը գործեմ այդ մարմինի ծիրին մէջ` իմ կարելիութիւններս ու ներդրումս լրիւ դնելով անոր տրամադրութեան տակ