Սփիւռքի հայկական համայնքները ամէն տարի կը հրատարակեն հայկական օրացոյցներ, ուր կը ներկայացուին հայկական ազգային ու կրօնական տօները:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ, այս տարի Քուէյթի, Իսրայէլի եւ Յորդանանի հայկական համայնքներու մէջ հրատարակուած օրացոյցները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Քուէյթի Ազգային վարժարանի հրատարակած օրացոյցի 12 էջերու մէջ տեղ գտած Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներու կենսագրականները, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած կոթողներ:
Իսրայէլի եւ Յորդանանի օրացոյցները հրատարակուած են Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ: Յորդանանի օրացոյցի մէջ տեղ գտած են աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանները. ուշագրաւը այն է, որ անոնց մասին տեղեկութիւնները գրուած են տուեալ երկրի պետական լեզուով: Օրինակ` Ֆրանսայի մէջ տեղադրուած յուշարձանի մասին տեղեկութիւնը գրուած է ֆրանսերէն: Եւ այսպէս շարունակ: Իսրայէլի հրատարակած օրացոյցի մէջ յատկանշականը հայկական տօները հին ու նոր տոմարներով նշելն է: