Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայրենիքի սէրը գոյութիւն ունի միայն մեծ հոգիներու մէջ,
շահի սէրը կը ներծծէ գռեհիկ հոգիները:
ՓԻԵՌ-ԺԻՒԼ ՍԹԱՀԼ*
Ինչո՞ւ երբեմն հանդիսաւորութեամբ, մամուլով, խորհրդաժողովներով եւ գիտաժողովներով չենք նշեր «Հայոց Հայրենահանման Օր»-ը, որպէսզի խօսուի, գիտակցութիւն արթննայ ազգի մը մեղմ եւ անցաւ մաշումին մասին:
Հայրենահանման ըմբռնումը բովանդակութիւն կու տայ զգացական հայրենասիրութեան եւ ճամբայ կը հարթէ յանձնառու հայրենասիրութեան առջեւ` յիշեցնելով տիրոջ պարտականութիւնը:
Ցեղասպանութեան զոհ միլիոնը սոսկ յիշատակ է, զանազան որակումներով. մարդկութեան դէմ ոճիր, սրբացում: Գումարեցէ՛ք բարոյական մխիթարութեան յարաճուն ճանաչումները, որոնք անհետեւանք աղմուկ են ցարդ, կը ծառայեն թուղթ սեւցնելու: Անոնք պատմութիւնը վերստին իր հունին մէջ դնող ազդակ չեն, ազգի որպէս այդպիսին վերականգումին վրայ քար չեն աւելցներ: Գէթ չկրցան այդ ընել ցարդ:
Հարիւր տարիէ ի վեր կ’ապրինք Հայրենահանման Աղէտին մէջ, բայց կարծէք` այդ երեւոյթը մեզ չ’անհանգստացներ, ընդհակառակն: Բացորոշ կամ լուռ գոհունակութեամբ ընդունած ենք Հայրենահանումը, քանի որ ճողոպրած ենք օսմանեան հարստահարութիւններէ, ջարդէ, դարձած ենք յառաջադէմ երկիրներու քաղաքացի, կ’ապրինք ապահով պայմաններու մէջ, ձեռք կը բերենք բարձր կենսամակարդակ: Այս գոհունակութիւնը այն աստիճան մեզ գերած է, որ այժմ ունի իր նորագոյն հետեւանքները Կամաւոր Հայրենահանման իր ձեւով, զոր կը կոչենք Արտագաղթ:
Ազգի որակի եւ համրանքի տեսանկիւնէ, Արտագաղթը կը շարունակէ Հայրենահանումը:
Հայրենհանման եւ Արտագաղթի քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային հետեւանքները համապատասխան վերաբերումի չենք արժանացներ, քանի որ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ` անոնց նկատմամբ չունինք ընկերային գիտութիւններու լոյսին տակ մշակուած ազգային գաղափարախօսութենէ ներշնչուած կեցուածք: Աւելի պարզ խօսելով` Ցեղասպանութեան զոհերը ազգին համար մեծ կորուստ եղան, քանի որ ազգը կ’ապրի իր համրանքով: Ի՞նչ պիտի ըլլան Հայրենահանման եւ Արտագաղթի հետեւանքները Ազգին համար, ժամանակի գիծին վրայ, երբ կը դադրինք անմիջականի հաւկուրութեամբ զանոնք դիտելէ եւ դատելէ:
Ասիոյ մէջ, կրօնական տարբերութիւններու եւ մոլեռանդութեան պատճառով, երկրի բնիկներ ապաստան կը գտնեն դրացի երկրի մը մէջ (ռոհինկաները կ’ապաստանին Պանկլատեշ): Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր միջազգային համայնքը իր օրէնքներու անբաւարարութիւնը եւ իր անկարողութիւնը կը շղարշէ բարեսիրութեամբ եւ քաղաքական երթեւեկով: Հայրենահանման կանխարգիլման, սրբագրութեան եւ Հայրենահանուածներու իրաւունքի պաշտպանութեան օրէնքներ չկան: Եւ մեծ Խօսարանին մէջ, որ ՄԱԿ կը կոչուի, այս մասին ոչ ոք կը խօսի:
Ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ օրէնք, ինքզինք աշխարհի իրաւարարութեան կոչած ո՛չ մէկ պետութիւն, Հայրենահանումները որպէս օրակարգ չունին: Թերեւս օր մը, աշխարհի բոլոր պետութիւնները, ՄԱԿ-ը եւ անոնց շարքին Թուրքիան, կրնան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցաւակցիլ, բայց ոչ ոք ձայն-ծպտուն պիտի հանէ Հայրենահանում աղէտի մասին, որուն այսօր գոհունակ զոհերն են հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդները:
Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն մէջ տեղ մը, մեր եւ այլոց կողմէ չի յիշուիր, թէ ինչո՛ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ: Կրնա՞նք մէկ տող գտնել եղած եւ բազմապատկուող ճանաչումներուն մէջ, մէկ տող, որ խօսի իրաւ պատճառի մասին, որուն հետեւանքն է նաեւ այսօրուան սփիւռք(ներ)ը: Բայց ինչո՞ւ մեզի բաւարարութիւն տուող այդ ճանաչումներուն հեղինակները պիտի խօսին մեր կողմէ անգիտացուող եւ չպահանջուող հարցերու մասին:
Դիպուկ է 2001-ին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագան, որ չի յիշեր ոչ ցեղասպանութիւն գործողը, ո՛չ այն երկիրը, ուր ան գործուած է, ո՛չ ալ պատճառը` այդ ցեղասպանութեան: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ի՞նչ կը պահանջենք, ինչո՞ւ կը պահանջենք, ի՞նչ կը ճանչնան կամ պիտի ճանչնան:
Բայց պատճառի եւ նպատակի անգիտացման համար մի՞թէ Ցեղասպանութիւնը այս կամ այն ձեւով թերացողները ճանչցողներն են, թէ՞ այդ ճանաչման համար դիմողները, աշխատողները:
Պահ մը երեւակայենք, թէ ի՛նչ պիտի մտածեն եւ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն Ցեղասպանութիւնը ճանչցող մեր բարեկամները, եթէ հարցը ներկայացնենք` ըսելով, որ Ցեղասպանութեան պատճառը հողն էր, եւ հայոց հայրենիքի բռնագրաւման եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերը անանջատելի են:
Մեր բարեկամները եւ խօսակիցները առնուազն մեզմէ նուազ միամիտ են: Անոնք կրնան հարց տալ, որ եթէ այդ բռնագրաւուած հողերը ազատագրուին, այսօրուան սփիւռք(ներ)ը, հայրենահանուածները եւ անոնց յետնորդները կը վերադառնա՞ն: Քայլ մըն ալ առաջ երթալով` կրնան դիտել տալ,թէ ինչո՞ւ պէտք է պահանջել այդ հողերը, երբ այսօր ուրիշներ կ’արտագաղթեն, հողը կը լքեն, կ’աճեցնեն հայրենահանուածներու համրանքը:
Աւելին ալ կրնան ըսել: Հայաստան եւ Արցախ միացեալ տարածութեան վրայ ամբողջ սփիւռքի բնակեցման տեղ կայ:
Այս անգիտացուած իսկական պատճառով կը բացատրուին Հայոց ցեղասպանութեան բարոյամխիթարական ճանաչումները, որոնք ոչ մէկ քաղաքական նկարագիր ունին եւ չեն անհանգստացներ ո՛չ մեր բարեկամները, ո՛չ ալ մեզ:
Խօսիլ ցեղասպանութեան պատճառի մասին` պիտի ստիպէր, որ մենք որպէս անմիջական օրակարգ ունենայինք հայրենատիրութիւն եւ հայրենադարձութիւն զոյգը:
Հետեւաբար կէս բերան եղած պահանջին կը տրուի կէս բերան բաւարարութիւն:
Հայրենահանուած ժողովուրդի իսկական կացութեան գաղափարախօսական պատասխանը հայրենիքի ամբողջացումն ու բնակեցումն են:
Ցեղասպանութեան այսօրուան իրողական քաղաքական բովանդակութիւնը եղած եւ տեւող հայրենահանումն է: Այսինքն հողային պահանջն է, որ իսկական իմաստ կու տայ Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն, լացէն եւ սուգէն, յուշէն եւ յուշագրութիւններէն անդին` ազգային իրաւունքին եւ գոյութեան կու տայ քաղաքական որակ:
Եւ ի հարկէ, պէտք է խօսիլ սփիւռք(ներ)ի քաղաքական նախաձեռնութիւններու նկատի առնուելիք լրջութեան բովանդակութեան մասին: Ըսինք` քաղաքական նախաձեռնութիւններ, որոնք հայրենակցական միութիւններու ո՛չ հարիսայով եւ ո՛չ տհոլ-զուռնայով կը սահմանուին:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ազգի աւելի քան սփիւռք(ներ)ը կուլ չերթայ համաշխարհայնացման հեղեղին: Այդ ընելու համար մենք պէտք է դադրինք բաւարարուելէ բաժակի կէս կամ քառորդ լեցուն մասով, այլ` բոլոր միջոցներով մտածել եւ գործել, որպէսզի այդ դատարկ մասը կրկին լեցուի, լեցուն մասն ալ ամէն օր քիչ մը աւելի չդատարկուի:
Այս նպատակով իրապէս պէտք է կազմակերպել հայկական սփիւռք(ներ)ը` ոչ որպէս այս կամ այն ձեւի հայկական ծագումով մարդոց ինքնագոհ համայնքներ, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն յաւերժացող եւ յաւերժական սփիւռքացման մէջ: Սերունդ պէտք է պատրաստել հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան ենթահողի վրայ, օրինակ` դպրոցներու, միութիւններու, կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու ծրագրային-կրթական առաջադրանքներուն մէջ պէտք է արձանագրել նոյն հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը: Այսինքն հայրենահանուած ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է թելադրէ այն առաջնորդող միտքը, որ սփիւռք(ներ)ը ժամանակաւոր սպասման կեդրոն է հայուն համար:
Եթէ այս ժամանակաւորի սուր զգացողութիւնը կորսուի, սփիւռք(ներ)ը ինքզինք կը դատապարտէ` դեռ ժամանակ մըն ալ ըլլալու ծագումով հայ, օր մը` այդ անգամ մոռնալու: Ընկերութիւններու ձեւաւորման մէջ ժամանակը անգութ է:
Հայրենահանումը ազգի մը հանդէպ գործուած յոռեգոյն ոճիրն է: Ան ազգի անդամները կը դատապարտէ այլասերման, ազգին համար ողջ մեռեալներու:
Հայրենահանման աւեր գործած եւ գործող հետեւանքներուն եւ անոնց վերացման կարելիութիւններու քննութեան համար չ’արժե՞ր հակաամբոխավարական եւ հակաինքնախաբէական խորհրդաժողով մը գումարել եւ խօսիլ զանգուածներուն` դուրս գալով բջիջներու օղակէն:
Զանգուածներուն. մէկ առ մէկ: Իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ,ոչ միայն յայտարարութիւններով եւ հաղորդագրութիւններով, որոնք կը հասնին գիտցողներուն եւ համոզուածներուն:
Համաժողովը պէտք է արտայայտուի լուռ մեծամասնութեան եւ անտեսանելի դարձածներուն մասին` զինուելով հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան առաջադրանքներով:
11 դեկտեմբեր 2017 Նուազի-լը-Կրան
* L՛amour de la patrie n՛existe que dans les grandes âmes ; l՛amour du gain absorbe les âmes vulgaires, Pierre-Jules StahlLes pensées et réflexions diverses (1841)