ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Ինծի համար, անկարելի է չխօսիլ Հայրենիքիս մասին. ան իմ սրտիս մէջն է միշտ, ինչպէս հարազատ մայրս, զոր պիտի ուզէի գտնել մեր տանը, միշտ արթուն վիճակի մէջ, որպէսզի գրկէի զինք, համբոյրներով ծածկելու համար անոր լուսապայծառ դէմքը …
Մօրս դէմքը, սակայն, երբեմն կը զգենուր խոժոռ ու մռայլ երեւոյթ մը երբ ես յանցանք մը գործէի… Իր դէմքին արտայայտութիւնը բաւարար նշան էր որ ընդունէի յանցանքս և ուղղէի սխալս. ի վերջոյ, միթէ այդ չէ՞ մօր մը պարտականութիւնը՝ զգաստութեան հրաւիրել իր հարազատին, որուն համար ան պատրաստ է նոյնիսկ կեանքը տալու. որովհետեւ մօր սէրը անհուն է և մնայուն, անխառն ու անկողմնակալ։
Հայ մայրը նման է Փրկչին. ան իր շուրջը կը հաւաքէ իր զաւակները, նոյնիսկ եթէ անոնք մոլորած են։ Ան կը փնտռէ ու կը վերադարձնէ զանոնք մայրենի տուն՝ ինչպէս Քրիստոս պիտի ուզէր ընել, կորսուած ոչխարին՝ զայն ետ փարախ բերելով։
Հայը տարբեր է ուրիշ ազգերէ. համաձայն էք, չէ՞։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչ պատահեցաւ Ֆրանսայի մէջ 18-րդ դարու վերջաւորութեան, թէ ինչպէս ֆրանսացիք լուծեցին իրենց տարակարծութիւնները… Անոնք չխնայեցին ազնուական դասին։ Դեռ կարելի է բերել ուրիշ օրինակներ եւս… Սակայն հայը տարբեր ձեւով դաստիարակուած է. անոր խառնուածքին դէմ է վայրագութիւնը. ան չի հանդուրժեր խժդուժութիւններ. ան խուժան չէ՛… Ան ազնի՛ւ ժողովուրդ է… Ան համբերո՛ղ ժողովուրդ է… Ի վերջոյ, ան Քրիստոնեա՛յ ժողովուրդ է, որ կը հաւատա՛յ Բարիին…
Հայը հանդուրժող է և համբերատար. ան ունի մօր մը սիրտը. մօր մը, որ խտրականութիւն չի դներ իր զաւակներուն միջեւ և բարի կամեցողութեամբ կ’ուղղէ ամէն տարակարծութիւն, զոր կը ծագի իր ընտանիքի անդամներուն միջեւ՝ իր խրատներով, իր յորդորներով, իր լայն ժպիտով. երբեմն ալ իր խոժոռ նայուածքով… Որովհետեւ երբեմն գործերը աւելի ծանր կը կշռեն քան խօսքերը…
Ուիլիամ Ուըրտծուըրթ, անգլիական ռոմանթիզմի հիմիադիրներէն մին, իր սոնաթներէն( հնչեակ ) մէկուն մէջ, «Լոնտոն, 1802», կ’ոգեկոչէ՝ անգլիացի մեծ գրող Ճոն Միլթոնը, որպէսզի ան վերակենդանանայ և ազատագրէ անգլիացի ժողովուրդը լճացումէ, և անոնց վերադարձնէ իրենց անցեալի բարքերը, առաքինութիւնը, ազատութիւնն ու հզօրութիւնը…
Իսկ մենք որո՞ւն պէտք է դիմենք։ Մի՞թէ տրամաբանական լուծում է սա՝ մեռած անձ մը ոգեկոչել երկիր մը փրկելու համար։ Մենք, սակայն, ունինք Մայր Հայաստանը, վերածնած ու աշխոյժ, կեանքով խայտուն, նոր յոյսերով ցայտուն… ան, մեր հայ ժողովուրդի հին երազն է, որ իրականութիւն դարձած է այսօր՝ մեզ դարձեալ առաջնորդելու. դարձեալ մեզ համախմբելու. դարձեալ մեզ գրկելու և դարձեալ մեր վրայ շռայլելու իր մայրական քնքոյշ սէրը…
Մայր Հայաստանի նորածին որդին՝ Անկախութիւնը տակաւին անչափահաս է և, ուրեմն, խնամքի կարօտ։ Գուրգուրացող կառավարութիւն մը ունինք, որ ճիգ չի խնայեր որպէսզի ան մեծնայ ու զօրանայ… սակայն կայ նաեւ խումբ մը անտարբերներու, որոնք այլասեռած են և կը փորձեն երեխային «կարիքները» անտեսել… Ի՛նչ, որ անհանդուրժելի՛ է… սակայն Մայր Հայաստանը ներող է, բայց միեւնոյն ատեն անհանգիստ՝ իր նորածին որդւոյն հանդէպ այս վերջիններուն բռնած դիրքին պատճառով… Անոր դէմքը մռայլած է և Անոր խոժոռ նայուածքը արդէն ցոյց կու տայ, թէ ան որքա՜ն վիշտ ունի Իր սիրտին մէջ… Այդպէս ըլլալով հանդերձ, ան ներող Մայր մըն է, պայմանաւ որ այդ «սայթաքածները» ուղղեն իրենց սխալը և վերադառնան «փարախ», իրենց ժողովուրդին և տէր կանգնին անոր։
Ուրե՞մն… Երբ արդէն ախտաճանաչումը եղած է և վերքին խորութիւնը բացայայտուած, այլեւս վարանելու չէ ճիշտ որոշումը առնելու՝ չվտանգելու համար անգին կեանքը ներգաղթել փափաքող մեր հայրենակիցներուն… Որպէսզի չկրկնուի այդ հիասթափութիւնը, որ ատենօք իրենց նախորդները զգացին…
Ամէն բանէ առաջ, նախ դարմանե՛նք մեր ներքի՛ն վէրքը… Դուրսէն սպառնացող վտանգը կարելի՛ է չէզոքացնել միակա՛մ կեցուածքով, բայց միաբանութիւն կազմելու համար պայմա՛ն է դադրեցնել ներքին ընդվզեցուցիչ ոտնձգութիւնները։