Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ -368
Յ. Ձորեցի, բուն անունով Յարութիւն Նաճարեան, իր պատումին սկիզբը ինքնիրեն Հրայր Քարեան կը ներկայացնէ, մանկութեան լսած է իր պապերու հայրենիքին գեղեցկութեան եւ առատութեան մասին: Ան յաճախ Հալէպի պտղատու պարտէզներու պահակներուն քանի մը ղրուշ տալով, պարտէզ կը մտնէ եւ ծառերը մագլցելով համեղ պտուղներ կը ճաշակէ, երբեմն ալ կողովով հետը տուն կը տանի: Հրայր այդ պտուղներուն համեղութեան կը սքանչանայ եւ մեծ մայրիկին կը հրամցնէ անոր հիացումը ակնկալելով, բայց կը զարմանայ երբ մեծ մայրը կ՛ըսէ, թէ իր երկրին պտուղները շատ աւելի համով էին:
Մեծ մայրը Հրայրին կը պատմէ հայոց երկրին բերքի առատութեան եւ պտուղներու համեղութեան մասին, որ իր պատանիի միտքի երեւակայութեան մէջ կը գծէ առաջին անգամ լսած հայրենի երկրի պարտէզներուն համայնապատկերները: Մեծ մօր հետ այդ խօսակցութիւնները Հրայրի մէջ մղիչ ուժ կը ստեղծեն իր պապենական հողերը այցելելու եւ ականատես դառնալու իր լսածին մասին ամէն ինչի: Երիտասարդութեան ան առիթը կը ստեղծէ երթալու ներկայի Թրքական Հանրապետութիւն, մանաւա՛նդ Հայաստանի բռնագրաւուած արեւմտեան հատուածի նահանգները: Ան իր ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները գրի առած ու հրատարակած է «Սիրտս Նմանի…» խորագրեալ յուշագրութեամբ, Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան, Պէյրութ, 1975, 144 էջ:
Հրայր Քարեանի համար այլեւս հայրենիքը սիրուն պարտէզ մըն է: Հայոց պատմութեան դասապահերուն ան իր մտքին աչքերով կը տեսնէ «Հայաստանի կապոյտին մէջ, ձիւնապատ գագաթները վեհափառ Մասիսներուն, Արագածին… Անդին՝ Պինկէօլի եայլա լեռներուն ակերը կը սկսէին շողշողալ արծաթէ արեւներու պէս, աղբիւրները ամէն կողմէ կը կարկաչէին սարերն ի վար…, լօ՜, լօ՜, սէգ Սիփանն ալ գլուխ վերցուց…» (էջ 9):
Հրայր Քարեան նախ Պոլիս կ՛այցելէ, այնտեղի բոլոր հայկական եկեղեցիները, դպրոցներն ու հաստատութիւնները կը շրջի: Կը մտնէ նաեւ թանգարանները ուր «կը տեսնէ զանազան ազգերու արուեստի քաղաքակրթութեան բարձր չափանիշը ճանչցող բազմաթիւ թողօններ… Իսկ թուրքէն, ոչի՛նչ» եւ կ՛ըսէ. «Ունայնութիւն է թուրքը: Ունի ունայն հնութիւններ այլ տեղ, Պատմագիտական Թանգարանին մէջ… Օսմանեան գահեր, սուլթաններու նկարներ, հարէմական զարդեր, սուլթան Սելիմի օրերէն մնացած ջահեր, ծաղկամաններ: Աչքի կը զարնեն քասաթուրաներ ու եաթաղաններ… շատութեա՛մբ» (էջ 18-19): Թուրքին ձգածներէն կային նաեւ սանտրեր, ներկիլէ, արծաթէ ունելիներ եւ իրեր, կնիքներ ու դաշոյններ: Այս տեսակի զէնքերով ու դաշոյններով է որ թուրքերը յաճախ հայուն վնաս կը հասցնէին, հայու աղջիկ, սիրուն կիներ կ՛առեւանգէին, հայուն ցորենը կը կողոպտէին եւ հայ մշակը մէկ փամփուշտով կը սպաննէին:
Հեղինակը՝ Յ. Ձորեցի, «Օսմանեան Պատմութիւն» խորագրեալ գլուխը կը փակէ հետեւեալ տեղեկութեամբ. «Շքանշան մը թանգարանին մէջ, իր տեսակին մէջ ամենէն փայլունը, իսկական բնորոշումով, որ թրքական չէ արդէն: Ատանայի եւ Կիլիկիոյ հայկական այլ գաւառներու կոտորածներէն ետք Գերմանիոյ կայսրին կողմէ կարմիր Սուլթանին նուիրուած էր: Այս մէկը մաս կը կազմէ Եւրոպայի քաղաքական անկրթութիւններու պատմութեան» (էջ 21):
Երկու ամիս Պոլսոյ մէջ շրջելէ ետք, ան կ՛անցնի Թրքական Հանրապետութեան արեւելեան կողմը, հայկական նահանգները: Ան Պոլսէն Սեւ Ծովու վրայով կը մեկնի Էրէյլի, Զոնկուլտաք եւ անցնելով Չանղըրիէն կ՛ուղղուի դէպի Հայաստանի արեւմտեան հատուածը: Արժանի է յիշել թէ նախապէս ան Հալէպի մէջ, շնորհիւ ինքնաշարժի յաջող արհեստաւոր մեքանիք ըլլալուն եւ թուրքերու կաշառակերութեան՝ կը յաջողի թրքական անցագիր ձեռք ձգել Նազիմ անունով եւ թրքերէնի ալ լաւ տիրապետելով զայն կ՛օգտագործէ իր այս շրջագայութեան ընթացքին:
Յ. Ձորեցի Էրէյլիէն Չանղըրի անցած ատեն կը մտաբերէ հայ մտաւորականութեան 24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները եւ աքսորը ու կ՛ըսէ. «Ոտքերս առանց կթոտելու արդեօք պիտի կարենայի՞ անցնիլ այն ճամբաներէն, ուրկէ արդար ցեղիս մեծերուն հետ, արդարութիւնն ալ կալանաւորուած քշուեցաւ հեռաւոր հորիզոններ… Փշրեցին արդարութեան նժարի շղթաները, սուրը առին ձեռքէն ու զայն եաթաղանի վերածելով՝ ցեղասպան դարձան, մարդկութեան ազնուագոյն ցեղերէն մէկը աշխարհի վրայէն ջնջել ուզելով…» (էջ 67):
Չանղըրիի մէջ թուրք լակոտներ ու երիտասարդներ հրապարակը հաց, լուցկի, անուշեղէն եւ այլ պիտոյքներ կը վաճառեն: Անոնք աղմկելով եւ աղերսելով հեղինակին կը մօտենան կրկին ու կրկին աղաչելով, որ բան մը գնէ իրենցմէ, թերեւս ցամաք հացի կտորի մը գինը շահելու: Հեղինակը «հայրերուն մեղքը որդոց» ըսելով կը յաջողի հեռանալ այդ խառնիճաղանճէն եւ կ՛ըսէ. «Թուրքօղլիները հացը այսպիսով թող շահին» ու առանց գնում ընելու «հացի դրամ» մը կու տայ անոնցմէ մէկուն, որպէսզի քարկոծումէ զերծ մնայ: Յ. Ձորեցի Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Զարդարեանի մարտիրոսավայր Չանղըրիէն դուրս կու գայ եւ կ՛ուղղուի դէպի Անգարա, հոնկէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածը շրջելու համար:
Անգարայէն անցնելով զանազան գիւղերէ ու քաղաքներէ Յ. Ձորեցի կը հասնի Սեբաստիա, որ երբեմնի իր հոծ հայութեամբ եւ հայկական եռուզեռի այնքան խանդավառ անցեալով, այլեւս գոյութենէ դադրած եկեղեցիներով ու դպրոցներով, հայ թագաւորներու անյայտ գերեզմաններով՝ միայն անցեալի կը պատկանի: Հոս ան ցանկութիւն մը կ՛արտայայտէ ըսելով. «Իսկ ապագային, նոյն վայրին մէջ կերտուելիք նոր Սեբաստիան անշու՛շտ պիտի ունենայ «Մխիթար Սեբաստացի» անուանումով մայր հրապարակ մը, «Դանիէլ Վարուժան» անուանումով մշակոյթի կեդրոն եւ մեծ մատենադարան մը…» (էջ 82):
Յ. Ձորեցի պայքարի եւ դիմադրութեան անհրաժեշտութեան իր համամտութիւնը յայտնելով կ՛ըսէ. «Յանցաւոր է ազգը, յանցաւոր ենք մենք… Մեծ Եղեռնը եթէ պիտի կատարուէր, թող կատարուէր ո՛չ թէ Սուրիոյ անապատներու տարածքին, այլ հո՛ս, հայրենի հողին վրայ… Թող ազգովին մեռնէինք, միայն թէ՝ մեռնէինք մեր տան սեմին, մեր ժամուն բակը կամ կամարներուն տակ» (էջ 83): Ան ափսոսալով հանդերձ անցեալի մեր սխալները, հաստատ համոզումով ու գիտակցութեամբ կ՛արտայայտուի պայքարի ճամբով հրաշքներ իրագործելու կամքի ու գաղափարի մասին: Ան դէմ է որ հայը հլու եւ հնազանդ՝ ոչխարներու պէս յանձնուի թշնամիի կամքին, լքէ իր պապենական հողերը ու դառնայ թափառական:
Յ. Ձորեցի կը հասնի Մելիտինէ կամ Մալաթիա, որուն մօտակայ բարձունքներուն վրայ ուշագրաւ է Էրմէնիքափու կիրճը, ուրկէ պատմութեան մէջ հայ հերոսները յաղթական անցած են ու նուաճած քաղաքը, հիմնելու համար հայկական թագաւորութիւն: Սակայն, կ՛ըսէ հեղինակը. «Դարեր ետք, անզէն հայ յետնորդները այդ հերոսներուն, թրքական բանակի մէջ յաղթանակներ շահած, բայց բանուորացուած (ամալէ թապուրի,- բանուորական վաշտ- Յ.Ի.) հայ զինուորներ, նոյն կիրճին մէջ, հազար հազարներով զոհ կ՛երթան թրքական հրէշութեան, կիրճը կամ Դուռը կը ներկուի հայոց արիւնով եւ կը դառնայ «Քանլը Կէչիտ» կամ Արիւնոտ Անցք եւ կամ Կարմիր Ձոր» (էջ 88): Աւելցնենք թէ հայ անզէն զինուորներու հազարներով նահատակութենէն կարճ ժամանակ ետք, թրքական անմարդկային բռնութիւններու տակ, իրենց զոհուած հարազատներուն արիւնը կոխկռտելով, դէպի անապատները քշուելու համար հոնկէ կ՛անցնին անոնց մայրերը, քոյրերը, հայրերը եւ կիներն ու մանուկները: Այսպիսով Հայաստան կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն, բացի անոնցմէ, որոնք պարտադրաբար կ՛իսլամանան: Ներկայիս այդ իսլամացած հայերը արթնութիւն կ՛ապրին եւ կը տենչան վերամիանալ հայ ազգին:
Հեղինակը իւրաքանչիւր քաղաք որ կը հասնի, անպայման կը մտաբերէ հայոց բռնագաղթերը ու հոնկէ անցած կարաւաններու տառապանքները: Ան իր կարդացած յուշագրական գրականութենէն դրուագներ կը յիշէ: Խարբերդի (Էլազիկ- թուրքերը այսպէս կը կոչեն քաղաքը- Յ.Ի.) փողոցներ շրջագայած ատեն հայ ծեր կնոջ մը կը հանդիպի, որ փլատակ եկեղեցիի մը քարերուն առջեւ կեցած կ՛աղօթէր: Այս մասին ան կ՛ըսէ. «Աղօթէ՜… աղօթէ ո՛չ միայն աւերակ, քարակորոյս ժամուդ համար, այլեւ փլատակ բոլոր ժամերուն համար, վանքերուն համար… աղօթէ Խարբերդին, Սեբաստիոյ, Մելիտինէի, Երզնկայի, Կարինի, Վանի, Կարսի եւ Արտահանի համար, աղօթէ՜ բռնագրաւուած ողջ հայրենիքին համար» (էջ 97):
Յ. Ձորեցի կ՛անցնի Երզնկա, Կարին եւ Օլթի, ուրկէ քիչ մը անդին Չամլը Կէչիտ կոչուած բարձունքներու ստորոտը կը գտնուի շատ հետաքրքրական հայկական աւանը, որ Օլուր կը կոչուի եւ որուն բնակիչները հայեր են: Հոն ցուցատախտակներու վրայ կը նկատէ թրքերէն բառեր որոնց յետածանց մասնիկները հայերէն են եւ կը կարդայ լատինատառ հայերէն բառեր: Ժողովուրդին լեզուն ալ կէս հայերէն եւ կէս թրքերէն է: Ան կ՛ըսէ. «Հոգիի պարտութէենէն ետք, ի՞նչպէս յաղթական մնացած է լեզուն… Յաղթական լեզուին շնորհիւ, ինչո՞ւ չէ յաղթանակած նաեւ հոգին…» (էջ 116):
Դէպի Կարս, Անի եւ Արարատ, որուն փէշերուն Ձորեցի ինքզինք հպարտ զգալով կ՛ըսէ. «Հիմա ես ալ այլեւս յաղթական կը նկատեմ ինքզինքս, Արարատին հասած ըլլալուս եւ իրմով զօրանալուս համար…» (էջ 130):
Հեղինակին ուղեւորութեան վերջին հանգրուաններն են Վան, Տարօն եւ Մշոյ դաշտ, որոնք աւերուած վիճակի մէջ կը գտնէ: Իբրեւ եզրակացութիւն՝ խօսելով իր յաջորդ ուղեւորութեան մասին ան կ՛ըսէ. «Ահա թէ ինչո՞ւ որոշած եմ երկրորդ ուղեւորութիւնս կատարել դէպի Արեւելեան Հայաստան, հասնիլ Երեւան, որպէսզի սիրտս նմանի անոր շէնութեան, շքեղութեան, մեր սրբացած նահատակներու կոթող շանթակուռ Սիւնին, անոնց հոգւոյն կրակով անշէջ Թոնիրին եւ Սարդարապատի հերոսներու յաղթանակը ղօղանջող նուիրական զանգերուն…» (էջ 142):
Յ. Ձորեցիի այս գիրքի հրատարակութենէն ետք այլ նմանատիպ գիրքեր ալ լոյս տեսան, սակայն աւելի քան կէս դար առաջ դէպի Հայաստանի արեւմտեան հատուածի բռնագրաւուած հողեր կատարուած այս ուխտագնացութեան յուշագրութիւնը, ներկայիս ալ կը պահէ իր թելադրականութեան այժմէականութիւնը։