Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Հայրս բարի ու խոնարհ
Կորաքամակ բայց ժպտուն
Չունեցածով իր շարք-շարք
Ունեցածովը շռայլ
Հայրս դպրոց չտեսաւ
Բայց սորվեցուց որ չ’ըսեմ
Չունիմ բառը ագահի
Չ’ըլլար բառը ծոյլերու:
Հայրս դերձակ պարզունակ
Ձեռքին քանակ ու մկրատ
Ձեւեց ուղին իմ կեանքի
Որ ես հպարտ հայ մ’ըլլամ …
Ու ես հպարտ քալեցի
Հայկեան լեզուն շրթներուս
Հայրենի սէր սրտիս մէջ:
Ես սիրեցի ամէն հայ
Հեռու մօտիկ ուր որ էր
Կարծես հայրս էր կ’ապրէր
Երբ հայերէն մին խօսեր …