Պէպօ Սիմոնեան – 30, Յունիս, 1981
Հոգիս լեցնող յոյզերս բոլոր թրջուած են արդ երջանիկ ցողով…
սիրտս կը խայտայ պտղատու ծառին բերկրալի դողո՜վ…
անթարթ թռչուններ իմ սաղարթներէս անդադար կ’երգեն ու կը ճռուողեն…
որքա՜ն գինով եմ սիրոյ բաժակէս վարարո՜ղ, յորդո՛ղ գարնան ճիչերէն,
փոքրիկ գարուններ սրտիս մէջ գրկած՝ հայր եմ ես արդէն…:
Զուարթ են ամէն գոյներն աշխարհիս՝ անգոյն խորշ չկայ…
աշխարհ մը ամբողջ ամփոփուած է զատ՝ սրտիս մէջ հիմա…
անջինջ ակօսներ պարտէզիս մէջէն սէրս ջրելով անդուլ կը վազեն…
գոյներով յորդուն գունառատ աշխարհ արարեր եմ ես ծիածաններէն…
ու երկու փոքրիկ ծիածաններս պարփակած իմ մէջ՝ հայր եմ ես արդէն…:
Ինչքա՜ն լոյսեր կան երազող տանս աննշմարելի իրերուն վրան…
լուսամուտներէս հոսող սպիտակ լոյսերը բոլոր կը մարին յանկարծ…
իմ սենեակիս մէջ աճող լոյսերէն, ծաղկող յոյսերէն մշտենջենական…
ու իրենց լոյսի անհուն շառայլէն կը պահեն երկար կանթեղս արծարծ,
երկու երկնառաք արեւիկներու լոյսով ողողուած՝ հայր եմ ես արդէն…:
Թաղարիս մէջ իմ երազին կանաչ շունչով կը հեւան, դողով կը շնչեն…
որ կարծես ծարաւ ծիլերն էին ծուփ՝ երբ արձակուեցան ծուէն առ ծուէն
տեսիլքիս ճերմակ հերկերուն մէջէն, հողերուս դեղին ցորեաններուն մէջ…
որպէս երազի կապոյտ ծուխ ու լոյս կը բարձրանան վեր օճախիս ծուխէն
ու երկու անջատ երազիկներու յոյսերով շնչո՛ղ՝ հայր եմ ես արդէն…:
Յոյսին մեղեդին ամէն առաւօտ լաւատեսութեան իր տաղը կ’երգէ …
ոչ մէկ շարական զիս այնքա՜ն կեանքին ու կեանքը ինծի չի մատուցաներ,
որքան ճիչերը՝ կեանքին ու գարնան յոյսի պէս բացուող իմ թիթեռներուս
երբ ճռուողիններ տանս խորշերէն յոյսին ձայները կը թռթռացնեն
ու երկու փոքրիկ, բայց շօշափելի յոյսերը ափիս՝ հայր եմ ես արդէն …:
Կեանքին խորհուրդը որպէս կեանք շնչող աւելի խորունկ ոչինչ կայ ուրիշ
քան ներշնչումիս շնչերակները, որ կեանք կը ջամբեն իմ երազներուս …
կեանքի երազի խորհուրդով լեցուն զիս ստեղծագործ իմ ակունքներուս
տանող կածաններ կը բանան անվերջ՝ ամուլ հողերս կը ծաղկեցնեն
երկու ներշնչո՜ղ ու զիս վարարո՜ղ մորճ շնչիկներու՝ հայր եմ ես արդէն …:
Հայր եմ ես արդէն, որ հայրացումի իմ շնորհքներով, սիրոյ շողերով
կ’ողողէ անհուն՝ կեանքի ծալքերուն տխրօրէն բացուած ամէն ճեղք ու ծերպ …
ամէն շփումէ ու համբոյրէ ետք … կեանքը ապրելու քաղցրութեամբ օծուն
կ’օծէ ամէն պահ բերկրանքի շիթով, գոհութեան անեղծ մեղեդիներով,
որ կ’արձագանգէ օճախիս բոլոր անտես խորշերէն.- Հայր ես դուն արդէն …: