ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ 11 Յուլիսին, կ․ե․ ժամ 4էն մինչեւ երեկոյեան ժամ 7-ը։ Անոր կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ առցանց եւ համաճարակին պատճառով, միայն փոքաթիւ մասնակցողներ ներկայ պիտի ըլլան հիմնարկէքին։
Կլենտէյլի քաղաքապետարանը 2018-ին, տարեկան միայն 1 տոլար վարձքով, քաղաքամէջը գտնուող տարածք մը շնորհեց թանգարանին, որ մաս պիտի կազմէ քաղաքին արուեստներու եւ ժամանցի տարածքին։ Հայ-ամերիկեան երկյարկանի թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
«Անհամբեր կը սպասենք հիմնարկէքին, որ առիթ մը պիտի ըլլայ համայնքին հետ տօնելու պատմական այս իրագործումը», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: