ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կրթական նոր տարեմուտի մը սեմին, սրտանց կը մաղթենք, որ մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ, մեր ազգային վարժարանները յաջողին լուսաւոր ելք մը գտնելով իրենց աշխատանքին համար, հաւատարմօրէն շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը:
Այսօր, կարիք չկայ յիշեցնելու, թէ ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի նաեւ Հայ դպրոցը, որ զրկուած ըլլալով սեփական նիւթական միջոցներէ ու կարելիութիւններէ, իր մարդակերտումի աշխատանքին համար, ամբողջութեամբ կ’ապաւինի ազնուասիրտ բարերարներու նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան։ Արդարեւ, մեր կեանքէն ներս ստեղծուած են նոր վիճակներ: Քայքայուած տնտեսութեան մը պայմաններուն մէջ, հայ ծնողն ալ կը դիմագրաւէ ապրուստ ապահովելու լուրջ դժուարութիւններ, եւ հետեւաբար, անկարող է հոգալու իր զաւակին դպրոցական ծախսը:
Տուեալ պայմաններուն մէջ Հայ աշակերտը հայ դպրոցէն ներս պահելու առաջադրանքով, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը 2020-2021 տարեշրջանին համար վճռեց անվճար ուսման կարելիութիւններ ստեղծել ազգային վարժարաններէն ներս, վստահ ըլլալով, որ հայ աշակերտին աջակից բարեկամներ եւ հայ կրթութեան սրբազան գործին պաշտպան բարերարներ, իրենց կարեւոր աջակցութեամբ կանգուն կը պահեն սերունդներու տեսիլքով կերտուած Հայ դպրոցն ու հայեցի կրթութեան սրբազան աւանդը:
Ուստի, այսու կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ 2002 թուականէն սկսեալ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու ծրագրին բերելիք ձեր մասնակցութեամբը օգնէք հայ աշակերտին եւ կանգուն պահէք հայ դպրոցը: Տարեկան 250 ամ․ տոլարով, դուք կրնաք մեր ազգային վարժարաններէն ներս հովանաւորել հայ աշակերտի մը կրթութիւնը, իսկ միահամուր զօրակցութեամբ, աւելի մեծ վստահութեամբ միասնաբար կրնանք նայիլ մեր ժողովուրդի ապագային:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, 961-1-258-301 հեռաձայնի թիւով կրնաք կապուիլ մեզի հետ եւ կամ [email protected] ել նամակի հասցէով մեզի գրել։
Լիայոյս ենք, որ պատրաստակամութեամբ կ՛ընդառաջէք մեր կոչին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ