ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
Հալէպի մէջ հայկական քանի՞ դպրոց կը գործէ ներկայիս։ Թուե՛նք.
1. Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարան (միջնակարգ ու երկրորդական)
2. Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարան (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական)
3. Կիլիկեան Ճեմարան (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական)
4. Կրթասիրաց-Չեմպէրճեան վրժ. (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական)
5. Հայ Աւետ. Բեթէլ վրժ. (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական)
6. Մխիթարեան վարժարան (մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ)
7. Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց վրժ. (մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ)
8. Ազգ. Միացեալ վրժ. (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան)
Այս ցանկին մէջ, որպէս հայապատկան դպրոց, նկատի կրնանք ունենալ նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարանը (Ազիզիէ թղմս., ծանօթ՝ «Ալ-Զանապէք» անունով) ու Հայ Կաթողիկէ համայնքին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանը (Թիլէլ պողոտայ, աւելի հանրածանօթ՝ «Ալ-Իյման» անունով), որոնք սակայն, դժբախտաբար, երկա՜ր տարիներէ իվեր կամովին հրաժարած են հայերէնի դասաւանդութենէն ու լրիւ կորսնցուցեր են իրենց հայկական դիմագիծը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին զոհ գացին մեր երեք ազգային պատմական վարժարանները՝ Հայկազեանը, Սահակեանն ու Զաւարեանը, որոնք աշակերտութեան նօսրացումին առ ի հետեւանք՝ խելացի դասաւորումով մը միացան իրարու ու գոյացուցին այժմու Ազգ. Միացեալ վարժարանը, իբրեւ դպրոցաշէնք օգտագործելով նախկին Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը (Սիւլէյմանիէ թաղամաս)։ Փակուած դպրոցներուն շէնքերը տխրօրէ՜ն կը մնան թափուր…։
Ուրեմն, ՈՒԹԸ դպրոցներ կը սպասարկեն հալէպահայ մեր երբեմնի շէն ու ստուարաթիւ գաղութին այսօրուան մնացորդացին։
Այս ութը դպրոցներն ալ կը սիրենք հաւասար չափով։ Խտիր չենք դներ մէկուն ու միւսին միջեւ։ Կ՛ուրախանանք անոնց յաջողութիւններով, ինչպէս որ կը տխրինք ու կ՛ընդվզինք՝ երբ նահանջ կամ ընկրկում տեսնենք անոնց երդիքին տակ…։
Այս դպրոցներէն ամէն մէկուն անուան յիշատակութիւնն անգամ՝ կը թրթռացնէ մեր սրտին լարերը ու անմիջապէս մեր մտահորիզոնին դիմաց կը կանգնեցնէ սիրելի դէմք մը կամ դէմքե՜ր։ Զորօրինակ, երբ Ճեմարանի անունը կու տանք՝ կը յիշենք հիմնադիր Զարեհ Սրբազանն ու անմոռանալի ուսուցիչ պր. Մկրտիչ Մկրտիչեանը, ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան վարժարանի անունին դիմաց՝ կը յիշենք խստաբարոյ տնօրէններ Երուանդ Ակիշեանն ու Ալեքսան Աթթարեանը, Կիլիկեան վարժարանի անունին դիմաց՝ կը յիշենք բարեհամբոյր Տ. Զարմայր քհնյ. Հինտոյեանն ու տիկ. Ազնիւ Քիրիշեանը, Կրթասիրացէն կը յիշենք անկրկնելի տնօրէն Գրիգոր Պօղարեանը, Բեթէլէն՝ հայր եւ որդի Հայտոսթեանները, Մխիթարեանէն՝ Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեանը եւ այլն։
Բոլոր դպրոցերը կը գրկենք՝ մեր թեւերը լայն բացած։
Ըսինք արդէն։ Վերոնշեալ դպրոցներէն ոմանք, մեր կարծիքով, կը գտնուին լուրջ ու ճակատագրական փորձութեան մը առջեւ, որովհետեւ ենթակայ են ԱՊԱՀԱՅԱՑՄԱՆ ԱՆԴԻՄԱԴՐԵԼԻ ԵՒ ՈՒԺԳԻՆ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԸ։ Ուշադի՜ր.- չըլլա՛յ որ ոմանք ցեղային խտրականութեան կայծեր տեսնեն մեր այս արտայայտութեան մէջ։ Կտրականապէս կը մերժե՛նք նման մեղադրանք մը։ Մենք ամբողջ կեանք մը ապրեցանք (ու ասկէ ետք ալ պիտի ապրինք) մեր տեղացի արաբ կամ արաբախօս սիրելի եղբայրներուն հետ, որոնց հետ կիսած ենք մեր հացը, մեր տագնապներն ու երազները։ Սակայն հայկական դպրոցը ԲՈՅՆ մըն է, որ միայն մե՛ր ընտանիքին կը պատկանի, անձնականութեան դրոշմ կը կրէ, այլ ընտանիքի մը հետ բաժանելի չէ՛ (ինչպէս որ մեր սեփական բնակարանը կամ ննջարանը չենք բաժներ որեւէ այլ ընտանիքի հետ)։
Բայց…, բայց…, կը թուի թէ ոմանք, «համաշխարհայնացում»ի քամիներէն ազդուած, արգելք մը չեն տեսներ իրենց բնակարանին դռները լա՜յն, շա՜տ լայն բանալու՝ ճամբէն անցնող ծանօթ-անծանօթ ամէն ճամբորդի առջեւ…։