ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՒՕ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ ՀԵՏ՝
ԾԽ. Տաղանդաւոր եւ երիտասարդ երաժիշտ,« էլեքթրիք» ջութակահար Աւօ Տեմիրճեան, համերգ մը կազմակերպած է 15 Ապրիլ 2016-ին, հանրածանօթ DEMCO հաստատութեան մէջ: Համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Գնահատելի այս նախաձեռնութեան նախօրէին, անհրաժեշտ նկատեցինք հանդիպում մը ունենալ Աւոյին հետ: Պայմանաւորուեցանք եւ հանդիպեցանք:
Աւօն սիրայօժար պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն, զորս կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
Հարց. Ո՞ր տարիքէն սկսեալ հետաքրրքութիւնդ սրած է երաժշտութեան հանդէպ: Ո՞վ Ձեզի մղած է երաժշտութեան:
Պատ. Մեր ընտանիքին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է երաժշտութիւնը: Ծնողքս երաժշտութեան հետ շփուած անձեր եղած են: Հայրս ջութակ կը նուագէր, մայրս՝ դաշնամուր: Մանկութիւնս այդ մթնոլորտին մէջ բոլորած եմ եւ բնականաբար ներշնչուած երաժշտութեան հանդէպ անոնց հակումէն: Քոյրս դաշնամուր կը նուագէ: Իրականութեան մէջ ան՝ շատ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի մըն է: Ալիսիան, ներկայիս կ’ապրի Լոնտոն: Ես այսպիսի միջավայրի մէջ հասակ նետած եմ: Հետեւած եմ դասական երաժշտութեան,երաժշտական ունկնդրութիւններու: Հինգ տարեկան էի, երբ հայրս՝ Աւետիսը զիս մղեց ջութակի դասընթացքներու: Խորքին մէջ շատ դժուար էր ջութակի գաղտնիքներուն տիրապետել: Այս մէկը կը զգայի ուսման տարիներուն, երբ առնուազն չորս ժամ կը խլէր իւրաքանչիւր դասընթացք: Հայրս բաւական սկզբունքային ըլլալով, զիս համոզեց որպէսզի անպայման տիրապետեմ այդ կախարդական գործիքին գաղտնիքներուն: Տասը տարի շարունակ հետեւած եմ ջութակի դասընթացքներու:
Երբ տասնհինգ տարեկան դարձայ, դադրեցուցի ջութակը եւ սկսայ «էլեքթրիք» կիթառի հետեւիլ: Տարի մը ամբողջ կիթառ նուագեցի: Սակայն այն համոզումին եկայ, թէ սխալ պիտի ըլլար երկար տարիներ ջութակի հետեւելէ ետք,զայն լքել եւ այլ գործիքի մը նուիրուիլ: Որոշեցի միջին ճանապարհ մը գտնել՝ դասական ջութակին եւ «էլեքթրիք» կիթառին միջեւ: Այս մտածումներուս եզրակացութիւնը դարձաւ «էլեքթրիք» ջութակը: Տասնվեց տարեկանէն մինչեւ օրս կը նուագեմ «էլեքթրիք» ջութակ:
Հարց. Կ’իմանամ, թէ դուք կը յօրինէք Ձեր նուագած կտորները:
Պատ. Այո ճիշդ է: Տասն եւ ութ տարեկան էի երբ կատարեցի առաջին փորձերս: Այդ տարիքիս,Լիբանանի մէջ կարգ մը բարեկամներու հետ կազմեցինք ARC ANE երաժշտական խումբը: Մեր առաջին երգապնակը հրապարակ իջաւ 2003-ին: Խումբը մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց եւ բազմաթիւ համերգներու հրաւէր ստացանք: 2006 Յուլիսին, Լիբանանի մէջ ծայր առած պատերազմին հետեւանքով մեկնեցայ Պոսթըն եւ հետեւեցայ տնտեսագիտութեան: Պատերազմի աւարտին անմիջապէս վերադարձայ Լիբանան: Պոսթըն կեցութեանս միջոցին, ուսման կողքին, ազատ ժամերս տրամադրեցի երաժշտութեան եւ անշուշտ՝ յօրինումներու: Ընդհանրապէս կը գրէի խմբային ստեղծագործութիւններ,որոնց մէջ անպայման նկատի ունէի ջութակը:
Լիբանան վերադառնալէ ետք, 2009-ին, երկու այլ երաժիշտներու հետ՝ Ճոն Լահամի եւ Գառնիկ Պաղտասարեանի կազմեցի EpiSode խումբը: Շուրջ չորս տարի, աւելի քան երեսուն հինգ համերգներ կազմակերպեցինք: Ընդհանրապէս մեր համերգները բարեսիրական ծրագիրներու կը յատկացնէինք: Եկաւ պահ, նախընտրեցի առանձին շարունակել երաժշտական ասպարէզը: Ժամանակը եկած էր, արտայայտելու իմ դրոշմս եւ ներշնչումներս կրող երաժշտութիւնը: Մօտ օրէն հրապարակի վրայ պիտի տեսնէք EpiSode անունը կրող տեսահոլովակ մը: Խորքին մէջ անոր երաժշտութիւնը սկսած եմ գրել EpiSode խումբին հետ գործակցութեան տարիներէն: Շատ գոհ եմ, որ վարպետ կատարողներու հետ ծանօթանալով, երաժշտական լայն փորձառութիւն ձեռք բերի, մինչեւ անհատական ասպարէզ մուտքս:
ՀԱՐՑ. Ինչո՞ւ որոշեցիք վերադառնալ ջութակին:
ՊԱՏ. «Էլեքթրիք» կիթառը բաւական հետաքրքրական ըլլալով հանդերձ, պահ մը եկայ այն համոզումին, որ ջութակն է իմ կոչումս, յատկապէս՝ «էլեքթրիք» ջութակը: Մինչեւ օրս կը փորձեմ ներդաշնակութիւն ստեղծել երկու գործիքներուն միջեւ:
Պոսթընի մէջ բաւական խորունկ բարեկամութիւններ հաստատեցի ծանօթ երաժշտագէտներու հետ: Արտասահմանի մէջ, իւրաքանչիւր երաժիշտ մշակութային դէմք մըն է ինքին եւ ուղղութեան մը ներկայացուցիչը: Լիբանանի մէջ դժբախտաբար կը բացակայի մշակութային կեանքի այս դաշտը: Մեծ երաժիշտներ ունինք, սակայն քիչեր կը գնահատեն, կամ կը հետեւին անոնց արուեստին:Այս իմաստով, Յարութ Ֆազլեանը իմ կարծիքով երաժշտական մեծ հեղինակութիւն մըն է: Յարութ Ֆազլեանը ծանօթ է իբրեւ դասական երաժշտութեան բեմավար, մինչդեռ, միաժամանակ շատ լաւ կը հասկնայ Ճազ եւ ռոք երաժշտութիւնը, լաւապէս իւրացուցած է երաժշտութեան տարբեր երեսները: Չեմ կասկածիր, որ Լիբանանի մէջ ունինք տաղանդաւոր երաժշտագէտներ: Դժբախտաբար, ժողովուրդը բաւարար տեղեկութիւն չունի այս արժէքներուն մասին,որովհետեւ մշակութային ենթահողը շատ մակերեսային է Լիբանանի մէջ :
ՀԱՐՑ. Երաժշտական ո՞ր խումբերը ներգործութիւն ունեցած են Ձեր վրայ:
ՊԱՏ. Շատ մը խումբեր , սկսելու համար Queen-էն: Աւելի ուշ՝ Փորքիուփայն Թրի, Սիմֆոնի Էքս, Տրիմ Թէյէթըր եւ այլ խումբեր: Իսկ իբրեւ նախատիպ, ունեցած եմ Անտրէ Ռիյէօն: Անտրէ Ռիյէօն մեծ ջութակահար մը ըլլաով հանդերձ, յաջողակ գործավար մըն է: Իմ կեանքիս ուղեցոյց ընդունած եմ Անտրէ Ռիյէօն: Ես ալ անոր նման կ’ունենամ բարեսիրական համերգներ:
ՀԱՐՑ. Ին՞չ կը փորձես արտայայտել ստեղծագործութիւններուդ մէջ:
ՊԱՏ. Մեր ամենօրեայ կեանքը, մտահոգութիւնները, զգացումները: Վերցնենք մօտերս հրապարակուելիք EpiSode տեսահոլովակը: Առաջին իսկ նուագէն, իւրաքանչիւր կտոր, կեանքի տարբեր հանգրուաններու մեկնաբանութիւն մըն է: Ծնունդ, մանկութիւն, կեանք, մահ, եւայլն: Փորձած եմ, տարիքի համապատասխան, անհատի մը զգացած ապրումները արտայայտել: Զանոնք կ’արտայայտեմ,այնպէս, ինչպէս կը զգամ: Հանդիսատեսին եւ ունկնդիրին զուտ ներշնչումներս կը փոխանցեմ: Այս իմաստով, շատ ուրախ եմ, որ թեւակոխած եմ ինքզինքս արտայայտելու հանգրուանը: Ուրախ եմ ստեղծագործութիւններովս: Կը փափաքիմ,որ հանդիսատեսը զիս ընդունի եւ ճանչնայ այնպէս, ինչպէս որ կը զգամ: Բաւական խորթ եմ առեւտրական,աժան երաժշտութեան: Իմ երաժշտութիւնս այսօր կրնայ չունենալ որեւէ պատգամ: Սակայն շատ հաւանաբար, կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին, պիտի մտածեմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երաժշտութիւն յօրինել: Այս մէկը արդէն պիտի ըլլայ պատգամ: Ներշնչումը նոյնքան անհրաժեշտ է պատգամ հաղորդելու իմաստով:
Նոր տեսահոլովակս կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել Վըրճին վաճառատան մօտ, Ապրիլի առաջին օրերէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ համերգի ընթացքին:
Միւս կողմէ, ինծի ցաւ կը պատճառէ դասական երաժշտութեան հանդէպ համընդհանուր անտարբերութիւնը: Դժբախտաբար, բոլոր երաժշտութիւններուն հիմնաքարը նկատուող դասական երաժշտութիւնը հետզհետէ տեղի կու տայ ժամանակակից աժան երաժշտութեան: Ժողովուրդը նուազ կ’ունկնդրէ դասական երաժշտութիւն: Ժողովուրդը կը հետեւի աժան, մակերեսային երաժշտութեան: Այսուհանդերձ, առեւտրական որոշ խումբեր ինչպէս «Ռատիոհետ»ը եւ «Գոլտփլէյ»ը կը ներկայացնեն որակ եւ ինքնութիւն:Բայց ես կը զարմանամ եւ կը ցաւիմ Ճասթին Փիփըրի նման անձերու գտած յաջողութեան, շատ ցաւալի է..:
Հարց. Սերժ Թանքեանը 2012-ին Պէյրութ այցելեց: Նոյն բեմին վրայ նաեւ վայելեցինք Ձեր ելոյթը :
Պատ. Այո, Սերժ Թանքեանը Լիբանան եկաւ 2012-ին եւ միեւնոյն բեմին վրայ տեղի ունեցաւ երեք փուլերէ բաղկացող համերգ մը:EpiSode խումբը առաջին մասը կատարեց: Այլին Խաչատրեանը՝ երկրորդը եւ Սերժ Թանքեանը՝ երրորդը: Գործակցութիւնէ աւելի, նոյն բեմին վրայ համերգ մըն էր պարզապէս:
Հարց. Վերադառնանք DEMCO հաստատութեան մէջ բարեսիրական նպատակով, 15 Ապրիլ 2016-ին նախատեսուած Ձեր համերգին: ին՞չ է համերգին նպատակը:
Պատ.. Այս համերգը կը հետապնդէ քանի մը նպատակներ: Կ’ուզեմ նշել,թէ արդէն երկու տարի անցած է հրապարակային վերջին համերգէս: Հանրութիւնը առիթը պիտի ունենայ ծանօթանալու նոր տեսահոլովակիս: Երրորդը եւ ամենակարեւորը՝ իմ կողմէ, օժանդակութիւն մը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Լիբանանահայ համայնքին համար բաւական կարեւոր եւ լուրջ մտահոգութիւն դարձած է մեր այսօրուան կրթական իրավիճակը: Մտադրած եմ երաժշտութեան ճանապարհով նպաստս բերել մեր համայնքը յուզող այս կարեւոր հարցին: Նախապէս՝ Քաղցկեղի եւ Սրտաբանական Կեդրոններուն , «Ժպիտ» ճաշարանին եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու համար կազմակերպած եմ համերգներ:
Կը մաղթեմ, որ հայ համայնքը քաջալերէ եւ մասնակցի այս համերգին: Համոզուած եմ, որ մենք պարտաւոր ենք գործելու իբրեւ հաւաքականութիւն: Մենք պէտք է գիտակցինք՝ հայ ըլլալ չի նշանակեր գոյն ունենալ: Հայ ըլլալը նախապատուութիւն մըն է, Իսկ համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ օժանդակութիւնը՝ հրամայական: Այս համերգը բոլոր հայերուն համար է: Ուրախ եմ իմ հայկական արմատներուս եւ պատասխանատուութիւն մը ունիմ իմ համայնքիս հանդէպ: Համերգին նպատական ալ ճիշդ այդ է:
Հարց. Սրտցաւ մատնանշումներ: Անկասկած DEMCO հաստատութեան մէջ պիտի հանդիպինք 15 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան: Մինչ այդ, ընդունեցէք ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններու մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Պատ. Շնորհակալութիւն