Հայ թատրոնը կորուստ մը եւս կրեց: Երեւանի մէջ մահացաւ հայ թատրոնի, ֆիլմարուեստի նշանաւոր վարպետ, ասմունքող , Խորհրդային Միութեան Ժողովրդային Արուեստագէտ Վլատիմիր Ապաճեանը: Ան 86 տարեկան էր: Հայաստանի Թատերական Գործիչներու Միութիւնը, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնը խոր վշտով գուժեցին տաղանդաւոր արուեստագէտին մահը:
Վլատիմիր Ապաճեան ծնած է 27 Նոյեմբեր 1927-ին, Շիրակի մարզի Շիրակ գիւղը: Ան՝ նշանաւոր արուեստաբան Գէորգ Ապաճեանի եղբայրն էր: 1951-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական ինստիտուի դերասանական բաժինը եւ նոյն թուականին աշխատանքի ընդունուած է Սունդուկեանի անուան թատրոնը: Վլատիմիր Ապաճեան այս թատրոնին մէջ ստեղծած էր մօտաւորապէս յիսուն նշանակալի դերատիպարներ, նկարահանուած է տասնեակաւոր ժապաւէններու մէջ: Ան կը նկատուէր ազգային ասմունքի մեծագոյն վարպետներէն մէկը:
Իր բազմամեայ ծառայութիւններուն համար, 1998-ին Վլատիմիր Ապաճեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» մետալով: