Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը էապէս պիտի զօրացնէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, կը գրէ «Սթրեթֆոր» (Stratfor) վերլուծական թերթը։
«Յստակ չէ, թէ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում տեղի պիտի ունենա՞յ, որովհետեւ երկիրներէն որեւէ մէկը չի փափաքիր փոխել իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առնչութեամբ։ Սակայն, յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը բանայ անոնց միջեւ փակ սահմանները, տնտեսական օգուտ կը բերէ երկու կողմերուն եւ էապէս կը մեծցնէ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Բանակցութիւնները ինքնին կ՛ազդարարեն, որ Ռուսիա պէտք է աւելին ընէ Հայաստանի համար, եթէ յոյս ունի ուշացնել իր ազդեցութեան անկումը Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ Թուրքիա պէտք է օգտագործէ բանակցութիւնները՝ զսպելու համար Ատրպէյճանը, որ փոխադրական ուղիներու եւ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններուն Հայաստանին չափազանց շատ պահանջներ չներկայացնէ։ Այս քայլը կրնայ նպաստել Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու բարելաւման, յատկապէս Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ, որովհետեւ ամերիկեան կառավարութիւնը տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ բարելաւելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները; Թուրքիոյ կառավարութեան անհրաժեշտ է ելեւմտական եւ քաղաքական աջակցութիւն, զորս կրնայ ստանալ այնպիսի հզօր գործընկերներէ, ինչպիսիք են Ամերիկան եւ Եւրոպական Միութիւնը, որոնք կը գնահատեն ռազմական գործողութիւններու առանցքային թատերաբեմին վրայ Ռուսիոյ հակազդելու Թուրքիոյ գործողութիւնները», կը գրէ թերթը։