Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2019-ին, Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ:
Հանդիպումը սկիզբ առաւ ս. պատարագով, որ մատուցեց վարժարանի տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահ: Խաչվերաց տօնին առիթով ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Ս. Խաչի կարեւորութեան ու անդրադարձաւ անոր դերակատարութեան` իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ, մանաւանդ` ուսուցիչներուն: Պատիշահ մաղթեց, որ բոլորս սկսինք տարեշրջանը խաչի օրհնութեամբ` ունենալու համար արդիւնաբեր դպրոցական տարեշրջան մը:
Հանդիպման առաջին նիստը կայացաւ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանի, որ Տէրունական աղօթքով ժողովին բացումը կատարեց, ապա բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, պաշտօնապէս ներկայացուց Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի տնօրէնութիւնը` տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահ եւ ընդհանուր մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան, որմէ ետք ան անդրադարձաւ սերունդներ դաստիարակելու կոչուած ուսուցիչին դերակատարութեան` նշելով, որ ուսուցիչը պէտք է ունենայ հեղինակութիւն, ըլլայ խոնարհ, համեստ ու օրինակելի անձնաւորութիւն, որպէսզի կերտէ կրթեալ ու դաստիարակուած սերունդ մը: Գերապայծառը խօսքին աւարտին փոխանցեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնները, որմէ ետք խօսքը տուաւ Արամ Գարատաղլեանին:
Գարատաղլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այսօր հայ վարժարանը օժտուած է ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն դէմ կանգուն մնալու տուեալներով` լիբանանեան, ամերիկեան, արուեստից եւ յատուկ պահանջներ ունեցող աշակերտներու մշակուած ծրագիրներով: Վարժարանը աշակերտներուն կ՛ընծայէ` լաւորակ ուսում, ապահով միջավայր, հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն եւ լաւագոյն կահաւորում, իսկ ուսուցիչներուն` ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ, մաքուր ու ապահով միջավայր եւ յառաջդիմութեան առիթներ: Ան պաստառի վրայ ներկայացուց վարժարանի նորոգութիւնները, քննարկեց պետական արդիւնքները, գնահատեց ու շնորհաւորեց ուսուցիչներուն անխոնջ ու պարտաճանաչ աշխատանքը:
Նիստի Ա. փուլին յաջորդեց մտերմիկ ու ճոխ ճաշ մը, որուն մթնոլորտը կրկնակի խանդավառեց վարժարանի ուսուցիչ Ռաֆֆի Տէր Առաքելեան` դաշնամուրի վրայ նուագելով հաճելի մեղեդիներ:
Բ. փուլին Արամ Գարատաղլեան ներկայացուց 2019-2020 տարեշրջանի իրագործելիք ծրագիրները, առաջնահերթութիւն նկատեց կրթական արդիական ձեւերու կիրարկումը, կարգապահական միջոցներու գործադրման ու հետապնդման, որմէ ետք առիթ տուաւ ուսուցիչներուն` իրենց առաջարկները կամ հարցերը ներկայացնելու, ապա շնորհակալական խօսքերով փակեց նիստը` հաճելի օրը շարունակելու համար հայր Գրիգորի առաջնորդութեամբ շրջելով մայրավանքի թանգարաններն ու գինիի մառանը, որպէսզի բոլորը ծանօթանան հայ կաթողիկէ համայնքի դարաւոր հոգեւոր հարստութեան ու արժէքներուն: