ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Տէր Զօրի քամին
Մանկան ոսկորից սրինգ էր սարգել
Եւ արշալոյսի խաղաղութեան մէջ
Սուլում էր մահուան անմահ նուագներ»
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
Ընծայարանի գրականութեան ուսուցիչը Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը նկարագրած էր հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործած այս չորս տողերուն մէջ:
Սուրիական անապատի ամրան կիզիչ արեւածագին, անծայրածիր աւազներուն վրայ իր շոգն ու լոյսը սփռող արեւուն ուղղութեամբ ընթացող ինքնաշարժին մէջ Մինաս աբեղային առաջին թաղման կարգը կատարելու ճանապարհորդութիւնն էր` դէպի հայոց գողգոթայի մերձակայ Մայատին գիւղաքաղաքը:
Ճգնաւորի քառասնօրեակէն ետք, երբ կը պատրաստուէր իր անդրանիկ ս. պատարագը մատուցել` նորընծայի ապրումներով ներշնչուած, ծննդավայրի հնադարեան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաջին անգամ ընթերցուած կարդացած էր Ճրագալոյցի երեկոյեան, առաջնորդ սրբազան հօր եւ երկու ազգայիններու հետ անակնկալ հանդիպումէն ետք, այլ դասաւորումի մը դէմ յանդիման գտած էր ինքզինք:
Ծրագիրը փոխուած էր, աշխարհականի հագուստով եւ երիտասարդական աղուամազ մօրուքով պիտի կատարէր իր կրօնական առաջին պարտականութիւնը` ծածուկ աղօթքներով եւ աննշան մասնակցութեամբ:
Հորիզոնին վրայ արեգակի բարձրացումին հետ ջերմաստիճանն ալ կը բարձրանար` անապատի տխուր պատմութեան խորհուրդն ու ցեղին տառապանքը աւելի շօշափելի դարձնելով:
Եօթանասունհինգ տարիներ առաջ ամբողջ ազգ մը այս գեհենի բնակիչը եւ բնաջինջը եղած էր, հեռուն արդէն կը տեսնուի Եփրատը, որուն մասին շատ բան կարդացած էր ան… Եփրատը լոկ գետի մը անունը չէ, անոր ակունքները` անհասանելի եւ բռնագրաւուած, սակայն բարիքը` յորդառատ, շրջանի ժողովուրդներուն համար:
Այս մտորումներուն մէջ խօսակիցը` Ապու Կարոն, ղեկին ետեւ նստած, մերթ ընդ մերթ կ՛անդրադառնար իրենց առաքելութեան:
Ճարտարարուեստի քաղաք Հալէպի մէջ հանրածանօթ անուն մըն էր ան, ինչպէս բոլոր հայերը` իրենց արհեստներով, ոմանք ոստումներով հասած էին յայտնի գործարանատէրերու շարքին, ուրիշներ արուեստի մակարդակի հասցուցած են իրենց ձեռակերտները:
Տարիներ առաջ, նախակրթարանի աւարտական հանդէսին առիթով, որպէս վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին անդամ, յաճախ տեսած էր իր ընկերակիցը, որ այսօրուան ննջեցեալին ընտանիքին բարեկամն էր:
Եփրատի նորակառոյց կամուրջով կը հատէին ջուրը եւ մուտք կը գործէին Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանը, քարտէսի վրայ գետերով շրջապատուած հիւսիսարեւելեան եռանկիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան հետքերով եւ յիշատակներով ողողուած այդ տարածքը այսպէս կը կոչուի:
Ննջեցեալի անդրանիկ որդին` Ապու Նիտալը, մօրենական կողմէ հայկական արմատներ ունէր. այսպէս յայտնեց Ապու Կարոն` աւելցնելով, որ պետական վերնախաւի կարկառուն դէմքերէն, ապահովական կառոյցի մը պատասխանատուն էր ան, նահապետական գերդաստանի մը աշիրաթապետի զաւակը: Ապու Կարոյի հետ անոր ծանօթութիւնը շուրջ երեսուն տարիներու վաղեմութիւն ունէր, տխուր յիշատակներով ծնունդ առած, ապա` արիւնակից եղբայրներու յարաբերութեան վերածուած:
Տէր Զօր… Առաջին անգամն էր, որ աբեղային էութիւնը կը սաւառնէր հայոց գողգոթայի այս սրբավայրի երկինքով, քանի մը տարի առաջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսին օրհնութեամբ, հիմը դրուած էր Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին, Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի անմիջական հոգատարութեամբ ընթացքի մէջ էին շինարարական աշխատանքները, ընկերակիցն ալ այդ գործի պատասխանատուներէն էր: Երկխօսութեան ընդմէջէն քաղած տեղեկութիւններէն կը զգար, որ իր առաքելութեան առիթը ոգեղէն վկայութիւնն էր այդ քարեղէն կառոյցին, սակայն այսօրուան պարտականութեան գաղտնապահութիւնը պիտի զրկէր զիրենք այսպիսի ուխտագնացութենէ մը:
Մինչ ինքնաշարժով մուտք գործեցին քաղաքամէջ, ուր մօտէն կ՛երեւէր երկինք բարձրացող հայկական կաթողիկէի պեթոնէ կմախքը, հոգւոց մը մտաբերելով` շարունակեցին իրենց ճամբորդութիւնը:
Անապատի մէջ մահուան ճիրաններէն ազատած պատանիներ եւ մանկամարդուհիներ որպէս հովիւ կամ աղախին` առնուած էին տեղացիներու մօտ. այդ սերունդին մնացորդացներէն էր նորոգ ննջեցեալ Սարուաթ Հանըմը, որուն իսկական անունը Սրբուհի էր: «Սրբուկ» պատասխանած էր ան, երբ անունը հարցուցած էին եւ տեղւոյն վրայ Սարուաթի վերածած էին հազիւ տասնամեակ մը բոլորած որբուկը:
Երիտասարդութեան սեմին ան դարձած էր աշիրապետի չորրորդ կինը` ապրելու գնով շարունակելով այս դառն ճակատագիրը: Կրօնական սովորութիւններու ընկալումով եւ տեղական նիստ ու կացին յարմարելով հանդերձ, անոր ոգիին մէջ տակաւին կ՛եռային հայրենի հողին, հարազատներուն եւ տարեկիցներու հետ գիւղական դպրոցի յիշատակները:
Սուլում է քամին ու երգում ահեղ,
Որ աւազի տակ
Թաղուած են աստղեր ու մարգարէներ…
Մանկական ոսկորը այլ կերպ, սրինգի փոխան, այսպիսի ճակատագիրի ենթարկուած է երբեմն® Դէմքին վրայի դաջուածքներով, անապատի արաբներու յատուկ տարազով, ներկայ եղած էր Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած նոր համալիրի հիմնարկէքի արարողութեան` ճակատագրակից խումբ մը տարեց կիներու հետ:
Մայատինի երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, որդին` Ապու Նիտալը, մայրաքաղաքի ոստիկան-զօրաց սպայից վարժարանէն շրջանաւարտ, նշանակուած էր Փալմիրի բանտապետ:
Այստեղ Ապու Կարոյին խրոխտ ձայնը ստացաւ յուզական երանգ մը. արդարեւ, տխուր յիշատակներու պեղումի պահն է, այնտեղ ապրած սեւ օրերուն մասին խօսիլը այնքան ալ հաճելի չէ, բանտապետը հաշտ աչքով չէր դիտեր բուռ մը հայերու քաղաքական գործերով զբաղելու եղելութիւնը, նորանկախ հայրենիքի եռացող կաթսային մէջ քաղաքական իրերայաջորդ յեղաշրջումներու իբրեւ արդիւնք` տեսակաւոր ուղղութիւններու հետեւորդներ «կը հիւրընկալէին», որոնց մէջ հայկական ծագումով քաղաքացիներու ներկայութիւնը տարբեր բնոյթ ունէր:
Այս խորթութիւնը համապատասխան վերաբերմունքի ենթարկուած էր, մինչեւ այն օրը, երբ Ապու Նիտալ, արձակուրդէն վերադարձին, հազիւ գրասենեակը մտած, թիկնազօրին պատուիրած էր հանդիպումներու սենեակ կանչել հայ տղաքը: Անսպասելի եւ տարօրինակ վերաբերմունք մը, որ ներողամտութիւն խնդրելու համ ունէր:
Կէս դար իր հայկական արմատներէն խզուած Սրբուհիին էութիւնը ցնցուած, գունաթափած եւ անդրանիկ զաւակին թեւերուն մէջ հազիւ կարողացած էր անկողին իյնալ, երբ մտերմիկ զրոյցի պահուն Ապու Նիտալ պատմած էր բանտարկեալ հայ երիտասարդներու մասին: «Էրմէն» բառը, որ տղուն բերնէն հասաւ մօրը ականջին, սուր մըն էր, որ խրած էր իր սրտին. «էրմէն» (հայ), դեռ ապրող հայե՞ր կան ուրեմն», իսկ ինք` հաշտուած վիճակին, իր ճակատագիրին դառնութիւնը կ՛ապրէր` շրջապատուած աստուածային բարիքներով, որդիներով, հարսերով եւ թոռներով: Զաւակին կողմէ այս անակնկալ յայտնութիւնը մղձաւանջ մը յառաջացուցած էր. որդին անբնական նկատելով մօրը վիճակը` անմիջապէս կռահած էր, որ թաքուն բան մը կը յայտնուէր. մայրը չդիմանալով` բացայայտած եւ պատմած էր իր ողբերգութիւնը:
Յաջորդող օրերուն մինչեւ աշխատանքի վերադարձը մօրը հոգեկան խռովքը ամոքելու ճիգերը արդիւնաւորուած էին, երբ անոր խնդրանքին ընդառաջելով` խոստացած էր ազնիւ վերաբերմունք ցուցաբերել իր, այսպէս կոչուած, «քեռի»-ներուն հանդէպ: «Ասոնք քու եղբայրներդ են», հաստատած էր մայրը` սպառնալով. «Կաթս հարամ կ՛ընեմ քեզի»:
Մինչ Ապու Կարոն կը շարունակէր պատումը, իր ժողովուրդին ողբերգութեան շօշափելի մէկ պատկերին մասին ունկնդրող աբեղան հոգեփոխութիւն մը կ՛ապրէր, ծառայութեան ընդարձակ անդաստանին մէջ այսպիսի սկիզբ մը կրկնակի օծում ստանալու համազօր արարողութիւն մըն էր, թէկուզ` ծածուկ, հանգուցեալին անուան` սրբուհիի իմաստով, ննջեցեալի մը թաղումը կատարելը, բախտաւորութենէ անդին, ուրիշ բան մըն էր, աստուածահաճոյ առաքելութիւն մը:
Կը մօտենային Մայատին քաղաքին` Տէր Զօրէն դէպի հարաւ, Ապու Կարոն յաճախ եղած էր անոնց տունը, ուրախ առիթներով անոնք կ՛ընդունէին դուրսէն եկող հարազատներ ու բարեկամներ, սուրիական անապատին մէջ հիւրընկալութիւնը պարտաւորութիւն մըն էր, հարսանեկան առիթներով ոմանք այլ ազգականներու կամ բարեկամներու տուները կը փոխանցէին եկուորները, այստեղ պանդոկի երեւոյթը տակաւին առկայ չէ: Այս պատճառով Ապու Կարոյին եւ իրեն ընկերակցող երիտասարդին ներկայութիւնը խորթ չէր կրնար ըլլալ Ապու Նիտալին տան մէջ:
Իր հարազատ եղբօրը նման ողջագուրուելէ ետք, Ապու Նիտալ կարիքը չզգաց ծանօթանալու ընկերակից երիտասարդին` անոր ներկայութիւնը բնական պահելու ճիգով, բազմութիւն մը կար տան շուրջ, լուացման եւ պատանքի աշխատանքները աւարտած էին, մզկիթի կէսօրուան աղօթքին պիտի հասնէին, հանգուցեալին ննջարանին մէջ տան կարգը կատարելը դասաւորուած էր, Մինաս աբեղան, հայ եւ արաբ երկու եղբայրները միայն ներկայ պիտի ըլլային:
Քառասուն օրեր առաջ իր ճակատին դրոշմուած միւռոնի բուրմունքը զգաց ռունգերուն, որ բալասանի եւ այլ հոտաւէտ ծաղիկներու իւղերով պատանքէն կու գար, մկրտութենէն իննսուն տարիներ ետք Սրբուհին կ՛արժանանար հայ կղերականի մը թաղման աղօթքներուն, Աստուծոյ երիտասարդ ծառան, կոկորդը սեղմուած, արցունքները զսպելով, մեղմ ձայնով կատարեց ննջեցեալ մայրիկին վերջին խնդրանքը:
Հիմա աշիրաթապետի չորս կիներէն վերջինն ալ կը միանար իրեն անդենականին մէջ, մզկիթի եւ գերեզմանատան առաքելութիւնը ծածուկ աղօթքներով կատարուեցաւ, զուգահեռաբար, մոլլային բարձրաձայն կանչերուն եւ Քուրանի ընթերցումներուն:
Հայ բանտարկեալներու առիթով կատարուած բացայայտումը մնաց մօր եւ զաւակի միջեւ գաղտնիք մը, շրջանի մտայնութիւնը եւ իր քաղաքական դիրքը այդպէս կը պահանջէին:
Բանտային կալանքի աւարտին Ապու Նիտալ երեք հայ տղոց ընկերակցած էր Սրբուհի մայրիկին այցելութեան, անոնց ծանօթացումը առիթ մը եղաւ աղօտած յիշատակներ պեղելու, ի յայտ եկաւ, որ Ապու Կարոյի հայրն ու Սրբուհին Տիգրանակերտի շրջանի Հայնէ գիւղէն կը սերէին, այլ տեղեկութիւններ կամ յիշատակներ չկային, հաւանաբար հարազատներ ըլլային:
Ապու Նիտալի պաշտօնի բարձրացումին հետ տարիներու ընթացքին սերտացան փոխադարձ յարաբերութիւնները Ապու Կարոյին հետ` հայ համայնքի դիմաց փակ դռներու գաղտնի բանալին հանդիսանալով:
Ամրան երկար օր մը, երբ անապատի արեւը չի յոգնիր, արշալոյսէն առաջ դուրս եկան հնամեայ քաղաքէն, մայրամուտի վերջին շողերուն հետ կը վերադառնային տուն: Կիրիկնամուտի ժամերգութեան յաջորդ օրուան պատարագիչ աբեղան բացակայած էր, սակայն` կղերական նոր կեանքի սկզբնաւորութեան վսեմագոյն պարտականութիւնը կատարած:
Ժընեւ