Մեծայարգ Պրն Ռոպէր Հատէճեան
Պատասխանատու խմբագիր
Նոր Մարմարայի
Պոլիս,Թուրքիա
Սիրելի Պրն. Հատէճեան,
Մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին՝Պոլիս՝ձեր խմբագրատան մէջ՝զրուցեցինք շատ մը նիւթեր։ Եւ ինչ խօսք որ իւրաքանչիւր մեր հանդիպումին՝միշտ ալ նոր նիւթ եւ նիւթեր ունեցած ենք արծարծելու եւ նաեւ բաժնեկցելու։ Բայց մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին՝ձեր մէկ յիշատակումը եղաւ շատ դիպուկ։ « Հայ մամուլէն տակաւին չեմ կշտացած»։
Բայց ինչպէս՞ կրնայ Պրն. Հատէճեան կշտանալ մամուլէն երբ ինք միշտ նոր բան մը ունի տալու մամուլին եւ նոյնքան ալ ստանալու անկէ։ Առնելու եւ տալու այս գործընթացքին մէջէն եթէ մամուլի առաքելութիւն մըն է ստեղծուածը՝ բայց շատ աւելին։ Հայկական մամուլի աշխարհ մըն է Նոր Մարմարան՝եւ որուն մէջ իւրայատուկ կեանք մըն է որ շինած է Պրն Հատէճեան եւ որ մինչեւ օրս տակաւին «չի կշտացուիր»։ Եւ այս «չի կշտանալու»տրամադրութիւնը ու անոր կեանքը Նոր Մարմարան հասցուց մինչեւ այսօր՝իր ութցուն երկար տարիներու պատուական ամեակին ու տարեդարձին։
Հայկական Պոլիսը եւ անոր ազգային բազմաշերտ ժառանգը նոյնինքն հայ ժողովուրդին մեծ մշակութային հարստութիւններէն մէկն է։ Այո՝հայկական Պոլիսը աւանդ մըն է հայուն եւ որուն մէջ մամուլը իր շատ կարեւոր դերը ունեցած է եւ տակաւին։ Եւ Նոր Մարմարան այս իմաստով՝հայկական այս մշակութային հարստութեան կերտումին մէջ ունեցած է եւ մինչեւ այսօր շատ կարեւոր ներդրում։ Եւ Պրն Հատէճեան այն յոգնիլ չի գիտցող նուիրեալներէն է՝որ այս ազգային ժառանգին կերտումին եւ պահպանումին մէջ ունի մեծ մասնակցութիւն։
Եթէ պիտի շնորհաւորենք Նոր Մարմարայի ութսուն ամեակը, Պրն Ռոպէր Հատէճեան եւ բոլոր աշխատակազմը,անցեալէն մինչեւ այսօր, որոնք այս շատ երկար նուիրական ճանապարհորդութեան մէջ մնացին զգաստ եւ նաեւ հաւատարիմ։ Զգաստ հայկական արժէքին եւ հաւատարիմ հայ լեզուին եւ գիրին։ Եւ այս զգաստութեան եւ հաւատարմութեան մէջ է որ հայուն պատմութիւնը կը կերտուի, կը պահպանուի եւ կը շարունակուի։
Մեր մաղթանքն է որ Պրն Հատէճեան երբեք «չի կշտանայ» հայ մամուլէն։ Եւ ան շարունակէ կերտել հայ մամուլի միչոցաւ, հայուն ազգային եւ մշակութային արժէքը եւ անոր գիտակցութիւնը։
Շնորհաւոր ութսուն ամեակ Նոր Մարմարայի։ Ուժ եւ կորով Պրն Ռոպէր Հատէճեանի եւ անձնակազմին։ Մեր աղօթքը եւ մաղթանքն է որ նորանոր ամեակներ կերտելու տեսլականով շարունակէ Նոր Մարմարան։
Յարգանքով եւ երախտագիտական զգացումներով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
10 Սեպտեմբեր 2020