Անգլերէն բաժնի զրուցավարն էր Ռուբէն Ճանպազեանը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր), որ բեմ հրաւիրեց Ճորճի-Անն Օշականը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր)` ներկայացնելու համար «Մամուլն ու երիտասարդութիւնը, լեզուական դժուարութիւնն ու այլալեզու մամուլին դերի արժեւորումը» նիւթը, ապա «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»-ի փոխ խմբագիր Արամ Արքունը` «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները: Տեղեկատուական անվտանգութիւնն ու լրատուութեան հաւաստիութիւնը» նիւթերը:
Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անգլերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթերու կարեւորութեան եւ մասնաւորաբար ներկայիս անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս` «Արմինիըն Ուիքլի»-ին: Ան նաեւ ներկայացուց Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem.com, որ միեւնոյն նպատակին ծառայելու կոչուած է, եւ որ արդիական շունչով կը գործէ, անգլերէն լեզուով է եւ նպատակ ունի հասնիլ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան:
Անգլերէն բաժինի առաջին զեկուցաբերն էր Ճորճի-Անն Պաղրամեան, որ անդրադարձաւ թերթի կարեւորութեան, յատկապէս հայ թերթին` հայկական ինքնութեան պահպանման եւ արմատներուն կառչածութեան իմաստով: Ան շատ խիզախ քայլ նկատեց անգլերէն լեզուով հայկական թերթ հրատարակելու որոշումը` դիտել տալով, որ անիկա նոր սերունդը գրաւելու եւ անոր կողքին կանգնելու քայլ մըն է, նաեւ կամուրջ` հայութեան եւ հայկական իրականութեան կապող, երիտասարդութեան նկատմամբ հաւատքը ամրապնդող: Ըստ անոր, այլապէս, անգլիախօս երիտասարդութիւնը անտեսուած պիտի զգար եւ քիչ-քիչ հեռանար հայկականութենէ, իսկ այսպիսով իրենք եւս մամուլին մէջ դեր ունենալու, արտայայտուելու, տեսակէտ յայտնելու կարելիութիւն ունեցան:
Ճորճի-Անն Պաղրամեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ պարագան այն երիտասարդներու, որոնք, թէեւ հայերէն կը խօսին, սակայն անոնք կը նախընտրեն անգլերէն կարդալ ու գրել, ուստի նման թերթ մը այդ իմաստով լաւ առիթ ու կարելիութիւն եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ: Անոր համաձայն, «Արմինիըն Ուիքլի»-ն նաեւ համախմբողի դերակատարութիւն ունեցաւ, կապ եղաւ օտարախօս երիտասարդութեան եւ հայկական համայնքին, Հայաստանին եւ Հայ դատին միջեւ, հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցող աղբիւր հանդիսացաւ, մանաւանդ որ անգլերէնով բազմաթիւ ապատեղեկատուութիւն կրնայ տարածուած ըլլալ համացանցին վրայ:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Արամ Արքուն, որ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք նաեւ իրենց հետ կը բերեն տարբեր մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ` պատճառ դառնալով նոյնիսկ թերթերու փակման, որովհետեւ տնտեսական ծանր կացութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին անոնք: Ան անդրադարձաւ ամերիկահայ իրականութեան մէջ ապրողներուն համար ստեղծուած նոր ակնկալութիւններուն եւ կացութիւններուն, որոնց կարգին է անգլերէն լեզուով հայկական թերթի հրատարակութիւնը, որով կապ պիտի հաստատուի հայութեան, հայկական մշակոյթին եւ զարգացումներուն հետ: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ թերթերը կարելի եղած է հրատարակել, գոհացնել նոր սերունդին ակնկալութիւնները:
Արամ Արքուն խօսեցաւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի կողմէ ստեղծուած լայն հորիզոններուն, նիւթերու բազմազանութեան, հայկական իրականութեան հետ կամրջումի դերակատարութեան մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ անգլերէն լեզուով լոյս տեսնող հայկական թերթերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յատկապէս` թարգմանական առումով, որովհետեւ բազմաթիւ լուրերու բնագիրը հայերէնով է, մարդուժի բացակայութիւն կայ եւ այլն: Բայց եւ այնպէս ան շատ մեծ նկատեց այս թերթերուն դերակատարութիւնը` հայութեան ինքնութիւնը նոր սերունդին մէջ վառ պահելու, զանոնք հայկական համայնքին կապուած պահելու իմաստով: Արամ Արքուն խօսեցաւ նաեւ համացանցային եւ ընկերային հարթակներու ներկայ զարգացումներուն մասին, որոնց լոյսին տակ եւս թերթերը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք` հակառակ սահմանափակ կարելիութիւններուն, նիւթական ոչ այդքան դիւրին վիճակներուն:
Արամ Արքուն իր խօսքը եզրափակեց` շեշտելով, որ այս թերթերը, որոնց կարգին` «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, որ արդէն բաւական երկար ուղի կտրած է, պէտք է շարունակեն իրենց երթը, որովհետեւ ժամանակի թաւալումին հետ անոնց առաքելութիւնը աւելի քան երբեք կարեւոր կը դառնայ:
Հայերէն բաժնի զրուցավարն էր Վահագն Գարագաշեանը («Հայրենիք»-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Քանատայի «Հորիզոն»-ի խմբագիր): Իսկ խօսք առնողներն էին տոքթ. Արա Սանճեան (Միշիկըն համալսարանի դասախօս), տոքթ. Խաչիկ Մուրատեան («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Քոլումպիա համալսարանի դասախօս) եւ Վրէժ¬Արմէն Արթինեան (Քանատայի «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր):
Վահագն Գարագաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին, որ այս գիտաժողովը համախմբած է սփիւռքահայ 10 խմբագիրներ, որոնք եկած են քննարկելու հայ մամուլին վերաբերող տարաբնոյթ հարցեր: Անցեալին «Հայրենիք»-ի եւ ներկայիս «Հորիզոն»-ի իբրեւ խմբագիրի` իր ունեցած հետաքրքրական փորձառութեան մասին պատմելէ ետք, Վահագն Գարագաշեան դիտել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ հայ մամուլը կը դիմագրաւէ տեղեկատուական պատերազմ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, որ ունի բազում վտանգներ, զորս դիմագրաւելու կոչուած են հայկական զոյգ հանրապետութիւններն ու սփիւռքը:
Ապա ան ներկայացուց գիտաժողովի հայերէն բաժինի հիւրերը` դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեան:
Առաջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Արա Սանճեանը, իսկ նիւթը` «Սփիւռքահայ մամուլը` հրատարակիչի, ընթերցողի եւ պատմաբան-հետազօտողի դիտանկիւնէն»: Ան դիտել տուաւ, որ վերջին 225 տարուան ընթացքին տարբեր պայմաններու մէջ, տարբեր թուականներու եւ տարբեր նպատակներով լոյս տեսած են հազարաւոր հայերէն, հայատառ թրքերէն եւ հայապատկան օտար լեզուով թերթեր ու պարբերականներ, որոնց ուսումնասիրութիւնը ըստ արժանւոյն չէ կատարուած, բայց եւ այնպէս անոնք, յատկապէս` յետեղեռնեան սփիւռքահայ մամուլը, սկզբնական կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մամուլի արխիւները հասանելի են կարգ մը կարեւոր գրադարաններուն մէջ, նաեւ դիտել տուաւ, որ վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի Ազգային գրադարանը մեծ աշխատանք կը տանի հայատառ մամուլի թուայնացման համար:
Դոկտ. Սանճեան իր խօսքը կեդրոնացուց յետեղեռնեան շրջանին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն դուրս լոյս տեսած, քաղաքական եւ հասարակական լուրեր տպագրող թերթերուն վրայ, որոնցմէ է նաեւ «Հայրենիք»-ը: Անոր համաձայն, այս թերթերէն բոլոր երկարակեացները, քանի մը բացառութիւններով, ուղղակի կապուած են սփիւռքի մէջ գործող երեք ազգային դասական կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին տասնամեակներ կրցած են դիմանալ միայն կրօնական հաստատութիւններուն կապուածները: «Միայն կուսակցական, յարանուանական թերթերու երկար գոյատեւումը ուղղակի ապացոյց է, որ սփիւռքահայ թերթ մը կամ պարբերական մը` համայնքի թուաքանակի ու կրթական մակարդակի անբաւարարութեան իբրեւ հետեւանք, սոսկ պարագաներու ներքոյ պահանջարկ կրնայ ունենալ իբրեւ անկախ հաստատութիւն դիմանալու եւ կը փորձէ լիուլի բաւարարել իր ընթերցողներուն բազմապիսի հետաքրքրութիւնները», նշեց ան: Զեկուցաբերը անդրադարձաւ կուսակցութիւններու կողմէ հրատարակուող սփիւռքահայ օրաթերթերուն ծնունդի դրդապատճառներուն` հայ զանգուածներուն մէջ քարոզչութիւն կատարել եւ հասարակական դաստիարակութիւն փոխանցել, կապ ըլլալ արտաքին աշխարհին եւ նոր կազմաւորուող սփիւռքահայ գաղութներուն միջեւ: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այդ թերթերուն զարգացման ուղին, իւրաքանչիւր փուլի անոնց միջեւ եղած կապը, հրապարակային տարակարծութիւններն ու վէճերը, որոնք այսօր սովորաբար կը բացակային, որովհետեւ, ըստ Սանճեանի, իւրաքանչիւր թերթ իր շրջանակին արձագանգողը սկսած է ըլլալ միայն` յաճախ լռութիւն պահելով տարբեր երեւոյթներու նկատմամբ: Իր խօսքը եզրափակելով` Արա Սանճեան դիտել տուաւ, որ այս գործելաոճը կրնայ բաց մը ստեղծել ապագայ պատմաբանին եւ ուսումնասիրողին համար:
Երկրորդ զեկուցաբերին` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանին նիւթն էր «Խօսքի ազատութի՞ւն, թէ՞ անիշխանական բեւեռացում. լրատուական դաշտէն ներս մրցակցութեան եւ շահութաբերութեան պայմաններուն մէջ անոնց պատասխանատուութիւններու շրջագիծը»: Ան իր խօսքը ներկայացուց` հիմնուելով «Արմինիըն Ուիքլի»-ի տարիներու խմբագիրի իր փորձառութեան վրայ եւ հիմնականօրէն անդրադառնալով հայ մամուլի նպատակին, յատկապէս` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Ըստ Խ. Մուրատեանի, Միջին Արեւելքէն եկած երիտասարդին համար խորթ էր տեսնել, թէ այդ ցամաքամասին վրայ հայերէնով արտայայտուելու դժուարութիւն գոյութիւն ունէր, բայց եւ այնպէս որոշ շրջան մը դիտորդի դեր կատարելէ ետք, պէտք էր ճշդել, թէ ի՛նչ նիւթեր պէտք էր հրապարակել` երիտասարդութեան հետ կամրջում ապահովելու: Ան հաստատեց, որ պէտք է հեռու մնալ հայկական նեղ շրջագիծի մէջ սեղմուելէ, որովհետեւ` «Երբ կը սահմանափակենք, մենք ալ կը սահմանափակուինք», աւելցնելով, որ այսօրուան դրութեամբ կարելի չէ հայութեան, հայկականութեան սահմանումներ տալ, թերթին մէջ լոյս տեսնելիք նիւթերու շրջագիծ ճշդել եւ ակնկալել, որ նոր սերունդը ընդունի այդ բոլորը: Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան դիտել տուաւ, որ եթէ մենք առաջնորդուինք 19-20-րդ դարերու գործելաոճով եւ մօտեցումներով, նոյն ձեւով ալ լուծումներ առաջադրենք, բնական է, որ երիտասարդութիւնը պիտի վանենք մեզմէ, սակայն եթէ չթափանցենք հարցին իսկութեան խորը, անոնց ակնկալութիւններուն ու կարիքներուն ականջ չտանք, պիտի ըսենք, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները անտարբեր են, թերթ չեն կարդար:
Խաչիկ Մուրատեանը յայտնեց, որ յանցանքը այլ տեղ փնտռելու սովորութենէն դուրս գալով` պէտք է գիտակցինք, որ երիտասարդութիւնն ալ ունի ներուժ, կարողութիւններ, մօտեցումներ, որոնց հետ պէտք է առնչութիւն ունենալ, գիտնալ անոնց հետաքրքրութիւնները եւ գոհացնել զանոնք: «Մենք պէտք է փորձենք առնուազն մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ արծարծել մեր թուլութիւնները, մեր դիմագրաւած հարցերը, եւ ասիկա հսկայական տարբերութիւն ընելու դուռ կը բանայ, որովհետեւ մենք երբեմն կը յայտնուինք այնպիսի տեղ, որ մեր կեցուածքներով խոտոր կը համեմատինք գետնի վրայ տիրող կացութեան, մեր շրջապատի իրականութեան», յայտնեց Մուրատեան: Այս ծիրին մէջ ան թուեց այս նպատակը հետապնդող, հայկական սեղմ նիւթերէ դուրս տարբեր ծրագիրներ, որոնք իրենց արդիւնքը սկսած են տալ արդէն: «Եթէ հայ լեզուն, հայկական միտքը, հայ մամուլը` հայերէն եւ անգլերէն, պիտի գոյատեւեն, պիտի գոյատեւեն նաեւ, յատկապէս` սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, այն գիտակցութեամբ, որ այսօրուան խմբագիրը երէկուան խմբագիրէն տարբեր պէտք է ըլլայ, տարբեր աշխարհահայեացք ունենայ, որովհետեւ երէկուան խմբագիրին աշխարհահայեացքը արդէն նախորդ դարուն կը պատկանի: Եթէ այս գիտակցութիւնը չզարգացնենք, պիտի շարունակենք մնալ այս նեղ շրջանակին մէջ, որ օրէ օր աւելի կը սեղմուի եւ կը նեղնայ», եզրափակեց Խ. Մուրատեան:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ ներկայացուց «Առնչութիւններ հայրենիքի հետ. հայ մամուլի, դաշնակցական մամուլի եւ կուսակցական մամուլի մարտահրաւէրները» նիւթը: Ան նախ յիշեց, որ «Հայրենիք»-ին հետ իր առնչութիւնը կու գայ 1922 թուականէն, երբ սկսած է հրատարակուիլ «Հայրենիք»-ը, եւ իր մեծ հայրը, իսկ անկէ ետք ինք բաժանորդագրուած են, մնայուն կերպով ստացած են ամբողջական հաւաքածոն, իսկ իր ննջասենեակին մէջ տեղադրուած թերթի հաւաքածոները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ: Իսկ յաջորդ առնչութիւնը եղած է, երբ սկսած է աշխատակցիլ թերթին` երկար տարիներ, հանդիսանալով թէ՛ աշխատակիցը եւ թէ՛ ջատագովը: «Հայրենիք»-ը միայն թերթ մը չէ, այլ մեզի համար հայ մամուլի խորհրդանիշ մըն է», վկայեց ան:
Ապա Վրէժ-Արմէն Արթինեան անդրադարձաւ հայ մամուլին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ունեցած դերակատարութեան, որոնց առաջինը տեղեկատուական բաժինն է, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլայ մերօրեայ մրցավազքը` արագ լուր հաղորդելու, մամուլը կոչուած է ճշգրիտ լուրի աղբիւր ըլլալու, սուտ լուրերը ջրելու եւ հայ ընթերցողներուն հասցնելու իրականութիւնը: Անոր համաձայն, մենք պէտք չէ տեղեկատուութիւնը ընենք միայն հայկական հարցերու, այլ նաեւ` աշխարհի իրադարձութիւններու, որովհետեւ ամէն ինչ փոխկապակցուած է իրարու եւ պէտք է դուրս գալ նեղ շրջագիծէն: Զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ մեր մամուլը ունի նաեւ դաստիարակչական, առաջնորդողի դերակատարութիւն` հինէն ի վեր, որպէսզի գիտնանք` ի՛նչ պէտք է ընել, ի՛նչ կ՛ակնկալուի մեզմէ` այս բոլորին մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար:
Վրէժ-Արմէն լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայիս կայ այնպիսի կացութիւն, որ մամուլին մէջ ամէն ինչ վարդագոյն ներկայացնելու փորձ կը կատարուի, մինչ այդ մամուլը պարտի ներքին ամէն տեսակ հարցի վրայ լուսարձակ բանալ, իրականութիւնները մատնանշել եւ անոնց գծով տեսակէտ փոխանակել, նաեւ կուսակցութիւնները իւրաքանչիւրը իր պատեանին մէջ քաշուած ըլլալու եւ միւսին հետ առնչութիւն չունենալու վիճակի մէջ է, ինչ որ կը պակսեցնէ թերթին որակը, արժէքը եւ ստեղծելիք հետաքրքրութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ լեզուի հարցին եւ նշեց, որ պէտք է տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ մեր մայրենիով, որպէսզի նոր սերունդը սորվի եւ իր բառամթերքը հարստացնէ: Այս առումով եւ լեզուի ծաղկումին սատարելու իմաստով, Վրէժ-Արմէն նկատել տուաւ, որ մեր թերթերը նահանջի մէջ են` կոչ ուղղելով այս իմաստով նախաձեռնող ըլլալէ չդադրելու:
Վրէժ-Արմէն Արթինեան հայ մամուլի պարտականութիւններէն նկատեց նաեւ մշակել հայ ըլլալու հպարտութիւն, որուն պատճառները պէտք է լուսարձակի տակ առնուին, որպէսզի նոր սերունդը գիտակցի եւ համոզուի: Ան այս հպարտութեան առանցքը նկատեց մեր նորօրեայ աստղերը, յաղթանակները, յաջողութիւնները` տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնց վրայ պէտք է լուսարձակ բանալ եւ անոնց տեղ տալ թերթին առաջին էջերուն վրայ:
Տեղի ունեցան հարց-պատասխաններ:
Աւարտին, խօսք առաւ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը, որ ներկայացուց «Հայրենիք»-ի շէնքի վերանորոգման աշխատանքները եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ թերթերու թուայնացման աշխատանքներուն առնչութեամբ:
(Շար. 2 եւ վերջ)