Գէորգ Պետիկեան
Մամուլը, իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հասարակութեան անբաժան մասնիկը է: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ անոր կեանքին մէջ:
Արդ՝ այս կարճ յառաջաբանէս ետք՝ քիչ մըն ալ պատմութիւն.
512ին, Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ ՝ «Ուրբաթագիրքը» հատորին, հայ տպագրութեան հիմը դրաւ: Իսկ շուրջ երեք դար ետք, ու ճիշդ 16 Հոկտեմբեր 1794-ին, հայ անուանի մտաւորական եւ ազգային գործիչ՝ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան (գաղթած Իրանի Նոր Ջուղայէն) Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ կը հիմնադրէր իր սեփական տպարանը, իր իսկ յօրինած տառերով: Այս ձեւով ան կարողացաւ տպագրել կրօնական եւ ազգային գիծ ունեցող հատորներ, թիւով՝ եօթը:
Ժամանակ մը ետք, Շմաւոնեան հրապարակեց առաջին հայ պարբերականը՝ «Ազդարար» անունով: «Ազդարար»ը ամսական դրութեամբ լոյս սկսած էր տեսնել եւ ունէր նաեւ լրագիրի բնոյթ: Պէտք է շեշտել, որ «Ազդարար»ը, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայ հասարաքաղաքական մտքի ձեւաւորման, գաղափարներու հասունացման եւ տարածման գործին մէջ:
Ու պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամսագիրը սկիզբը ունեցած էր միայն 28 բաժանորդ: Բայց հետաքրքրական այն էր, թէ նաեւ ունեցած էր իր խմբագրական կազմը, այլ խօսքով յատուկ մարմին մը, բաղկացած՝ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդներէ: Ըստ երեւոյթին, այս մարմնի անդամներն էին ընդհանրապէս տպարանի աշխատողները, որոնք տպագրութեան յանձնուելիք գրութիւնները կամ «յօդուածները», լուրերն ու յայտարարութիւնները, նախ կը կարդային եւ միասնաբար քննարկելէ եւ ապա փոփոխութիւններ կատարելէ ետք միայն, կ՛ուղարկէին «շարուելու»:
«Ազդարար» ի մէջ կը տպագրուէին բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, լուրեր ու զանազան յայտարարութիւններ: Թերթի էջերուն մէջ նաեւ տեղ կը գրաւէին անգլերէն թերթերէ քաղուածքներ, եւ թարգմանական նիւթեր եւ թղթակցութիւններ: Օրինակի համար՝ Անդրկովկասի քաղաքական անցքերը: Այդ օրերուն Մահմետ խանի արշաւանքները բաւական տեղ գրաւած էին։
Նիւթերու լեզուն գրաբար էր, մերթ ընդ մերթ ալ ջուղայեցիներու ռամկախառն աշխարհաբարով, որովհետեւ ընթերցողներու մեծ մասը կը կազմէին Իրանի, Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած հայերը։
Շմաւոնեան, լաւատեղեակ ըլլալով իր համաքաղաքացիներու հետաքրքրութիւններէն, կը տպէր նաեւ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն Պարսից» բաւական մեծ պատմական ուսումնասիրութիւնը, որ պատմական ակնարկներու նկարագրական հաւաքածոյ մըն էր, համեմուած կրօնաբարոյախօսական դատողութիւններով եւ խոհերով:
Իր բազմաբնոյթ հրապարակումներով «Ազդարար»ը նաեւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնաճանաչողութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանութեան, միշտ փորձելով ընթերցողներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը, միաժամանակ ամրապնդելով ազատատենչութեան եւ հայրենասիրութեան վսեմ ոգին: Շմաւոնեան նաեւ իր թերթին միջոցով հանրութիւնը ուսման եւ դաստիարակութեան կը մղէր, եւ այս ձեւով կը փորձէր օժանդակել հայ ժողովուրդի վերելքին, մտային զարգացման եւ քաղաքական ազատութեան:
Թէեւ «Ազդարար»ի նիւթերն ու յօդուածները բարձրորակ չէին, ինչպէս նաեւ ձեւաւորումը՝ պարզ, սակայն պէտք է ըսել, որ ան ունէր բաւական թիւով ընթերցողներ։ Չմոռնանք նաեւ, որ անիկա կը հրատարակուէր օժանդակութեամբը հայ վաճառականներու, ասիական այս երկրին մէջ, ուր այդ օրերուն կղերականներու ստեղծած կամ որդեգրած սահմանափակումներ կային: Շմաւոնեան միշտ փորձած էր վաճառական-կղեկարական այս երկու հատուածներու միջեւ իրարհասկացողութեան լեզու եւ միջոց գտնել: Սակայն, այնպէս կ՛երեւի թէ, պայքարը անհաւասար էր ու այսպէս սոյն լրագիրը վերջնականապէս փակուեցաւ, երբ դժբախտաբար Շմաւոնեան մեկուսացուեցաւ իր այս ասպարէզէն: Յիշենք, որ «Ազդարար»էն լոյս տեսած էր միայն 18 թիւ, իսկ վերջինը՝ 1796ին։
Յարութիւն քահանան պարզ կամ սոսկ հրատարակիչ մը չէր, այլեւ ազատագրական վսեմ գաղափարներու դրօշակակիր մը, որուն շնորհիւ «Ազդարարը» դարձաւ այն հաստատ հիմքը, որուն վրայ տարիներ ետք, ստեղծուեցան լրագրական զանազան գործեր: Այսպէս, յաջորդաբար լոյս աշխարհ եկան «Ազդարար»ի նման լրագիրներ: Յիշատակելի են հետեւեալները. հնդկահայ՝ «Շտեմարան» (1822), «Ազգասէր» (1845-1848), «Ազգասէր Արարատեան» (1848-1852), «Ուսումնասէր» (1849-1853, Սինկափուր), «Եղբայրասէր» (1862-1863) եւ այլ պարբերականները։
«Ազդարար»ի դերը մեծ էր, որովհետեւ դարեր ետք, Հնդկաստանէն շատ-շատ հեռու, լոյս տեսան Գրիգոր Արծրունիի «Մշակը» (Թիֆլիս), «Նոր Դարը» (Թիֆլիս), «Արեւելքը» (Պոլիս), Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղուն» (Թիֆլիս), Յակոբ Պարոնեանի «Թատրոնը» (Պոլիս), Մ. Նալբանտեանի «Հիւսիսափայլ»ը (Փեթերսպուրկ), Արշակ Չոպանեանի «Անահիտը» (Պոլիս), «Ապագայ» (Փարիզ), «Ազգագրական Հանդէս» (Շուշի, ապա Թիֆլիս), «Բազմավէպ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզի), «Հայրենիք» (Պոսթըն), «Ասպարէզ» (Ֆրեզնօ) եւ «Պայքար» (Պոսթըն):
***
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մէջ շատ հին ժամանակներէն յատուկ պաշտամունքի հասնող յարգանքով, մարդիկ գիրին եւ գրականութեան կը մօտենային: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է ընթերցասէր, քաջալերած է գիրն ու գրողը: Ո՛չ մէկ կասկած: Աւելին՝ հայ մամուլը, միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:
Հայ մամուլը, իր դարերու կեանքով ու գործով, իբրեւ ծառայասէր՝ մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ հակառակ ներկայի իր ծանր դժուարութիւններուն, մեզի, բոլորս ալ, ազգային ինքնութեան հետ կապած: Հայ մամուլը միշտ դէպի իր ժողովուրդը գացած է իր ազգային խորքով, մակերեսէն անդին եւ մեր ժողովուրդի ակնկալութիւններով բեռնաւոր: Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՛ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու նիւթաբարոյական նեցուկին:
Բայց չէ որ մեր հայ մամուլին մէջ կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան մեր պատկերները, անոր համար էական է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գոյատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Որովհետեւ հայը, իր հայ մամուլով, հաղորդ մնալով հանդերձ աշխարհին, հայրենիքին եւ Սփիւռքին հետ, իր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ:
Հայաստանի մէջ, Հոկտեմբեր 16ը նուիրուած է Հայ Մամուլին: Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք հայ մամուլի բոլոր գործընկերները եւ կը մաղթենք, որ մամուլը ըլլայ իսկապէս ազատ եւ թափանցիկ, իսկ լրագրողներն ալ իրենց գրիչը օգտագործեն՝ առաջնորդուելով միայն լրատուամիջոցի եւ երկրի ապագայի շահերէն: Լաւ յիշենք, ազատ մամուլն ու կարծիք յայտնելու ազատութիւնը ժողովրդավարական պետութեան հիմքերն են:
Ու պատիւ իրեն, մամուլին վերապահուած է այս դերը: