Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
***Մեր նահանգապետը կը զօրակցի Ճո Պայտընին՝ որպէս Ամերիկայի յաջորդ նախագահ (Արեւելք):
–Որեւէ անորոշութիւն կը գտնէ՞ք այս նախադասութեան մէջ:
–Ո՜չ, ամէն բան շատ յստակ է, պարո՜ն,– պիտի ըսէր ամէն արեւմտահայ աշակերտ, ներողութի՛ւն…լրագրող, ուսուցիչ, մտաւորական,– ըսել կ’ուզէի:
Ան յստակ կը թուի, այո, որովհետեւ այլապէս ալ անոնք գիտեն, թէ ո՛վ է կամ կ’ակնկալուի, որ ըլլայ Ամերիկայի յաջորդ նախագահը, մինչ ըստ ինքեան ոչինչ յստակ է, եւ այս նախադասութիւնը գրողը,– եւ զայն կարդացողներն ու «հասկցողները»,– դեռ շա՜՜՜տ հաց ու պանիր պէտք է ուտեն լեզուն ճիշդ գրելու համար:
Բոլորս ալ գիտենք, որ ակնկալուած նախագահը Ճո Պայտընն է, սակայն վերի շարադրանքով՝ նահանգապե՛տն է յաջորդ նախագահը, քանի որ նահանգապետը եւ նախագահը ունին նո՛յն հոլովը: Իսկ հոլով ըսուածը իմաստ ունի, պերճանք չէ:
Եւ որպէսզի քերականօրէն ալ Ճո Պայտընը ըլլար յաջորդ նախագահը, ապա պարտէինք գրել. «Մեր նահանգապետը կը զօրակցի Ճո Պայտընի(ն)՝ որպէս Ամերիկայի յաջորդ նախագահի(ն)»: Այլ խօսքով՝ Պայտընի(ն) եւ նախագահի(ն) պէտք է ունենային նո՛յն հոլովը, որ այստեղ տրականն է:
***Ամերիկեան հարուածին իբրեւ հետեւանք սպաննուած իրանցիին ընկերը… («Ազդակ», 17-10-20, էջ 4):
«Մարմարա»-ին Ալիեւ գրել չկրցայ սորվեցնել,– ան կառչած մնաց Ալիյեւ-ին,– իսկ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին՝ հետեւանքով կամ շնորհիւ գրել չկրցայ սորվեցնել,– ան կառչած մնաց իբրեւ հետեւանք-ին ու իբրեւ արդիւնք-ին:
Առաջինը թրքաբանութիւն է, երկրորդը՝ ռուսաբանութիւն:
Տեղ մը անշուշտ չենք կրնար դառնացած հարց չտալ, թէ ի՞նչը կը մղէ հայ լրագրողը, որ այսքան կառչի իր տգիտութեան, որ օտարաբանութիւն մըն ալ է, միւս կողմէ հարց չտալ նաեւ՝ թէ ինչպէ՞ս ան կրնայ նման չարաշուք «ազատութիւն» մը ունենալ եւ այսքան սանձարձակ ու հեշտագին օգտուիլ այդ ազատութենէն:
Այս բաները միայն մեր բարքերուն մէջ կրնան տեղի ունենալ:
Եթէ ֆրանսացի կամ անգլիացի կամ զանզիպարցի լրագրողը իր ազգային լեզուին հանդէպ առաջին մեղանչումէն ետք չյօժարէր սրբագրուիլ, երկրորդին պիտի դադրեցուէր խմբագրատուն մտնելէ ու փափուկ աթոռի վրայ պաշտօնավարելէ:
Վասնզի նմանները աւելի լաւ կ’ընեն գրիչի փոխարէն բրիչ մը բռնելով:
Մեր լեզուն տէր չունի, ստոյգ է, սակայն մեր թերթե՞րն ալ տէր չունին:
***1953-ին մեր գաղութին մէջ տեղի ունեցաւ շատ զարմանալի բան մը, որուն ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց եւ ոչ մէկ յիշաատակութեան առարկայ դարձաւ ան. Տօնիկեան տպարանը հրատարակեց Սիմոն Գաբամաճեանի բացատրական բառարանը, որ բաւական մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ բաւական շուտ ալ սպառեցաւ:
Թերեւս հարց տաք, թէ այս բոլորին մէջ ի՞նչն է զարմանալին:
Զարմանալին այն է, որ ան գրաբարի բառարան մըն էր, իսկ այս իրողութեան ո՛չ հրատարակիչը անդրադարձած էր, ո՛չ ալ անշուշտ գրասէրները: Եւ ան օրին հանգիստ գործածուեցաւ եւ հանգիստ կը գործածուի մինչեւ այսօր ալ:
Նման բան կրնայ պատահիլ միայն արեւմտահայ իրականութեան մէջ:
* * *
Կրնա՞ք երեւակայել լատիներէն բառարան մը, որուն բնոյթին չանդրադառնայ արդի իտալացին, ֆրանսացին, սպանացին, որոնց լեզուները լատինական ծագում ունին, ճիշդ ինչպէս աշխարհաբարը ունի գրաբարեան ծագում:
Թերեւս ըսէք, թէ անոր ի՞նչն է գրաբար:
Գրաբար է նախ բառամթերքը. դուք այստեղ պիտի չգտնէք հոծ բառը, այլ պիտի գտնէք հոյծ, պիտի չգտնէք շուտ բառը, այլ պիտի գտնէք շոյտ, պիտի չգտնէք ուրիշ բառը, այլ պիտի գտնէք որիշ, պիտի չգտնէք՝ արծիւ, տեղ, պատասխան, այլ պիտի գտնէք՝ արծուի, տեղի, պատասխանի եւ հազարաւոր նմանները, որոնք գրաբար տարբերակներն են բերուած աշխարհաբարեան բառերուն:
Գրաբար է բայական ամբողջ համակարգը. օրինակ՝ դուք չէք գտներ մեծնալ–մեծցնել, այլ կը գտնէք մեծանալ-մեծացուցանել, չէք գտներ կենալ-կեցնել, այլ կը գտնէք կեալ-կեցուցանել, չէք գտներ ընել-առնել, այլ կը գտնէք առնել-առնուլ: Գրաբար է խոնարհական համակարգը եւս. այսպէս՝ չէք գտներ ըրաւ-առաւ, այլ կը գտնէք արար-էառ, չէք գտներ կեցայ-կեցար-կեցաւ, այլ՝ կեցի-կեցեր-կեաց, չէք գտներ հատուցեցի-հատուցեց, այլ կը գտնէք հատուցի-հատոյց եւ այսպէս շարունակ:
Գրաբար է հոլովական համակարգը եւս. այսպէս՝ չէք գտներ այր-այրի, այլ՝ այր-առն, տեղ-տեղի, այլ՝ տեղի-տեղւոջ, չէք գտներ ասոր-ատոր-անոր, այլ կը գտնէք՝ այսր-այդր-այնր եւ այսմ, այդմ, այնմ:
Եւ վերջապէս գրաբար է ամբողջ բառամթերքը. կը գոհանամ միայն մէկ օրինակով՝ ադամանդ-ով այստեղ ունինք ընդամէնը երեք բառ, մինչ արդի աշխարհաբարը անով կազմած է 21 բառ. պակսողներուն ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այնտեղ: Այսպիսիներուն թւը կը հասնի բազմատասնեակ հազարներու:
Շատ երկար է շարքը, որմէ շատ տարրական նախաճաշակ մըն է տրուածը:
* * *
Ինչպէս կը նկատէք, աւելի քան զաւեշտական է կացութիւնը:
Հայ հրատարակիչ մը, Տէր-Զօրէն քանի մը տասնամեակ անց, ընդհանրապէս թրքախօս գաղթականներու յետնորդներուն լեզու սորվեցնելու համար եւ առանց անդրադառնալու կը հրատարակէ գրաբար բառարան մը, որուն նախաբանին մէջ չի վարանիր գրելու. «Գաբամաճեան բառարանը գտանք յարմարագոյնը աշակերտներու գործածութեան համար»,_ եւ անոնք իրենց կարգին, առանց անդրադառնալու, կը գնեն զայն եւ…կը գործածեն: Նման զնման իւր գտանէ:
Այո, միայն մեր մէջ կրնայ նման հրաշք պատահիլ: