Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն
Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆի
(1941-2023)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Վերջին օծման ու թաղման կարգի թուականը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերու ընթացքին։
Կիրակի, 22 Յունուարին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, հոգեհանգիստ ի կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին հոգիին խաղաղութեան համար։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ