Զրոյցը վարեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Լ. Շ.- Այս մէկը վերջընթեր հարցումն է, ու ատիկա կը վերաբերի ձեր խմբագրապետութեան վերջին երկու տասնամեակներուն, այսինքն` այն շրջանին, որ կ՛երկարի 1997-2017, մինչեւ այսօր: Այս քսանամեակը պիտի չուզեմ երկուքի բաժնել, իրարմէ անջատել, որովհետեւ տեսանելի է բոլորիս, թէ ամբողջ սփիւռքը սա երկու տասնամեակներուն, դժբախտաբար, մտած է անօրինակ ընդարմացումի եւ ահաւոր նահանջի ճամբու մը մէջ… Երբեմնի շէն գաղութները մի առ մի կը հիւծին (Սուրիա, Իրաք, նոյնիսկ` Լիբանան), կուսակցութիւններ եւ մշակութային ուժեղ կազմակերպութիւններ ձեռնթափ են ու` քայքայուած, մարդուժի պակասը կը կրծէ ազգային բոլոր կառոյցները, հայատառ թերթեր կը դադրին շնչասպառ (Փարիզի «Կամք»-ը, «Յառաջ»-ն ու «Աշխարհ»-ը, Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք-ն ու «Նոր Հայաստան»-ը եւ ուրիշ անուններ), հայ դպրոցներ կը փակեն իրենց դռները տխրօրէն (Կիպրոսի Մելգոնեանը, Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեանը, Հալէպի մէջ` քանի մը կարեւոր վարժարաններ), մտաւորականութիւնը կը նօսրանայ, գրականութիւնը հազիւ կը շշնջէ, մամուլը կ՛աղքատանայ ու կ՛անշքանայ:
Պոլսահայութեան պատկերն ալ նոյնն է: Հայագիր կամ հայալեզու մշակոյթին սպասաւորները մի առ մի կը մեկնին` առանց ժառանգորդներ ձգելու իրենց ետին: Վերջին տարիներուն մեկնեցան` Երուանդ Կոպէլեանը, Զահրատը, Խրախունին, թատերագիր Արման Վարդանեանը, Սարգիս Սերովբեանը, Խորէն Մանաւեանը եւ ուրիշներ: Այս ոչ նախանձելի պայմաններուն մէջ «Մարմարա»-ն կը շարունակէ գոյատեւել հերոսաբար` թիավարելով հոսանքն ի վեր: Ես ձեզ կը նկատեմ, թոյլ տուէք, առասպելական դէմք մը, սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան պատկառելի խմբագիրներու հոյլին ամենավերջին մոհիկանը:
Դուք, որպէս 50 տարուան մամլոյ սպասաւոր, ինչե՞ր պիտի ուզէիք, որ հրաշքով մը վերադառնային հին տասնամեակներէն դէպի մեր օրերը… Կարօտախտէ մը կը տառապի՞ք, թէ՞ համակերպած էք կացութեան` այն համոզումով, որ լրիւ կատարեցիք ձեր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը, պատուով տարիք ձեզի վիճակուած ծառայութեան լուծը: Կա՞ն բաներ, զորս իրականացուցած չըլլալու ափսոսանքը կ՛ապրիք սա պահուն:
Ռ. Հ.- Արդէն ամէն բան ըսած ես: Գրագէտի ու մամուլի կեանքիս մէջ երջանիկ շրջաններ ապրեցայ, հայ գիրով ու հայկական մշակոյթով ես զիս շատ հարուստ զգացի, միշտ շրջապատուեցայ իմ խանդավառութիւնները բաժնողներով, ունեցայ անհամար ընթերցողներ, որոնց համակրանքն ու գնահատանքը, գիտեմ, շատ անկեղծ էր: Ճանչցայ անհամար հայ մարդիկ, որոնք երբեք օրը չէին փակեր առանց հայերէն թերթ մը ծայրէ ի ծայր կարդալու: Այս բոլորը շատ լաւ էին. բայց օր մըն ալ անդրադարձանք, որ ամէն ինչ կամաց-կամաց, կամ երբեմն թաւալգլոր կը նահանջէր, անկում կ՛արձանագրէր:
Կարելի չափով կը խուսափիմ այսօրը բաղդատելէ երէկուան հետ, որովհետեւ շատ ցաւատանջ է այդ: Հայախօսութիւնը անհաւատալի չափով նահանջած է այժմ: Ալ հայերէն ընթերցումը որքա՞ն նահանջած կ՛ըլլայ, եթէ անկէ առաջ հայախօսութիւնը այսքա՛ն նահանջած է… Իմ խմբագրի կեանքիս ամէնէն ցաւոտ կողմերէն մէկն ալ հիմա հետեւեալն է. երբ մէկու մը հետ կը խօսիմ, հինգ վայրկեան կամ տասը վայրկեան վերջ կը հասկնամ, որ ան հայ թերթի ընթերցող չէ, մեր ընթերցողը չէ: Համայնքային կեանքին մէջ է թերեւս, բայց չի կարդար: Ինք չի նշմարեր, բայց ես արդէն կը հասկնամ, որ թերթ չի կարդար: Ասիկա` ամէնէն սովորական ընթերցողէն մինչեւ երբեմն այն անձերը, որոնք ղեկավար դիրք ունին մեր հանրային կեանքէն ներս, եւ որոնց նկատմամբ երախտագիտութիւն ալ ունինք: Ամբողջ հարցը լեզուի վրայ է, լեզուի գործածութեան վրայ է: Հայ մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր հայերէն կարդալ չի սիրեր, կամ չի կրնար, կամ կը ծուլանայ հայերէն կարդալու: Ասիկա մերինին նման փոքրիկ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնն է: Տեսե՞ր էք ֆրանսացի մը, որ ֆրանսերէն խօսելէ խուսափի, կամ` անգլիացի մը, որ անգլերէն խօսիլ չսիրէ: Ֆրանսացիի մը կամ անգլիացիի մը համար լեզուի հարց չկայ, նոյնիսկ եթէ ան իր երկրէն հեռու ապրի, նոյնիսկ եթէ օտարներու աշխարհի մը մէջ ապրի: Բայց հայ մարդուն համար լեզուի հարց կա՛յ, մանաւանդ որ այսօր հայ մարդոց կարեւոր մէկ մասը կը ստիպուի ապրիլ իր հայրենի ու հայախօս երկրէն հեռու` օտարութեան մէջ:
Պոլսահայութեան պարագան տարբեր տեսանկիւնէ մըն ալ ողբալի է: Պոլիսը, որ պատմութեան ամէնէն տխուր իրադարձութիւններէն ետք իր մէջ հաւաքած ու պահել սկսած էր նաեւ մեր անբախտ գաւառը իր ամբողջութեամբ, Պոլիսը, որ հինէն ի վեր հայ մշակոյթի օրրաններէն մէկը նկատուած էր, աշխարհ մը, որ ոչ միայն կը պահէր մեր պապերէն ժառանգուած հայրենի ու մայրենի մշակոյթն ու լեզուն, այլ նաեւ աւելի կը զարգացնէր ու կը ծաղկեցնէր զանոնք, հիմա անմխիթար վիճակ ունի: Մեզի նման անձերու համար, որոնք յիսուն տարի առաջուան բարքերուն ու փառքերուն մէջէն եկած են, մահացու ցաւ է ասիկա:
Ես անձնապէս համակերպած չեմ ու չեմ ալ կրնար ըլլալ: Անձնապէս խղճիս վրայ խայթ ալ չունիմ, որովհետեւ ես եօթանասուն տարիէ ի վեր անսակարկ կերպով ծառայեցի իմ ժողովուրդիս գրականութեան, մշակոյթին ու ընկերային կեանքին: Բայց մարդ միայն մորթին վրայ պէտք է զգայ, որպէսզի հասկնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ժառանգորդ չունենալ: Մենք` պոլսահայ սակաւաթիւ գրողներս, որ տակաւին ամէն գնով կը թիավարենք հոսանքին դէմ, կրնա՞նք չտառապիլ, երբ կը տեսնենք, որ ժառանգորդ չունինք: Ո՛չ մէկը պիտի գայ դրօշակը մեր ձեռքէն առնելու ու վազքը շարունակելու…
Հրաշք մը կրնա՞յ պատահիլ: Պիտի մաղթենք, որ հրաշք մը պատահի: Կամ պիտի յուսանք, որ հրաշք մը կրնայ պատահիլ: Կամ ստիպուած ենք հաւատալու, որ հրաշք մը կրնայ պատահիլ: Եթէ հազարաւոր տարիներու ընթացքին կրցեր ենք ընթանալ հազարումէկ դժուարութիւններու մէջէն, ասկէ ետք ալ հաւանաբար ձեւ մը կը գտնենք ընթանալու:
Միշտ հաւատացի, որ Հայոց Աստուածը պիտի չթողու, որ այս տաղանդաւոր ու աշխատասէր ժողովուրդը վերնայ աշխարհի վրայէն, կամ ամբողջովին լուծուի օտարութեան մէջ: Թող շարունակէ ապրիլ մեր ժողովուրդը: Բայց թող ապրի հայերէնով: Ես բոլորովին դէմ եմ անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ առանց հայերէնի ալ կարելի է լաւ հայ ըլլալ ու հայութիւնը պահել: Թերեւս կարելի է, այո՛: Բայց հայ ժողովուրդ մը, որ հայերէն չունի, կը նմանի թռչունի մը, որ թեւ չունի: Մարդուս խիղճը կրնա՞յ ընդունիլ, որ զամբիւղ նետուի այսքան գեղահունչ ու այսքան կատարեալ մեր արեւմտահայերէնը:
Այս մասին ըսելիք դեռ շատ բան կայ, բայց այս անգամ ալ այսքանով գոհանանք:
Լ. Շ.- Սիրելի՛ պր. Հատտէճեան: Իմ վերջին հարցումը կը կրէ անձնական բնոյթ: Միշտ հիացումով կը հետեւիմ ձեր կարգապահ եւ ժուժկալ կենցաղին, ձեր հրապարակագրական ու գրական ամէնօրեայ հանդարտ աշխատանքին, վստահ ըլլալով, որ այդ աշխատանքին պտուղները ծնունդ կ՛առնեն այն փառաւոր լոյսէն, զոր անցեալի ապրումներն ու փորձառութիւնները կը վառեն ձեր սրտին մէջ: Փոքրամարմին էք, սակայն ձեր կուրծքին տակ կը կրէք հայու մեծ սիրտ մը: Ալեւորութիւնը կը վայելէ՛ ձեզի: Ձեր դիմագիծէն կը ճառագայթէ խոհուն ու հեզահամբոյր ծերունիի մը համակրելի պատկերը:
Ինծի այնպէս կը թուի, թէ «ծերութիւն»-ը չի խրտչեցներ ձեզ: Ընդհակառակն, կարծէք կեանքի այս վերջալուսային փուլը դիմաւորած էք յօժարակամ եւ իմաստուն մերձեցումով, նոյնիսկ` գոհունակութեա՛մբ:
Դուք ծերութիւնը լաւապէս սերտած գրող մըն էք միաժամանակ: Ձեր «Վաստակը» թատերախաղին գլխաւոր հերոսը հանգստեան կոչուած տարեց ուսուցիչ մըն է: Նմանապէս, «Առաստաղ» վէպին Ա. հատորին գլխաւոր հերոսն ալ ծերունի մըն է, չափազանց հետաքրքրական տիպար մը, մտածումի կամ խոկումի ախոյեան մը: Ծերութեան մասին շահեկան անդրադարձումներ ունիք նաեւ «Յուշատետր»-ի ժողովածուներուն մէջ (օրինակ` «Մխիթարական կողմեր ծերութեան մէջ» շարքը, կամ` «Կոշկոռ կապած տարիք» եւ այլն), այնտեղ պատմելով ծերութեան շրջանի բարիքներն ու վայելքները…
Սա պահուն, երբ կանգնած էք կեանքի մը իննսունամեակի սանդղամատին գագաթը, ինչպիսի՞ պատգամ մը պիտի ուզէիք տալ մեզի` ձեր յետնորդներուն, ինչպէ՞ս դիմաւորենք ծերութիւնը, կամ ինչպէ՞ս նայինք կեանքի ամբողջութեան: Ի վերջոյ, ի՞նչ է «կեանք»-ի անտեսանելի խորհուրդը եւ արդեօք ի՞նչ կը նշանակէ «կեանքի աւարտ»:
Ռ. Հ.- ԺԶ. դարու յայտնի գրողներէն Էրազմուս անմոռանալի կը մնայ «Գովք խենթութեան» անուն իր գիրքով: Կարծեմ դուն ալ պիտի սպասէիր, որ ես ալ իմ կարգին գրեմ «Գովք ծերութեան» անուն գիրք մը…
Իրականութեան մէջ ծերութիւնը գովելի շատ բան չունի: Ամէնէն գովելին, մէկու մը համար, ծերութեան հասած ըլլալն է: Մենք բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ տեսած ենք ու միշտ ալ կը տեսնենք մերձաւորներ կամ բարեկամներ, որոնք կանխահաս կերպով կը բաժնուին կեանքէն ու չեն կրնար հասնիլ իրենց ծերութեան: Կեանքիս կանուխ շրջաններէն ի վեր մտածած եմ, որ այս պարագան Մայր Բնութեան կողմէ մասնաւորաբար մարդոց նկատմամբ գործուած մեծ անարդարութիւն մըն է: Ո՞ր ուժն է, որ կ՛որոշէ մարդոց ապրելիք տարիներուն թիւը:
Ծերութիւնը գովելի շատ բան չունի: Որքան ալ առաւել կամ նուազ առողջութեամբ հասած ըլլաս ծերութեան շրջանին, ֆիզիքական անհանգստութիւններ կան, որոնք կեանքը կը դժուարացնեն: Քալելու դժուարութիւն, լսելու կամ ըսուածները ընկալելու դժուարութիւն, մոռացկոտութիւն, եւ դեռ` այսպիսի ազդակներ, որոնք ուրիշներէն շատ ալ չեն նշմարուիր, որոնք սակայն դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Ամէնէն կարեւոր կէտն ալ, այս պարագային, այն հասկնալի ճշմարտութիւնն է, որ յարաբերաբար աւելի երիտասարդ մարդիկ այլեւս շատ չեն ախորժիր ծերունիներու հետ խօսելէ: Նոյնիսկ եթէ տակաւին կը մնաս պատնէշի վրայ, նոյնիսկ եթէ տակաւին շրջապատուած ես անկեղծօրէն քեզ սիրող սիրելիներով, կը զգաս, որ երբեմն «աւելի» գալ սկսած ես: Կամ կը զգաս, որ «առանձին» մնացած ես: Արդարեւ, ծերութիւնը տեսակէտով մը առանձնութիւն կը նշանակէ: Հարիւր հոգիով ալ շրջապատուած ըլլաս, հարիւր հոգիի կողմէ ալ ծափահարուիս, կը զգաս, որ իրականութեան մէջ այլեւս առանձին մնացած ես: Ի՜նչ սիրելի դէմքեր, վաղեմի ընկերներ, սրտակից բարեկամներ հեռացած գացած են, հեռացողներուն տեղ նորեկներուն ժամանումը տեսած ես, ուրախացած ես: Նորեկները կրնա՞ն, սակայն, բռնել մեկնողներուն տեղը: Վերջին հաշուով, տեսակ մը կղզիացում է ծերութիւնը: Բայց իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ ծերունին հասկացողութեամբ դիմաւորէ այս ճշմարտութիւնը, չգանգատի զինք շրջապատողներուն սա կամ նա կեցուածքին համար: Ես, իմ հաշուոյս, բախտաւոր եմ: Շրջապատուած եմ կողակիցով, զաւակներով, թոռներով ու անհամար համակիրներով, որոնք շատ կը թեթեւցնեն այն առանձնութիւնը, զոր ամէն ծերունի կը զգայ: Բոլորին ալ շնորհակալ եմ:
Յաճախ կը մտածեմ անցեալիս մասին: Աչքերուս առջեւ կը կենդանանան իմ մանկութեանս պատկերները, մանկութեանս ընկերները, անոնց հետ ապրուած դրուագները, կամ` աւելի վերջուան կեանքիս անցուդարձերը: Շատ հեռու մնացած են անոնք, ու կը դժուարանամ հաւատալու, որ ես այդ շրջանը ապրած եմ ա՛յս կեանքիս մէջ: Ինծի այնպէս կը թուի, որ այդ մէկը ուրիշ կեանքի մը մէջ էր: Կը թուի, որ մենք քանի մը անգամ աշխարհ կու գանք ու կ՛ապրինք կեանքի դրուագներ, որոնք կարծես թէ իրարու շարունակութիւնը չեն: Կեանքի ամէն դրուագ իր մասնայատկութիւնն ու պատմութիւնը ունի, ամէն մէկը տարբեր խորագրի մը տակ կրնար հաւաքուիլ, եթէ անոնցմով վէպեր գրել փորձէինք:
Ուրիշ կէտ մըն ալ կայ, որ անհաւատալի կը թուի: Մտածե՜լ, թէ իրապէս այսքան ծերացած ես: Իրապէս ունի՞ս այն տարիքը, զոր ցոյց կու տայ անձնագիրդ: Սխալ բան մը չկա՞յ արդեօք:
Սխալ բան չկայ: Ո՛չ թէ դժբախտաբար, այլ` բարեբախտաբար: Օրը առնուազն քսան անգամ կրնաս փառք տալ Աստուծոյ, որ հասած ես այս հանգրուանին ու տակաւին փրթած չես կեանքէն, տակաւին փրթած չես սիրելիներէդ, տակաւին փրթած չես բոլոր այն զբաղումներէն, որոնք սիրելի են քեզի: Օրը առնուազն քսան անգամ ալ կրնաս աղօթել, որ Աստուած քեզ պահէ փորձանքէ ու դժբախտութենէ:
Բարի սովորութիւն մը ունիմ: Ամէն անգամ որ դժուարութիւն մը կը յաղթահարեմ, կամ ամէն անգամ, որ ցանկալի արդիւնքի մը կը հասնիմ, Աստուծոյ փառք կու տամ մինչեւ հիմա եղածին համար, բայց անմիջապէս ալ կը խնդրեմ, որ ասկէ ետք ալ մեզ պահէ դժբախտութիւններէ: Ես այս սովորութիւնը կը կոչեմ` «մինչեւ հոս ու ասկէ վերջ»: Որովհետեւ ամէն տարիքի մէջ թէեւ «մինչեւ հոս»-ը հրաշալի է, բայց կայ նաեւ «ասկէ վերջ»-ը:
Դեռ ի՞նչ կը մնայ մեզի վերապահուած ապագայի մէջ, չեմ գիտեր: Իմ գրականութիւնը, իմ ժողովուրդիս մատուցուած իմ հաւատաւոր ծառայութիւնը պատճառ դարձած է, որ հարիւրաւորներ ինծի ըսեն, թէ կ՛աղօթեն իմ առողջութեան ու արեւշատութեան համար: Ես կը հաւատամ անոնց աղօթքին զօրութեան ու երախտապարտ եմ անոնց: Բայց այնքան եսասէր չեմ, որպէսզի միայն մտածեմ իմ սեփական կեանքիս մասին: Ամէն անգամ, որ մէկը «շատ ապրիս» կ՛ըսէ, ես կը պատասխանեմ` «Միասի՛ն ապրինք»: Ապրիլը լաւ բան է, բայց սիրուած անձերու հետ միասին ապրիլը աւելի՛ լաւ բան է: Ամուսնացող զոյգերու համար բարեմաղթութիւն մը կայ` «Նոյն բարձին վրայ ծերանաք», կ՛ըսեն: Նոյն կարգով պիտի մաղթենք, որ ամէն մարդ կարենայ ծերանալ, եթէ ոչ` նոյն բարձի վրայ, գէթ` կեանքի նոյն մակարդակին վրայ: Ամէն մարդ պէտք է վայելէ ծերութեան հրաշք գեղեցկութիւնը: Պայմանաւ, անշուշտ, որ Աստուած այդ հրաշքներով օժտէ մարդուս ծերութիւնը:
(Շար. 6 եւ վերջ)
Հալէպ