ՓԱՐԻԶ
Ուրբաթ, 7 Փետրուարի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք ծանօթ պատմաբան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան անուանի մասնագէտ Թաներ Աքչամի հետ հանդիպում մը, որ կազմակերպուած էր «“Նուվէլ տ՚Արմենի մակազին («NAM»)”-ի ժամադրութիւններ»-ու շարքին։ Ինչպէս գրած էինք, յարգարժան պատմաբանը Ֆրանսա ժամանած էր պատուոյ հիւրը ըլլալով CCAF-ի տարեկան ընթրիքին։ Բայց երկիրս այցելութեան միակ շարժառիթը չէր ատիկա. կար ուրիշ կարեւոր պատճառ մըն ալ, որ անոր վերջին աշխատասիրութեանց արգասիքը հանդիսացող՝ «Սպանելու հրահանգներ» յոյժ կարեւոր հատորին ֆրանսերէն հրատարակութիւնն էր (CNRS-ի կողմէ) եւ անոր ներկայացումը։ Այս հատորին մէջ Աքչամ՝ ժխտողական դրոյթները ջրող բազմաթիւ նոր փաստեր կը բերէ։
Սրահը ծայրէ-ծայր լեցուցած հետաքրքիր լսարանին առջեւ Աքչամի ասուլիսը, NAM-ի տնօրէն Արա Թորանեանի զրուցավարութեամբ, տեւեց աւելի քան ժամ մը։ Նման բարդ ու ծանր նիւթի մը թարգմանչութեան պատասխանատու պաշտօնը ստանձնած էր թուրք ծանօթ այլախոհ մտաւորական Էրօլ Էօզքորայ։ Բեմին վրայ զետեղուած մեծ պաստառով ալ սփռուեցան ասուլիսի ընթացքին արծարծուող նիւթերը, փաստաթուղթերը։
Աքչամ նախ խօսեցաւ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած CCAF-ի երեկոյթէն իր տպաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ առիթով նախագահ Մաքրոնէն ստացած շնորհաւորութիւններուն իրեն պատճառած խոր յուզումին մասին եւ ըսաւ, որ նման երեւոյթ՝ պատմաբանի մը համար եզակի բախտ է եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայերուն, որ այդպիսի բախտի արժանանալու առիթը ընծայած են իրեն։
Եւ քանի որ այդ երեկոյթին ունեցած իր ելոյթին՝ Աքչամ յատուկ կարեւորութեամբ յիշած էր Հրանդ Տինքի անունը՝ Թորանեան իրեն հարցուց, թէ այդ տարաբախտ հայ լրագրողը ինչո՞ւ համար այդքան կարեւոր է իրեն համար։ Աքչամ պատասխանեց, թէ իր բարեկամը՝ Տինքը Թուրքիոյ Մարթէն Լուտեր Քինկն էր, կը խորհրդանշէր այն ներողութիւնը, զոր թուրք ժողովուրդը պէտք է խնդրէր Հայերէն։ Աւելցուց նաեւ որ՝ ան Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան դրօշակիրներէն էր եւ իր գաղափարներուն համար սպանուեցաւ։ “Կը շարունակեմ անոր բացած ճամբէն”, ըսաւ Աքչամ։
Պատասխանելով դիտարկումի մը, թէ ինք մաս կը կազմէ այն քիչերուն, որոնք առանձին կը պայքարին ու կը թիավարեն հոսանքն ի վեր, Աքչամ (թերեւս քիչ մը շատ) լաւատեսօրէն ըսաւ, որ կը հաւատայ՝ թէ յառաջիկայ տարիներուն հազարաւոր Տինքեր ի յայտ պիտի գան ու պիտի քալեն անոր բացած ակօսէն։
Աքչամ այնուհետեւ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ու մէջ իր համալսարանական աշխատանքներուն եւ ընդգծեց, որ այս բնագաւառէն ներս կայ լուրջ հարց մը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ուսումնասիրող ամպիոններու բացակայութեան։ Ան նշեց, թէ մինչ Շօան ուսումնասիրող 250 հիմնարկ գոյութիւն ունի, իր գլխաւորած բաժինը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով զբաղող միակն է եւ ալ շատ քիչեր կը հետեւին անոր։ Ցաւ յայտնելով ի տես այս երեւոյթին՝ արդարօրէն դիտել տուաւ, որ վաղը՝ այսօր գործող դէմքերը պիտի անհետանան, բայց հիմնարկները պիտի մնան։
Այնուհետեւ զրոյցը կեդրոնացաւ պատմաբանին ֆրանսերէնով նոր լոյս տեսած հատորին վրայ, որ առաջին անգամ թրքերէնով լոյս տեսած է 2016-ին Թուրքիոյ մէջ։ Ան ըսաւ, որ հոն գիրքը տպելու հարց չէ ծագած, բայց անոր ընթերցող գտնելը…ուրիշ հարց է։ Բացատրեց նաեւ որ իրեն համար կարեւոր էր հատորը նախ թրքերէն հրատարակելը, որպէսզի իրեն չըսուի, թէ լրբօրէն «դուրսը» կը գործէ իր երկրին դէմ։ Ինչպէս վերեւ ըսինք, այս հատորին մէջ պատմաբանը ի մի բերած է ահագին նոր փաստեր, որոնք կը ջրեն թրքական ժխտող պաշտօնական տեսակէտը։ Մրջիւնի աշխատանքի, անհամար դիւաններու մանրազնին պրպտումի արդիւնքն է, որ հոն տեղ գտած է՝ օսմանցի ամէնէն բարձրաստիճան պատասխանատուներու գրած բազմաթիւ հեռագրեր, որոնք կը վկայեն Հայոց տեղահանութեան եւ ջարդերուն վերաբերող հրահանգներուն մասին եւ որոնց ստուգութիւնն ալ ապացուցած է ինք։ Ան խօսեցաւ յատկապէս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հարուստ դիւաններուն մասին եւ երախտիքի յատուկ խօսք արտասանեց հայր Գրիգոր Կէրկէրեանին՝ «առանց որուն թանկագին փաստաթուղթերուն՝ այս գիրքը լոյս պիտի չտեսնէր»։ Աքչամ հոս հետաքրքրական եւ ցաւալի մատնանշում մըն ալ կատարեց, ըսելով՝ որ հայր Կէրկէրեան այդ փաստաթուղթերը երկար ժամանակ առաջ յաջողած է լուսանկարել ու պահպանել եւ այդ ժամանակաշրջանէն ի վեր նոր փաստաթուղթեր «դուրս չեն ելած». եւ հակառակ այս իրողութեան, ներկայի տուեալներով՝ Հայոց ցեղասպանութեան հրահանգներուն վերաբերող փաստաթուղթերը շատ աւելի մեծ թիւ կը կազմեն, քան՝ Շօայինը։ Ըստ Աքչամի՝ Երուսաղէմի Հայերը զանոնք կրնային հրատարակել 20-30-ական թուականներուն, բայց չեն ըրած։ Կայ աւելին. Միացեալ Նահանգներու Հայոց համագումարը խնդրոյ առարկայ դիւանները միքրօֆիլմերու վրայ արձանագրած է, բայց այդ կողմերէն եւս ձայն չէ հնչած այս մասին։ Աքչամ ըսաւ որ իր նպատակը չէ մեղադրական նետեր արձակել այս կամ այն ուղղութեամբ, այլ պէտք է նայիլ դէպի ապագայ։ Եւ անգամ մը եւս շեշտեց, որ այդ ապագան պէտք է կերտուի հիմնարկներով, ինչպէս վերեւ ըսած էր արդէն եւ աւելցուց, որ ի բացակայութիւն հիմնարկներուն՝ գործը կը շարունակեն միայն իր նման քանի մը յամառներ։ “Բայց պիտի շարունակենք աշխատանքը, քանի որ դեռ այնքա՜ն մութ կէտեր կան յայտնաբերելիք այս թղթածրարին մէջ”, եզրակացուց թուրք պատմաբանը։
Երեկոյթին վերջին բաժինը, որ վերապահուած էր հարցում-պատասխաններուն, եղաւ նոյնքան երկար, որքան նոյնինքն՝ ասուլիսը, այնքան որ բազմաթիւ ու բազմապիսի էին ներկաներու հարցումները։ Աքչամ, համբերութեամբ եւ բարեխղճօրէն փորձեց բոլորին պատասխանել։ Որպէս եզրափակիչ խօսք՝ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր գիշերէն ետք կու գայ անպայման ցերեկ։ Սրահին ծափահարութիւններու տարափով վերջ գտաւ ասուլիսը, որմէ ետք պատմաբանը մակագրեց իր նորատիպ գիրքէն օրինակներ։
Յիշատակալի այս երեկոյթը վերջ գտաւ մտերմիկ հիւրասիրութեամբ մը, որու ընթացքին մասնակիցները,– բաժակները ձեռքերնուն,– շարունակեցին ջերմ զրոյցները։
Թ.Շ. ■ ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ