Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր Հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏը
Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Ս. Պատարագին պիտի մասնակցին «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրով համագումարի համար Անթիլիաս ժամանած մասնագէտները, ներառեալ միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտոր Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան։
Սիրով կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. Պատարագին եւ լսելու այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին սրտառուչ պատգամը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ