Պէյրութ հրատարակուող լիբանանեան ծանօթ «Նահար» օրաթերթը 26 ապրիլ 2021-ի իր թիւով հրապարակած է պատառիկ մը լիբանանցի ծանօթ գրագէտ Միխայիլ Նայիմէի Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրութենէն: Անոր եղբօր աղջիկը` Սուհա, յայտնաբերած է գրութիւնը` մաշած վիճակի մէջ: Թերթը կախման կէտ դրած է հոն, ուր անհասկնալի է կամ կարելի չէ եղած վերծանել:
Ստորեւ, 46 տարի առաջ` ապրիլ 1975-ին Նայիմէի դողահար ձեռքով գրուած այդ գրութեան թարգմանութիւնը.
***
Մարդկային պատմութեան ամէնէն տգեղ էջերը այն էջերն են, որոնք թաթախուած են արիւնովը անմեղներուն, որոնք պարզապէս կը տարբերին իրենց ցեղային, կրօնական ու լեզուական պատկանելիութեամբ: Հայ ժողովուրդը այն ժողովուրդներէն է, որոնք շատ տառապեցան այդ նողկանքէն: Այսուհանդերձ, շնորհիւ իր վճռականութեան, ջերմ հաւատքին ու իր գոյութեան իրաւունքին նկատմամբ վստահութեան` յաջողեցաւ շրջանցել այդ բոլորը եւ ամոքել վէրքերը ու վերագտաւ իր ուժերը եւ սկսաւ շարունակել… բարձր ճակատով, վճռակամութեամբ ու խոյանքով…: