Հէյ հէ՜յ … Հէյ հէյ …
Ղարաբաղի մէջ կարծես գարունը հարս պիտ՛ ընեն …
Թեւաւորներ գոյնզգոյն
Վրան նուշի ծառերուն
Նորածաղկուն ճերմակէն հարսի հագուստ կը ձեւեն
Թեւաւորներ ալ ուրիշ
Կտուց կտուց կտուցի
Հարս քոյրիկի հագուստին թել կը մանեն շերամէն:
Թիթեռ թիթե՜ռ թիթեռներ
Որպէս նաժիշտ հարսընկեր
Ֆուլեաներէն վարդերէն անուշահոտ կը բերեն:
Ծղրիթներ ալ թառ նստած
Շուրջը նուրի ծաղիկի
Բաժակներուն մէջ կարծես ցօղէն գինի կը քամեն:
Անդին տանձեր կէս կիսուած
Կարծես կիթառ են դարձած
Հարսնցուի սիրահար սոխակներուն երգահան:
Դե՜ռ նախանձէն կարմրած
Կակաչները հարեւան
Ֆէսերն իրենց շարժելով փեսայ ըլլալ կը ցանկան
Բայց թեւիկնր կը չուեն
Դէպի բոյնը Նայիրեան
Ու Սեւանի գարունէն հարսին փեսայ կը բերեն:
Գրող՝ Ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան