ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը մեծ թափով կը պատրաստուի բեմադրելու Ռէյ Քունիի «Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ» (Funny Money) կատակերգութիւնը:
Ծիծաղաշարժ եւ իր դաւադրական դարձուածքներով շատ հետաքրքրական այս կատակերգութիւնը Ռէյ Քունիի երրորդ գործն է, զոր նախաձեռնած է բեմադրելու արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան:
Արդարեւ, 2003ին բեմադրուեցաւ «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» կատակերգութիւնը, իսկ 2009ին՝ «Հայրս Ո՞վ Է» կատակերգութիւնը, որոնք մեծ յաջողութեամբ պսակուեցան եւ ներկայացուեցան Ամերիկայի ու Գանատայի հայահոծ գաղութներէն ներս:
Երկու նոյնանման պայուսակներու սխալմունքը առանցքը կը կազմէ այս քրքջալից կատակերգութեան, երբ գլխաւոր դերակատարը կը ջանայ դրամով լեցուն պայուսակով մը ճամբորդել: Սակայն աննախատես զանազան խոչընդոտներ արգելք հանդիսանալով՝ կը դժուարացնեն իր ծրագիրը, մինչեւ որ դժուար հանգոյցը քակուի եւ ամէն ինչ բացայայտուի:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 9 Յունուար, Կիրակի, 10 Յունուար, Շաբաթ, 16 Յունուար եւ Կիրակի, 17 Յունուար 2016ին, ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, իսկ Կիրակի, 24 Յունուար, Շաբաթ, 30 Յունուար եւ Կիրակի, 31 Յունուար 2016ին՝ ՀԲԸՄի Քանոկա Փարքի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի թատերասրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կը խնդրուի հեռաձայնել ՀԲԸՄի գրասենեակ՝ (626) 794-7942 թիւով: