ՖՈՒԹՊՈԼ
ՀԵԸ Անդրանիկ կարեւոր յաղթանակ մը եւս արձանագրեց Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային փուլին՝ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քեմիտ էլ Լոզը (կիսախաղ՝ 2-1): Մրցումը տեղի ունցեաւ Ուրբաթ, 23 յուլիս 2021, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պհամտունի մէջ:
Երկու մրցումներէ ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ ապահոված է առաւելագոյնը՝ 6 կէտ: ՀԵԸ Անդրանիկ տակաւին երկու մրցում ունի կատարելիք: Յաղթանակ մը՝ բաւարար է, որ ան բարձրանայ Գ. դասակարգ:
ՀԵԸ Անդրանիկի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիսելէ Թուրա խումբը: Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 օգոստոս 2021-ին:
Նորանոր յաջողութիւններ ՀԵԸ Անդրանիկի ֆութպոլիստներուն: