Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ատենապետ Վիգէն Չերչեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, անոր գրասենեակին մէջ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ շնորհաւորելու նախարար Օհանեան-Գէորգեանը՝ իր ստանձնած պաշտօնին առիթով: Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ նախարարուհիին ՀԵԸ-ի գործունէութեան շուրջ:
Նախարարուհին բարձր գնահատեց երիտասարդութեան դերը մեր ընկերութեան մէջ աշխուժացնելու Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան աշխատանքները, վստահեցնելով որ նախարարութիւնը պատրաստ է մարզական, երիտասարդական տարբեր ոլորտներու մէջ աջակցութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ