Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի խումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներու ֆութպոլիստներուն հետ։
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան:
Մխիթարեան Հայաստան եկաւ Էսթոնիոյ (24 Մարտ) եւ Լիթուանիոյ (27 »արտ) դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումներուն մասնակցելու համար:
Վերջերս Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը գլխաւորեց արժանթինցի Ֆերնանտօ Արիէլ Պաթիսթա, իսկ 17 տարեկանէն վար հաւաքականը արժանթինցի այլ մարզիչ մը՝ Կապրիէլ Տարիօ-Տի Նոյա: