Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի ընթացքին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերուեցաւ 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար: Այս մասին յայտարարուեցաւ հեռուստամարաթօնի աւարտին:
«Արարենք միասին» խորագիրով հեռուստամարաթօնին միջոցներով պիտի շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք սկսած էին նախորդ տարուան՝ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով հեռուստամարաթօնին միջոցներով:
Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան գարգացման համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրն է: Մարտունիի ու Ասկերանի շրջաններու մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի պիտի դառնայ, ոռոգման ջուրը պիտի հասնի արցախցիներու խաղողի, ցորենի դաշտերուն, պտղատու այգիներուն: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է ատոր համար: Կ՝ընթանան հորատանցքերու վրայ կայաններyu կառուցման աշխատանքները:
Հեռուստամարաթօնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի կիրառումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշիի շրջանէն: Պիլոտային էր Քարինտակ համայնքը, ուր արդէն 50 տուն կ՝օգտագործէ այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019-ին արեւային ուժանիւթէն պիտի օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի բնակավայրերը:
Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէն, «Հեռուստամարաթոն- 2018»-ին նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի համայնքային ենթակառուցուածքներուն, որոնք պիտի խթանեն աշխատատեղերու ստեղծումը: