Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական եւ ընկերային մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, մարոնիներու Ռայի պատրիարքին վերջերս դրսեւորած կեցուածքը Լիբանանի չէզոքութեան գծով, դուռը բացաւ առանց այդ ալ երկրի քաղաքական բեւեռացած իրավիճակի խորացման: Աւելի՛ն, ներկայ պայմաններուն մէջ նման հարցի արծարծումը կանաչ լոյս բացաւ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ» փորձողներուն առջեւ: Փաստօրէն, վերջին 48 ժամերուն այս գծով թեր ու դէմ կարծիքներ հրապարակուեցան` փորձելով վիհ ստեղծել Պաապտայի եւ Տիմանի միջեւ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ վերահաստատեց Լիբանանի չէզոքութեան գծով իր կեցուածքը նշելով, որ անոր կիրարկումը շահեկան է բոլորին համար եւ թէ ան իր այս կեցուածքին իրականացման գծով պիտի դիմէ տեղական, արաբական թէ միջազգային շրջանակներու եւ օրինական հարթակներու:
Այս ծիրին մէջ նախկին վարչապետ, նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի անդրանիկ որդին` Պահա Հարիրի փութաց իր զօրակցութիւնը յայտնելու Ռայի պատրիարքի կեցուածքներուն` նշելով, որ «Հըզպալլայի ժանիքները կը խորացնեն Լիբանանի մէջ տիրող վիհը»:
Նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով, Ռայի պատրիարքին վերագրուած կեցուածքը այն չէր, ինչ որ ան պարզած էր Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Աունի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, պատրիարքին կարծիքը ձորի մէջ պէտք չէ արձագանգէ, այլ անիկա պէտք է ամրագրուի համախոհութեամբ ու զօրավիգ կեցուածքներով եւ ոչ թէ անոր շահագործումով:
Այս գծով օրէնսգէտ փրոֆ. Անթուան Սէյֆ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին առաջադրած չէզոքութեան վարկածը չի նշանակեր չէզոք մնալ Պաղեստինեան հարցին գծով ընդդէմ Իսրայէլի, այլ անիկա կը միտի վերադառնալ երբեմնի Լիբանանի հեղինակաւոր դրական չէզոքութեան, հեռու` արտաքին քաղաքական բեւեռացումի մթնոլորտին մէջ մխրճուելէ, պահելով Արեւելք-Արեւմուտք քաղաքակրթական կամրջումի իր առաքելութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի ինքնիշխան հեղինակութիւնը` նշելով, որ երկրի ներքին համերաշխութեան ամրապնդման ճիգերուն ծիրին մէջ քուլիսային քայլերը կը շարունակուին: Քրիսթով Մարթանի գլխաւորած Միջազգային կարմիր խաչի պատուիրակութեան հետ իր խորհրդակցութեան առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ նախագահ Աուն բացայայտեց, թէ ճիգեր կը թափուին Լիբանանի մէջ 1975-էն ի վեր անյայտացած անձերու ճակատագիրին յստակացման գծով: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ անոնց հարազատներուն իրաւունքն է իմանալ պատերազմական պայմաններուն պատճառով անոնց վիճակուած ճակատագիրին մասին:
Քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հասսան Տիապ այսօր այցելէ Ռայի պատրիարքին ամառնային նստավայրը` Տիման, եւ սրտբաց զրոյց ունենայ օրուան հրատապ թէ խնդրայարոյց հարցերուն շուրջ: