Մերի Սահակեանի ներկայութիւնը գրական դաշտին մէջ այսօր կարեւոր կը նկատուի: Անոր ստեղծագործելու առիթ հանդիսացած է յորդորը իր դստեր, որուն համար մայրը միշտ հեքիաթներ յօրինած է: Աղջիկը ըսած է. «Մայրի՛կ, ինծի նախորդ օրուան հեքիաթը պատմէ»: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ Մերի Սահակեան թուղթին յանձնէ իր յօրինածը, եւ բազմաթիւ ուրիշ մանուկներ վայելեն Մերիի լուսաւոր հեքիաթները:
Մերին ծնած է Երեւան, մանկութեան օրերուն ամառները գացած է Չարդախլու գիւղը: Ան իր հեքիաթներուն բառերն ու տողերը դաշտերէն քաղած է: Բառն ա՛լ, տողն ա՛լ դաշտի ծաղիկներ են: Իրական աշխարհին մէջ շատ բաներու չհասած Մերին, բացը կը լրացնէ հեքիաթներու հերոսներու միջոցով: Հեքիաթներու հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ իրմէ մաս մը կայ: Անոր համար բախտաւորութիւն է իրական աշխարհէն վեր բարձրանայ եւ երեւակայական աշխարհը ընկալել իր ողջ շքեղութեամբ, բազմազանութեամբ եւ զգայական ընկալումներով: Միայն վերերկրայինը, աննիւթեղէնը կրնայ զինք գոհացնել իրականութան մէջ: Այս աշխարհին մէջն աւելի խօսած է բնութեան հետ, բնութեան հետ կապը շատ աւելի սերտ եղած է: Զրուցած է ծառին հետ, ձեռքին գրիչը երբեմն բարձրախօս թուացած է, իսկ ինքնիրեն կարծած է երգչուհի: Երբեմն զգացած է, որ արքայադուստր է, երբեմն` ծառայ, երբեմն աղքատ: Ոչ միայն հեքիաթով ապրած է, այլեւ ապրած է հեքիաթին մէջ: Ըստ Մերի Սահակեանի, իրենց տան մէջ հեքիաթ պատմող չէ եղած, ինք ատոր կարիքը մեծապէս զգացած է: Նստած ու իրեն համար հեքիաթներ յօրինած է: Յետոյ անդրադարձած է , որ հեքիաթները ուրիշներն ալ հետաքրքրած են: Ըստ իրեն, առանց հեքիաթի չկայ մանկութիւն, առանց մանկութեան ալ, ո՛չ հեքիաթ կայ, ո՛չ ալ կեանք: Հեքիաթը երազի եւ երազելու հետ կապուած երեւոյթ է: Առանց երազելու ապրիլ հնարաւոր չէ: Մարդը կենդանին կը տեսնէ որպէս պատկեր, բայց պատկերէն այն կողմ պատկերացում պէտք է ըլլայ: Կենդանին ալ պատութիւն ունի, ինչպէս մարդը: Թէեւ խօսողը կենդանին չէ, բայց կենդանին խօսեցնելն ալ արուեստ է: Կենդանիներ պատկերելը հեքիաթ չէ, պատկերագիրը հեքիաթագիր չէ: Կենդանիները կերպարներ են, հեքիաթի մէջ գործող կերպարներ, հերոսներ: Կենդանիներն ալ ունին բնաւորութիւն, բնութիւն ունին, կենդանական բնազդ ու հոգի ունին: Անոնք ալ սահման ունին, օրէնքներ, կենդանական փոխյարաբերութիւններ: Հեքիաթը կը զարգացնէ մարդը, մասնաւորապէս երեխային երեւակայութիւնը: Մերիին համար հեքիաթը աշխարհի մէջ աշխարհ է, ուր ինքզինք լաւ կը զգայ: Հեքիաթը կեանք է, եթէ ոչ կեանքն է, պատմութիւն է, պատմուածքի նման բան մը: Հեքիաթը մեծերու համար է, պիտի գրել-պատմել այնպէս, որ երեխաներն ալ իմանան: Հեքիաթի աւարտը գեղեցիկ ըլլալու է: Բոլոր ժողովուրդներու հեքիաթները ոսկէ կանոն ունին, բարին յաղթելու է չարին: Սակայն կեանքը վարդագոյն չէ, երեխաները պէտք է գիտնան, որ երբեմն չարն ալ կը յաղթէ, բայց չարին վերջը լաւ պիտի չըլլայ: Գեղեցիկը Աստուծոյ ստեղծածն է, բնութիւնը: Աղտոտութեան մէջ պտտողը գեղեցիկ բան չի գտներ:
Մերին երջանիկ ստեղծագործող է: Անոր ստեղծագործութիւնները բեմականացուած են երեխաներու խաղերով: Ան ունի ե՛ւ իր ընթերցողը, ե՛ւ ունկնդիրը, ե՛ւ հանդիսատեսը, որոնց շարքերուն մէջ երեխաներու կողքին քիչ չեն նաեւ չափահասները: