Ռ. Հ.
Միշտ խօսուած է հէմշինցիներու մասին, եւ միշտ ալ առաջին կարգի վրայ ընդգծուած է, որ հէշմինցիները կը խօսին կամ կը խօսէին հայերէնի իւրայատուկ բարբառով մը։ Շատ բան կարդացած ենք հէմշինցիներուն մասին, բայց բնաւ գաղափար ունեցած չենք թէ ինչպէ՞ս էր հէմշինցիներու հայերէն բարբառը, որքա՞ն նոյնութիւն կամ նմանութիւն կար մեր հայերէնին ու անոնց հայերէնին միջեւ։ Հիմա գիտենք այլեւս ու ատիկա կը պարտինք «Արաս» հրատարակչատան, որ իր օգտաշատ ու հետաքրքրական հրատարակութիւններու շարքէն՝ քանի մը օր առաջ հրապարակ հանեց Մահիր Էօզքանի «Հէմշէնեան Պատմուածքներ» )Հէմշին Էօյքիւլէրի անուն գիրքը։
Այս հետաքրքրական գիրքը, որ ինչպէս անունէն ալ կը հասկցուի, կը բովանդակէ հէմշինցիներու կեանքէն պատմումներ, ընթերցողին կը փոխանցուի երեք լեզուներով. թրքերէն, հայերէն, բայց ամէնէն առաջ հէմշինեան հայերէն։ Եւ այս կերպով ալ լրիւ գաղափար կ՛ունենանք, թէ որքան մօտիկութիւն կամ հեռաւորութիւն կայ մեր հարազատ հայերէնին ու հէմշինցիներու հայերէնին միջեւ։ Գիրքը հէմշինցիներու լեզուով կը կոչուի «Համշէցնակ Հէքիաներ»։ Մօտաւորապէս 22 պատմուածքներ կան այստեղ, որոնք գիրքին առաջին բաժինին մէջ հրատարակուած են ամէն էջի վրայ դէմ դիմաց թրքերէնով ու թրքատառ հէմշիներէնով։ Այս կերպով ընթերցողը կրնայ տեսնել իւրաքանչիւր տողի թէ՛ հէմշիներէնը, թէ՛ թրքերէնը։ Իսկ գիրքին երկրորդ բաժինին մէջ նոյն պատմուածքները տրուած են հայատառ հէմշիներէնով։ Անգամ մը եթէ կարդալու սկսիք, մանաւանդ այս հայատառ հէմշիներէն բաժինը, կը զարհուրիք այսպիսի գիրք մը հրատարակելու դժուարութեան դիմաց, մանաւանդ հայու համար, քանի որ մեր գործածած հայերէնին ու հէմշինցիներու հայերէնին միջեւ լեռներու չափ տարբերութիւն կայ, եւ այդ իսկ պատճառաւ չափազանց կը դժուարանայ անոնց ընթերցումը կամ արտասանութիւնը։ Այս չափազանց դժուար գործը գլուխ հանուած է «Արաս» հրատարակչատան խղճամիտ աշխատասիրող Արտաշէս Մարկոսեանին աշխատանքով, որ պատմուածքներու գիրքը վերածած է նաեւ բառարանի մը, ամէն բառի քով փակագիծ բանալով ու բացատրութիւն տալով։
Հեղինակը՝ Մահիր Էօզքան, աշխարհ եկած է Արդուինի Զելիքէտ )Աքտէրէ) գիւղին մէջ, աւարտած է գիւղին նախակրթարանը, ապա ուսանած է Չուքուրովա համալսարանի մէջ, մասնաւոր կերպով ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է հէմշինցիներու լեզուին մասին ու պատրաստած է «Հէմշինի Պատմուածքներ» անուն այս գիրքին ծրագիրը։
Որպէսզի մեր ընթերցողներուն գաղափար մը տանք թէ ինչպիսի լեզու մըն է հէմշինցիներու հայերէնը, այստեղ պիտի հրատարակենք առաջին պատմուածքին առաջին տողը, որ կը պատկանի «æատուի Հէքիաներ» կոչուած պատմուածքին )Վհուկի կամ Ճատըի պատմուածքներ)։
«Լեռնուքէ վախի հէքիա անկուջ դենուշէ շատ սէֆալի կ՛էլլի»։ Այս նախադասութիւնը մեր հայերէնով սապէս է. «Լեռներու վրայ, վախի պատմուածքներու ականջ դնելը շատ հաճելի կ՛ըլլայ»։
Նշենք որ հեղինակը այս գիրքը ձօնած է իր մօրը յիշատակին, որուն համար կը գրէ. «Հէմշինցիներու մոմի՝ մայրս Արտելեցի Սութիին, որ հարիւրաւոր տարիներու իր գանձը ինծի փոխանցելով օգնեց որպէսզի ես ե՛ս ըլլամ»։
Յուզիչ գիրք մըն է այս, որ մեզի համար վերջին հաշուով կը դառնայ ո՛չ թէ պատմուածքներու գրական հատոր մը, այլ՝ հէմշինցիներու հայերէնին մասին բառարան ու դասագիրք։