Հիւլէական պատերազմի վտանգները այժմ շատ իրական են, այդ վտանգները կարելի չէ թերագնահատել, կան շատեր, որոնք պատրաստ են արհեստականօրէն ուռճացնելու այդ սպառնալիքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան յիշեցուցած է, որ յունուարին «հիւլէական հնգեակ»-ի երկիրները վերահաստատած են այդ զէնքերու կիրարկման անթոյլատրելիութեան թեզը:
«Ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, մենք կը մեկնինք անկէ, եւ հիմա չէի ուզեր, որ երբ… վտանգները իսկապէս շատ են ու էական, արհեստականօրէն ուռճացուէին այս վտանգները: Վտանգը լուրջ է, իրական է, անիկա կարելի չէ թերագնահատել», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրները իրենց զօրքերը պիտի չուղարկեն Ուքրանիա:
«Ոչ մէկ պարագայի պէտք է Համաշխարհային Գ. պատերազմ արտօնենք, ճիշդ այս ծիրին մէջ կը դիտարկուին Զելենսքիի եւ անոր խումբի մնայուն սադրանքները, որոնք կը պահանջեն Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պաշտպանելու համար ՕԹԱՆ-ի զօրքեր մտցնել: Եւ բոլորը միշտ կ՛ըսեն, որ զէնք պիտի տան, ինչ որ, ի հարկէ, նաեւ կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ: Անոնք այս զէնքի մատակարարումներով կ՛ուզեն ուքրանացիներուն ստիպել Ռուսիոյ հետ մինչեւ վերջին զինուորը կռուիլ, միայն թէ այս տագնապը երկարի, միայն թէ Ռուսիան ատկէ աւելի ու աւելի տուժէ, ինչի յոյսը անոնք ունին», ըսած է Լաւրով:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու բոլոր ղեկավարները կը բացառեն դաշինքի ներգրաւումը Ռուսիոյ հետ ուղիղ բախումի մէջ, բացառութեամբ Լեհաստանի ղեկավարութեան:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի, «Սի.Էն.Էն.»-ի եթերէն անդրադառնալով Լաւրովի խօսքերուն, յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատճառ չեն տեսներ, որ ուքրանական տագնապը վերածուի հիւլէականի, եւ չեն փոխեր իրենց զսպող ուժերու պատրաստութեան աստիճանը:
«Ես համաձայն եմ պարոն Լաւրովի հետ, որ հիւլէական պատերազմի մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ, եւ զայն պէտք չէ սկսիլ: Ուքրանիոյ մէջ ներկայիս տագնապին այդ (հիւլէական) մակարդակին հասնելու պատճառ չկայ: Ինչպէս նախապէս ըսի, մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք կացութեան: Մենք չենք տեսներ որեւէ բան, որ մեզի պիտի ստիպէ փոխել մեր ռազմավարական հիւլէական զսպման ուժերու պատրաստութեան աստիճանը, մեր երկիրը եւ մեր դաշնակիցները պաշտպանելու մեր պատրաստակամութիւնը», ըսած է ան: