ՀԲԸՄ «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ Մարտ 12-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ի 60 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը: Այն կը նախագահէր շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժիրայր Թուֆէնքճեան: Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀԲԸՄ ղեկավարներ, պետական այրեր, այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ:
Հանդիսութեան մեկնարկին մասնակիցներուն յանձնուեցաւ «Խօսնակ»-ի բացառիկ ստուարածաւալ համարը: Այնուհետեւ վաւերագրական տեսանիւթով ներկայացուեցաւ ամսաթերթի անցած ողջ ճանապարհը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Խօսնակ»-ի մշակութային յանձնաժողովի անդամ Յովիկ Առաքէլեան: Ընթերցուեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի օրհնութեան, ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքերը:
Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան մշակութային համարներ, որոնցմով հանդէս եկան երիտասարդ երգիչ Արամ Շահպազեան, դաշնակահար Ալեքս Պապահէքեան, ՀԵԸ «Արին» պարախումբը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Հաբոյեան անդրադարձաւ հայ-լիբանանեան սերտ համագործակցութեան, ներկայացուց Լիբանան ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցի մանրամասնութիւնները եւ ուրախութեամբ նշեց, որ Լիբանանի ղեկավար այրերը գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ խօսած են հայ համայնքի մասին` շեշտելով հայերու աշխատասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը, համայնքի կազմակերպուածութիւնը: Նախարարը կարեւոր համարեց Բարեգործականի 112-ամեայ գործունէութիւնը, անոր բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
««Խօսնակ»-ը բազմավաստակ կառոյցի` Բարեգործականի վառած անմար ճրագներէն մէկն է, որ կը լուսաւորէ հայ ընթերցողներու` դէպի իմաստութիւնն ու սեփական էութիւնը տանող ճանապարհը: Իր 60-ամեայ երթի ընթացքին «Խօսնակ»-ը մշտապէս նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերած է հայ համայնքէն ներս առկայ խնդիրներուն, պատշաճ ներկայացուցած է Բարեգործականի ձեռնարկները, իր երթին մէջ եղած է աներեր եւ վառ պահած հայկական ոգին ու ազգային ինքնագիտակցութիւնը` սէր եւ նուիրում սերմանելով Հայրենիքի հանդէպ: Իր հրապարակումներուն մէջ մշտապէս անդրադառնալով համահայկական խնդիրներուն` ամսագիրը կիզակէտին մէջ պահած է ազգային մնայուն արժէքները: Հեռաւոր 1956թ. էր, որ արդէն պատկառելի տարիք ունեցող ՀԲԸՄ- լիբանանեան կառոյցը ստեղծեց իր Վետերաններու յանձնախումբը` Հազարապետ Պօղոս Բէյ Թուրսարգիսեան, Ասատուր Մակարեան, Արա Թօփչեան, Սիսակ Վարժապետեան ազդեցիկ մտաւորականներու կազմով»,-նշեց նախարարը:
Անդրադառնալով պաշտօնաթերթի բոլոր ժամանակներու խմբագիրներու գործունէութեան` նախարարը այն որակեց իբրեւ ազգապահպան եւ առաքինի գործ: «Այսօր կան եւ մեր կողքին են Սարգիս Մինասեանը, Պարոյր Աղբաշեանը, Արամ Սեփեթչեանը, Համբիկ Մարտիրոսեանը, որոնք կը շարունակեն աշխուժօրէն ստեղծագործել` հարստացնելով մեր մշակութային կեանքը: Անոնք իրենց ներկայութեամբ եւ արժէքաւոր յուշերով կրնան ա՛լ աւելի իմաստաւորել եւ ամբողջացնել «Խօսնակի»` իրենց ապրած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը»,-ընդգծեց նախարարը:
Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնն ու Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ամսագրի առանցքին են, եւ պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն այն լրատուամիջոցներու, որոնք դէպքէ դէպք կ’անդրադառնան Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, «Խօսնակը» իր իւրաքանչիւր համարին մէջ նիւթեր կը հրապարակէ Հայրենիքի, սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող սոցիալ-քաղաքական, կրթամշակութային եւ շարք մը այլ իրողութիւններու վերաբերեալ: «Այսպէս, 2017 թուականի 8-9 միացեալ համարը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Հայաստան – Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին` հրատարակելով ՀՀ Նախագահի, Վեհափառներու, միւս ելոյթ ունեցողներու ելոյթները: Կարելի է վստահօրէն ըսել, որ համաժողովի քիչ թէ շատ կարեւոր որեւէ իրողութիւն չվրիպեցաւ «Խօսնակի» ամենատես ուշադրութենէն: Այդպէս է մօտեցումը առհասարակ Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիււր իրադարձութեան վերաբերեալ»,-նկատեց նախարարը:
Այնուհետեւ Հրանոյշ Յակոբեան «Խօսնակ»-ի նախկին խմբագիրներ Սարգիս Մինասեանին եւ Պարոյր Աղբաշեանին փոխանցեց ՀՀ վարչապետի մետալը, իսկ ներկայիս խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: Համբիկ Մարտիրոսեան ատենապետ Ժիրայր Թուֆէնքճեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ յատուկ յուշանուէրով:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան պատուոգիրներ յանձնեցին ամսաթերթի աշխատակիցներուն:
Հանդիսութեան աւարտին խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ՀԲԸՄ-ի երախտաւորներուն, «Խօսնակ»-ի բոլոր ժամանակներու աշխատակիցներուն: