Ապրիլ 10-ին, ժ.17:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագիտուհի Վարդուհի Վարդերեսեանի մեծարման երեկոն, որուն պիտի մասնակցին պաշտօնատար անձիք, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան:
Վարդուհի Վարդերեսեան պիտի ընթերցէ հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ:
Մեծարման երեկոյին պիտի ներկայացուի Վարդուհի Վարդերեսեանի անցած ուղին, պիտի ցուցադրուին հատուածներ «Մօր սիրտը», «Պատուի համար», «Կարինէ» ֆիլմերէն, «Իմ սիրտը լեռներում է» ներկայացումէն, պիտի ընթերցուին հայ կինոյի, թատրոնի եւ գրականութեան մեծերու կարծիքները մեծ դերասանուհիին մասին:
Երաժշտական կատարումներով հանդէս պիտի գան օփերայի մեներգչուհի Արեւիկ Բաղդասարեան, ջութակահար Դաւիթ Պիվազեան եւ սուրիահայ երեխաներու «Շառաւիղ» երգչախումբը: