ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ այցելեց Պուրճ Հասուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ու քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներուն հետ:
Հանդիպումէն ետք Բիւրոյի ներկայացուցիչը քաղաքապետին եւ խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Պուրճ Համուտի շինարարական ծրագիրներու իրականացման տարբեր վայրեր, որոնցմէ` թափօններու թաղման բարեկարգուած վայրը եւ բարձր գնահատեց շինարարական, վերանորոգման եւ քաղաքաշինութեան բազմաոլորտ աշխատանքները:
Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ բնակարանային ծրագիրի նախաձեռնութիւնը գնահատելով` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց հայահոծ Պուրճ Համուտի բնակեցման եւ զարգացման հրամայականը: