Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մեծանունները մարդ են` իրենց տկարութիւններով եւ հոգեկան խնդիրներով: «Հոգեկան առողջութիւնը անոնց, որոնք աշխարհը ստեղծած են» գիրքով (La santé psychique de ceux qui ont fait le monde, Patrick Lemoine, ed. 0dile Jacob, 2019, 288 էջ) Փաթրիք Լըմուան լուսարձակի տակ կը բռնէ մեծ դէմքեր եւ անոնց հոգեկանը:
Քուէատուփերու առջեւ կանգնողներ պիտի չկարդան այս գիրքը` ըստ ընտրելիի հոգեկան առողջութեան քուէարկելու համար:
1997-ին լոյս տեսած գիրք մը` «Այս հիւանդները, որոնք մեզ կը կառավարեն» (Ces malades qui nous gouvernent) անդրադարձած էր հարցին: Փաթրիք Լըմուան որպէս հոգեբուժ ախտաճանաչումներ կ՛ընէ:
Բժիշկը զօրակոչիկը կը քննէ, ոչ ուսուցանելու թեկնածուն, երբ անոր աշխատանքը այնքան զգայուն է: Հանրութեան ծառայելու կոչուածը (եւ ինքնակոչը) չեն քննուիր հոգեբուժի կողմէ: Եթէ քննուէին, թերեւս մարդոց կը խնայուէին… ողբերգութիւններ:
Մուտքի ենթախորագիր մը (էջ 10). «Իշխանութիւնը. վտանգաւոր հիւանդութի՞ւն մը»: Կ՛ըսէ. «Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ իշխանութիւնը խորապէս փոփոխութեան կ՛ենթարկէ անասունի ուղեղը, ինչպէս` մարդուն»: «Էապէս ենթադրելի է հոգեկան դիւրաբեկութիւնը այն անձին, որ կ՛ընտրէ իր կեանքը անցընել` միշտ ճիշդ մտածելով, հանրութեան տիրապետելով, ի դէպ` ժողովուրդին, բնութեամբ, կամ ոչ, ստորադաս, ենթարկուած, եւ բռնապետութեան ծայրայեղ պարագաներուն, պատժելի, ըստ կամս շահագործելի»: «Նման արհեստ մը ընտրել, նման գործունէութիւն, կրնայ հետեւանքը ըլլալ անհաւասարակշռութեան մը, կամ` նախապէս գոյութիւն ունեցող իւրայատկութեան մը: Քանի որ հոգեկան կերպով դիւրաբեկ ենք, կ՛ընտրենք նման արհեստ եւ ոչ հակառակը: Ուշադիր ընթերցողը կրնայ ընդգծել իսկական յարակարծութիւն մը (paradoxe). անոնց, որոնց մաշկը հաստ է, իրաւ կարծրերը, անկասկածները, ամէնէն դիւրաբեկները չե՞ն: Այո՛, միշտ ըստ հոգեբուժի հայեցակէտին, լաւ հոգեկան առողջութիւնը ինքզինք հարցականի կարենալ ենթարկել է, պատշաճիլ, մինչդեռ կարծրութիւնը տկարութիւն է, կ՛աղքատացնէ ենթական, կը չորցնէ: Ոչ առաջնորդի տեսանկիւնէն, քանի որ ան համոզուած է, որ ինք լաւագոյնն է» (էջ 11-12):
Հեղինակը ընտրած է դէմքեր` հին դարերէն գրեթէ մինչեւ մեր օրերը: Գիրքը կը կարդացուի վէպի մը պէս: Հոգեբուժը կը խօսի, իր խորացումէն ետք կ՛ընէ դարմանման թելադրութիւններ: Եթէ ենթակաները իրենք գիտնային, եթէ իրենց շրջապատը գիտնար… Այսօր ալ, վասն մարդոց բարիքին, եթէ «Հոգեկան առողջութիւնը անոնց, որոնք մեզ կը կառավարեն»-ի քննութիւնը ըլլայ օրէնք, մարդկութիւնը թերեւս աւելի երջանիկ կ՛ըլլայ, միլիոններով զոհ եւ սովահար չենք ունենար, զանգուածները արմատախիլ չեն ըլլար, դրամի միջազգային անհոգի կայսերապաշտութիւնը չ՛իշխեր:
Փառասիրութիւններու ախտաճանաչումը լոյս կը սփռէ դժբախտացնողներուն եւ դժբախտացողներուն վրայ: Օգտակար պիտի ըլլար գիրքին ընթերցումը: Տարբեր որակ կ՛ունենային ընտրութիւնները, գիտակցութեամբ կ՛առաջնորդուէին ընտրող եւ ընտրուող: Ճիշդ կը կողմնորոշուէր դժուար ճակատագիր ունեցած հայ ժողովուրդը: Արդարեւ, ընկերութեան կեանքը առաջնորդողը հաւասարակշռուած, առողջ եւ առողջ դատողութեամբ մարդ պէտք է ըլլայ, ենթակայ չըլլայ հոգեբանական ճնշումներու:
Ներածականը կը դնէ հիմնական հարցը. «Նոյնիսկ եթէ յաճախ մենք կարգ մը առաջնորդներ կ՛որակենք բացայայտ մենատէրեր, հոգեհերձուածներ (հոգեկան հիւանդներ), կը միտինք առաւել կամ նուազ գիտակցաբար թողութիւն տալ մեր ղեկավարներուն, ոչ անոնց բոլոր այլանդակութիւններուն, բայց` ոչ բացայայտ մտային ախտէ, կարծէք անոնց գրաւած գերազանց եւ բարձր դիրքը, յարգելի նոյնիսկ, ըլլար նշանը, որ իրենք զերծ են անոնցմէ: Կարծէք չէինք կրնար քուէարկած ըլլալ ի նպաստ հիւանդներու: Ի՞նչ է իրականութիւնը (ընդգծ. Յ. Պ.)» (էջ 9-10):
Կը սկսի հոգեբուժի ախտաճանաչման փորձը. Շարլ տը Կոլ, Ուինսթըն Չըրչիլ, Ժոզեֆ Ստալին, Ատոլֆ Հիթլեր, Մաքսիմիլիեն տը Ռոպեսփիեր, Նափոլէոն Պոնափարթ, Մարի Անթուանեթ, Մեծն Կատարինէ (Ռուսիոյ) եւ Լուդովիկոս ԺԴ., հիներէն` Շարլ Քենթ (Ե), Ժան տ՛Արք, Յիսուս Քրիստոս, Յուլիոս Կեսար, Աղեքսանդր Մեծ, Պուտտա, դեռ` Սողոմոն թագաւորը, Սաւուղը, Դաւիթ եւ նոյնիսկ… Եհովա…
Հեղինակը հարցեր կը դնէ, որոնց պէտք է պատասխանէ ամէն քաղաքացի, քանի որ ան պատասխանատու է իր սխալ ընտրութեամբ կամ կրաւորականութեամբ:
Հարցումներ. «Որո՞նք են ուժերը եւ տկարութիւնները իշխանութեան գլուխ գտնուող իւրաքանչիւր կնոջ եւ մարդու:… Ոմանք զանոնք պիտի գերանցեն լաւագոյնին համար, ուրիշներ պիտի գերանցուին… յոռեգոյնին համար»: «Որո՞նք են այն հոգեկան խռովքները, որոնք զիրենք քանդած են, կամ` ներշնչած: Պայմանաւ որ գիտցած ըլլան զանոնք հունաւորել կամ` անոնցմէ ուժ ստանալ» (էջ 13):
Եւ պատմական մեծ օրինակը. «Ինչպէ՞ս Հիթլեր, որուն բոցավառ խենթութիւնը, բայց նաեւ մտային ցած մակարդակը այսօր բացորոշ կը թուին, յաջողած է համոզել, միաձուլել գերմանական հանրային կարծիքը, որ այլապէս այդքան նուրբ էր: Ինչպէ՞ս կրցաւ ժողովրդավարական եղանակով պետութեան գլուխը հասնիլ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը իրեն հետ տանիլ, եւ իր աւերող հունով` ամբողջ աշխարհը: Բայց, առանց հոն հասնելու, ինչպէ՞ս խանգարուած մարդիկ, այնքա՜ն անկայուն, կրցած են կառավարել մեր երկիրները» (էջ 13):
Նոյն բաժնին մէջ` հարցումը. «Ի՞նչ բանէ հիւանդ են մեր առաջնորդները (leaders): Կը սկսի քննութիւնը, մէկ առ մէկ, վերջաւորութեան ախտորոշում կ՛ընէ եւ դարման կ՛առաջարկէ: Կ՛ըսէ, որ այս «վերջին հաշուով տարբեր ընթերցում մըն է մեր մեծ մարդոց եւ կիներու կեանքերուն, տարբեր ընթերցում մը` մեր պատմութեան, դարմանատնային (clinique) ընթերցում մը, մանաւանդ` հիւմանիստական, որուն ձեզ կը հրաւիրեմ այս գիրքով» (էջ 16-17):
Կը քննէ զօրավար Շարլ տը Կոլը` «ազգի պատնէշը» (Ֆրանսայի), որուն համար կ՛ըսէ` «մեծ մարդ» մը, բայց` «ոչ գերմարդ»: Կ՛եզրակացնէ. «Ախտաճանաչում չկայ», քանի որ չէ յայտնաբերած ոչ մէկ «ախտաւոր վիճակ» կամ «հոգեբանական խանգարում», իր քննած մարդոցմէ այն քիչերէն, որոնք հոգեպէս եղած են առողջ (էջ 33):
Հիթլերի բաժնի խորագիրն է` «Հրէշի մը մանկութիւնը»: Եղած է անտուն, պատսպարուած է հասարակաց ապաստանարան մը եւ ապրած է վերարտադրելով բացիկներ (cartes postales): Սերած է անծանօթ մեծ հօրմէ մը, կ՛ըսէ` «հաւանօրէն հրեայ», իսկ հայրը յայտարարուած է որպէս ապօրինի զաւակ եւ կրած է մօր անունը: Արմատները` «խառնաշփոթ, մինչ ինք տեսաբանն է ցեղային զուտ արիական արմատներու»: Առաւել` «միջակ արուեստագէտ եւ վրիպած զինուորական»: Գեղարուեստից վարժարան կը դիմէ երկու անգամ եւ երկու անգամ կը ձախողի: Բանակին մէջ սուրհանդակ է, կը վիրաւորուի, կազային ռումբէն կը վնասուին աչքերը: Թէեւ ոմանք կը խորհին, որ ըստ ախտաւոր սովորութեան, հիւանդութիւն կը ձեւացնէ, ջլախտաւորի վիճակ (hystérie): Կը դրսեւորէ նաեւ այլ հիւանդութիւններ` այս կամ այն մարմնական ցաւերը կապկելով (pathomimie): Հիւանդանոցին մէջ կ՛իմանայ Գերմանիոյ պարտութիւնը, կը մերժէ այդ ընդունիլ: Փաթրիք Լըմուան կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Հիթլեր կը տառապի հալածախտէ, եսասիրութենէ, ինքնագերգնահատումէ, կասկածամտութենէ (paranoïa): Լաւ խօսող եւ ամբոխավար` յաջողած է լսուիլ: Բայց գիտակ եւ կիրթ գերմանացիները ինչպէ՞ս ընդունած են զինք: Հետեւանքը, կ՛ըսէ հոգեբուժը, «անտրամաբանական կամ աւելի ճիշդ` անտրամաբանականօրէն տրամաբանական, եղաւ այն, որ միլիոնաւոր գերմանացիներ եւ ամբողջ աշխարհը առաջնորդեց աննախընթաց աղէտի»: Իր ներածականին մէջ հոգեբուժը հարց կու տար, թէ ինչպէ՞ս նման մարդիկ կը հասնին կառավարման բարձրակէտի: Անցեալի եւ ներկայի քաղաքացիի կուրութեան, մեծ ու պզտիկ շահախնդրութիւններու մասին պէտք է խօսիլ: Չորս էջերով կը ներկայացնէ իր ախտաճանաչումը. «Եթէ իր հոգեբուժը եղած ըլլայի»,… «առանց տատամսելու երկար ժամանակով արգելափակում»,… դարմանում յատուկ դեղերու սրսկումով, քանի որ այլ ձեւով տրուած դեղերը կրնայ փսխել կամ թքել: Կ՛եզրակացնէ. «Միշտ վերապահ պէտք է ըլլալ փայլուն խօսողներէ (ֆրանսերէն` beaux parleurs, որ հայերէնի իմաստը չունի եւ կ՛ընկալուի բացասականօրէն), բեմբասացներէ է, եւ անոնցմէ, որոնք կը շողոքորթեն ամբոխը զայն աւելի ենթարկելու համար: Յաճախ դէպի պատ կ՛առաջնորդեն իրենց խումբերը եւ երբեմն ալ` ամբողջ ազգեր» (էջ 50-54):
Ստալին. «Ժողովուրդներու պզտիկ հայրը անկասկած բացարձակ թիւերով մարդկային պատմութեան ամենամեծ ոճրագործներէն է»: 15-60 միլիոն զոհեր:… «Միայն Մաօ Ցէ Թունկ կրնայ գերանցել այս մրցանիշը: Յիշեցնենք, որ իր բնակչութեան տոկոսային հաշուով Փոլ Փոթն է, որ կը ստանայ դափնին, եւ աշխարհի բնակչութեան տոկոսով Ճենկիզ Խան կը մնայ գարշելի յաղթականը» (էջ 57-58): Ստալինի երկու եղբայրները մեռած են, ինք ապրած է մահուան մղձաւանջով: Ալքոլամոլ հայրը զիրենք լքած է, այդ պատճառով ալ ինքնութիւն փնտռած է ձերբազատելու համար հօր պատկերէն: Վանական դպրոց կը յաճախէ, ըմբոստ է, յօդուած մը կը գրէ եւ կը բանտարկուի վանքի խուցը, կը դառնայ անաստուած: Լաւ աշակերտ, բայց` ըմբոստ, կ՛արտաքսուի աստուածաշնչական ընթերցումներու քննութեան բացակայելու եւ ոչ ուղղափառ ընթերցումներուն պատճառով: Հաւանօրէն դպրոցի տնօրէնին կողմէ ենթարկուած է սեռային նախայարձակման: Վանքը կը լքէ 20 տարեկանին: Գործօն անդամ է Ռուսիոյ ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան, կը բանտարկուի, կ՛աքսորուի Սիպերիա, կը փախչի, կը մասնակցի արիւնալի արարքներու, մասնաւորաբար Թիֆլիս` դրամ հայթայթելու համար Համայնավար կուսակցութեան: Այն ատեն կը հանդիպի Լենինի: Կրկին կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի: 1922-ին կը ստեղծէ ԿԷՓՈՒ-ն, որ պիտի դառնայ ՔաԺէՊէ (Քէյճիպի): Կը խորհի, որ միայն թշնամիներ ունի, կը պաշտպանուի Քրեմլինի պատերուն ետին, ուրկէ դուրս պիտի գայ միայն մէկ անգամ, Եալթայի ժողովին երթալու համար, այդ ալ` զրահապատ գնացքով: «Ծանօթ ընթացքը հասարակ բռնատէրի մը» ենթախորագրին տակ կը յիշեցնէ զրպարտութիւնները, կեղծուած դատերը, սպանութիւնները, աքսորները, 1937-ի մաքրագործումները, գիւղացիներու սեփականազրկումները, միլիոնաւոր զոհեր խլած կազմակերպուած սովերը: Կը խօսի 1939-ի երկու բռնատէրերու կնքած ուխտի մասին, մինչեւ որ «երկու խենթերէն մին» յարձակի միւսին վրայ: Կը գրէ. «Սարսափը կը տիրէ իր շուրջ. Քրեմլինի մէջ կամայական մահապատիժը կը սաւառնի բոլորին վրայ: Ոչ ոք ինքզինք պաշտպանուած կը զգայ մենատէրի քմայքներուն դէմ» (էջ 61):
Նոյն էջին վրայ կը կարդանք. «Ամէն անգամ որ մենատէր մը համոզուած է, որ կը գործէ մարդկութեան բարիքին համար, ինչպէս եկեղեցին` «Հաւատաքննութեան» օրերուն, կամ Ռոպեսփիեր` Ֆրանսական յեղափոխութեան, Ստալին պատրաստ է, իշխանութիւնը պահելու համար գործածելու բոլոր միջոցները»: Կ՛ըսէ. «Ինչպէս Հիթլեր, Ստալին ալ երբեք կասկած չէ ունեցած»: Էջ 65-ի վրայ կու տայ իր ախտաճանաչումը: Ստալին տառապած է հալածախտէ, կրքոտ իտէալիստ մը չէր: Կ՛ըսէ, որ` «չեմ հաւատար, որ գործած ըլլայ լաւ նպատակի համար»: Հաւանօրէն զառանցող (délirant) էր: Եղած է ուշիմ, խորամանկ, շնական (ցինիկ), առանց բարոյական ըմբռնումի: Տարիքին հետ շեշտուած է հալածախտը: Կ՛եզրակացնէ, որ` «եթէ իր հոգեբուժը ըլլայի, Հիթլերի պէս, առանց տատամսելու, արգելափակել կու տայի պետութեան ներկայացուցիչի մը պահանջով, երկար ժամանակով, դժուար բուժելիներու բաժնին մէջ: Դեղերը` սրսկումով, քանի որ բերնէն ստացածը կրնայ թքել լուացարանին մէջ»:
Ուինսթըն Չըրչիլի համար կ՛ըսէ «մեծ ընտանիքի զաւակ, բայց` քիչ շոյուած»: Մայրը թեթեւսոլիկ է, բազմազբաղ` բարեկամ-սիրածներով, եւ` քաղաքականութեամբ գերազբաղ հայր մը, որ կանխահաս մահ ունեցած է, ինչպէս իր ընտանիքի այրերը: Համոզուած եղած է, որ ինք ալ կանուխ կը մեռնի եւ «սկսած է շնչել, երբ հասած է 50 տարիքը»: Բարեբախտաբար ունեցած է զինք սիրող սնուցանողը: Սրամիտ է: Կացութեան յարմար անձ, երբ հայրենիքը վտանգուած է: Ըսած է. «Քաղաքականութիւնը նոյնքան գրգռող է, որքան` պատերազմը. պատերազմին կրնաս միայն մէկ անգամ սպաննուիլ, քաղաքականութեան մէջ` բազմաթիւ անգամներ» (էջ 73): Եղած է բազմատաղանդ: Թոթով, կամքի ուժով սրբագրած է այդ թերութիւնը եւ եղած` հռետոր: Ծայրայեղութիւններու մարդ է. ծխող, խմող, ծախսող: Մայրը ապագայ Եդուարդ Է. թագաւորի սիրուհին էր, գիտէր, ինքն իրեն ամէն բան կը թոյլատրէր: Դժուար կացութիւններու մէջ ինքզինք կը գերազանցէ. պատերազմ, ռմբակոծում: Նոյնիսկ կը մշակէ ցնորական ծրագիրներ: Ինք, որ ըսած է, թէ` «երբ ինքզինքս Ժան տ՛Արք կը զգամ, կը վերանամ» (էջ 78): Ինչպէս Նափոլէոն, Ժաք Շիրաք, Սալվատոր Տալի, Ուինսթըն Չըրչիլ կը տիրապետէ կարճ ցերեկաքունի (sieste) եւ անշնչութեամբ քունի (apnée) արուեստին (էջ 79): Ժառանգորդ է եօթը սերունդ մտագար եւ հոգեկան ճնշումներ ունեցած մարդոց: Եզրակացութիւն. «Եթէ իր հոգեբուժը ըլլայի, հոգեվիճակները կարգաւորող քիչ չափով դեղ մը կու տայի, նաեւ իր անշնչութեամբ քունին (apnée) համար գործիք մը կը դնէի:
Կը խօսի Նափոլէոն Պոնափարթի կարողութիւններուն մասին, կը ճշդէ, որ ան տասը տարեկանին Քորսիքայէն Մարսէյ ղրկուած, հօր պակաս ապրած է, չյաղթահարուած Եւպիտէսի բարդոյթ (complexe d՛Œdipe): Ինք ալ անշնչութեամբ քունի (apnée) հարց ունեցած է: Կ՛ըսէ, որ եթէ իր բժիշկը ըլլայի, կ՛առաջարկէի հոգեբանական դարմանում, հոգեվերլուծում (psychanalyse), զինք կ՛արձանագրէի մտածողներու խումբի մը, գիշերուան համար անշնչութիւնը հակակշռող գործիք մը կ՛ընկերացնէի:
Ֆրանսայի թագուհի Մարի Անթուանեթ, հակասութիւններու խրձիկ մը, նախ եղած է առաքինի, անմեղ, ապա նաեւ` թեթեւամիտ, բախտախաղի մոլի, անզուսպ ծախսող, պարտք դիզող, չխպնող: Կ՛ըսէ. «Չեմ խորհիր, որ հոգեբուժական տեսակէտէ շատ հիւանդ ըլլայ, բացի` բախտախաղի եւ ծախսելու մոլուցքէ»: «Եթէ իր հոգեբուժը ըլլայի, մոլութիւնները դարմանող մասնագէտի կը յանձնէի զինք եւ կը դնէի հսկողութեան տակ» (էջ 121):
Մեծն Եկատարինէի մասին կ՛ըսէ, որ ան եղած է փառասէր աղջիկ մը: Ունեցած է քաղաքական ուշիմութիւն, կարդացած է Մաքիաւելի, Մոնթեսքիէօ, Վոլթեր: Ցարուհի Էլիզապէթէն գնահատուելու համար մնացած է մաքուր եւ պարկեշտ, սպասած է, որ ամուսինը վերացնէ իր կուսութիւնը, յղանայ, իր ամուսնութենէն սպասուածը: Յուսահատ` կայսրուհին կը թելադրէ սիրած մը ընտրել, եւ համաձայնաբար կ՛ընտրեն «սիրած»-ը: Էլիզապէթ կը ստիպէ գահաժառանգ Փիերը, որ իր ամուսնական պարտականութիւնը կատարէ, ան այդ կ՛ընէ գինով վիճակի մէջ բռնաբարելով Եկատարինէն, որ քանի մը ամիս ետք զաւակ կ՛ունենայ, շատ ալ որոշ չէ, թէ ո՞վ եղած է հայրը: Զաւակը կ՛անջատեն մօրմէն` կայսերական կրթութիւն տալու համար անոր: Եկատարինէ եւ զաւակը` Փոլ, ունեցած են խոր հակակրանք իրարու հանդէպ: Եղած է յառաջադէմ գաղափարներով ազատ կին, սեռային անյագ ցանկութիւններով, խաղամոլ` կորսնցնելով մեծ գումարներ: «Խելացի, մշակուած, պատմութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ հետաքրքրուած, յանձնառու», քաջ նաեւ, քանի որ «տուած է օրինակը ծաղկախտի դէմ շիճուկը ընդունելու»… Ախտաճանաչում. «Ռուսիոյ Մեծն Եկատարինէ կայսրուհին կը տառապէր սեռային եւ բախտախաղի մոլութենէ: Հոգեբանական գետնի վրայ կը գտնեմ, որ Եկատարինէ ընդհանրապէս առողջ էր, եւ իր կենսագրութեան մէջ ոչ մէկ բան թոյլ կու տայ մտածելու, որ ունեցած ըլլայ այլ տկարութիւններ, հակառակը»:… «Եւ եթէ իր հոգեբուժը ըլլայի… Ինչպէս Մարի Անթուանեթի, կ՛առաջարկէի հսկողութեան տակ դնել եւ յատուկ դարմանում` գործելու եւ վերաբերելու ընթացքի համար» (էջ 133):
Ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ. հինգ տարեկանին կը բարձրանայ գահ: Դրոշմած է ԺԷ. դարը: Մանկութեան տեղի ունեցած ազնուականներու ըմբոստութիւնը ազդած է իր վրայ: Այս պատճառով ալ մեծ ազնուականները նուաստացուցած է եւ բարձրացուցած` փոքրերը: Կառուցած է Վերսայի պալատը` հսկողութեան տակ պահելու համար զանոնք: Մարմնաւորած է աստուածշնորհ բացարձակ միապետութիւնը, որ կը բացատրուի անզսպելի եւ անսահմանափակ իշխանատենչութեամբ: Մանկութեան ապրած վտանգի եւ ճնշուածութեան հետեւանքով` սեռային, աշխատանքի, պատերազմի եւ շռայլութեան մոլի մը: Հոգեկան ցնցումները պատճառ են զառանցանքներու` անցեալի ցաւալի յիշատակներով, նաեւ` օրուան ընթացքին: Ուզած է մանկութեան կրած ճնշման վրէժը լուծել` անյագ սեռային պահանջով եւ աշխատանքով (144-145): Կ՛ըսէ. «Եթէ իր հոգեբուժը ըլլայի, առանց տատամսելու, ցնցումներու հետեւանք տեւող ճնշուածութեան որպէս դարման` իրեն հետ պիտի ունենայի յատուկ հանդիպումներ` քնածման (hypnose) միջոցով անհետացնելու համար ցաւագին յիշատակները»:
Կրնանք համաձայն չըլլալ հոգեբուժի վերլուծումներուն: Բայց գիրքը ընթերցողին ինքզինք, շրջապատը դիտելու, ցանկութիւնները, փառասիրութիւնները դատելու, մանաւանդ իր ընտրանքներուն տալու ճշմարիտի, իրաւի եւ բարիի բարենիշ կամ հակառակը բանալու դուռ կը բանայ:
Եզրակացութիւն (էջ 273). «Ինչ կը վերաբերի իշխանութիւնը ցանկալու եւ մանաւանդ հոն մնալու, նկատի պէտք էունենալ թմրանիւթային կախուածութիւնը: Եւ նոյնիսկ` հաստատել: Այս գիրքի հերոսներու մեծ մասը ունէին զօրաւոր մոլութիւններ, կը մտածեմ Աղեքսանդրի, Մարի Անթուանեթի, Շարլ Քենթի (Ե.), Ռուսիոյ Եկատարինէի, Ուինսթըն Չըրչիլի մասին… բացարձակ կերպով որոշ է, որ իշխանութիւնը հզօր թմրանիւթ (drogue) մըն է: Առանց սխալելու վտանգի` կրնանք մտածել, որ ամէնքն ալ ունէին կախուածութիւններ (addictions): Ի վերջոյ, ինչո՞ւ ոչ: Բարերար թմրանիւթեր կան, ինչպէս` մարզանքը, սէրը, արուեստը, գրականութիւնը եւ դեռ` ուրիշներ»: Եւ կ՛ըսէ, որ մարդկային կարգ մը տկարութիւններով եւ անոնց յաղթահարումով իրականացած են մեծ յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ:
Իշխելու եւ տիրելու խելագար կիրքը ծնած է Ստալիններ եւ Հիթլերներ: Ուստի, օրէնքի եւ սահմանադրութիւններու գերակայութիւնը միշտ պէտք է պահուի` թոյլ չտալու, որ անոնք վերածուին չարաշահման գործիքի` ամբոխահաճութեան (populisme) զէնքով:
Քուէարկող եւ քուէ ստացող, պատասխանատու են: Այս ըսել աւելի դիւրին է, քան ընել, պէտք են քաղաքակրթական հասունութիւն եւ բարոյական քաջութիւն, յիշել Էմմանուէլ Քանթը, որ պէտք է գործել այնպէս, որ մեր արարքը դառնայ տիեզերական օրէնք… Եթէ այդպէս գործէին եւ գործէինք, ինչպիսի դժբախտութիւններ կը խնայուէին մարդոց եւ ժողովուրդներու:
Մենք մեզ, մեր շրջապատը եւ աշխարհը ճանչնալու դպրոց է այս գիրքը: Կարդա՛լ, դիտե՛լ, մտածե՛լ, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ` յաւելեալ պարտքի մասին:
27 օգոստոս 2019, Վիլլեր-սիւր-մեր