ՌԱԿ Ամմանի Վահան Թէքէեան Ակումբի, եւ Ազգային Մարզական Միութեան զոյգ
Վարչական Կազմերը, ինչպէս նաեւ գաղութիս ողջ հայ հասարակութիւնը խորապէս ցնցուած են ընկեր Վարդան Գարաօղլանեանի անժամանակ մահուան ցաւալի
իրականութենէն:
Վարդանը իր մահկանացուն կնքեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին անսպասելի սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Ընկեր Վարդանը Հայրենիքի Ճարտարագիտական (Պոլիտեխնիկական) Ինստիտուտի մէջ իր ուսումը ստանալէն ետք որպէս ելեկտրական ճարտարագէտ,
վերադարձաւ Ամման՝ Յորդանան, նոր լիցքով մը օժտելու տեղւոյս Հայ շրջանաւարտներու խմբակը:
Ընկեր Վարդան Գարաօղլանեանը շուտով ճանչցուեցաւ Յորդանանի հասարակութեան տարբեր եւ տարբեր շրջանակներէն ներս որպէս նորարար, նախաձեռնող, ստեղծագործ միտքերու հեղինակ, ժրաջան, միապաղաղ իրավիճակները խոտոր եւ անընդունելի նկատող ակնառու անձնաւորութիւն մը:
Ամմանահայ գաղութը կը խոստովանի եւ կը վկայէ, որոր Ճարտարագէտ Վարդանի
ներդրումը գաղութէս ներս եղած է զարթնեցուցիչ: Ազգային եւ ընկերային մարզերէն ներս ան միշտ հանդիսացած է որոնումներու, փոփոխութեանց, բարելաւումներու եւ
զարգացումներու հեղինակ եւ առաջատար:
Յորդանանի մէջ ոչ ոք կը մոռանայ ընկեր Վարդանի ունեցած ազգային
գաղափարախօսութեան մեծ վաստակը:
Գաղութէս ներս ան առաջին անձը հանդիսացած է, որ բանախօսութեանց շարքերով
ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի անցեալի եւ ներկայի պատմական
իրականութիւնները:
Վարդանը այդ խելացի եւ հեռատես անձերէն մէկն էր, որ 1980-ական թուականներու
սկիզբը հիմքը դրաւ ԱՄՄ-ի Սկաուտական Շարժման, որը եւ հետզհետէ իր մեծ
յաջողութիւնները արձանագրեց Ամմանահայ Գաղութին եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Վարդանը հանդիսացաւ այն հեղինակաւոր անձը, որ Ամմանահայ գաղութէն ներս
միասնականութեան ոգի ներարկելու մտահոգութեամբ, հայկական բնակարանային եւ տնային (վիլլաներու) նախագծով մը հանդէս եկաւ, բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդ ծրագիրը (առ այսօր) իրականութիւն չդարձաւ:
Վարդանի տուած բանախօսութեանց շարքը, ազգային հերոսներու մասին, մեծ եւ
երկարատեւ ոգեւորութիւն ստեղծած է նոր սերունդի երիտասարդ երիտասարդներուն մէջ:
Գաղութիս եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայահոծ երկիրներուն օգտակար հանդիսանալու մեկնակէտով, ընկեր Վարդանը մեծ աշխատանք տարաւ եւ պատրաստեց բարձր որակի տարբեր հայկական ֆոնտերով Քսատառեր (Letrasets), ինչպէս եւ հայկական տառերով գեղագրական քանոն: Նոյն Քսատառերն ու քանոնները իրենց շեշտակի դիւրութիւնը ընծայեցին հայկական տառերով տարբեր եւ տարբեր գրութիւններ փառաւոր ձեւով
պատրաստելու եւ ներկայացնելու այլեւայլ ցամաքամասերու հայկական ակումբներուն եւ վարժարաններուն մէջ:
Այսօրինակ օգտակար միտքերով եւ գաղափարներով հանդէս եկող Վարդանը շօշափելի դատարկութիւն ստեղծեց իր ետին երբ նա իր ազնիւ տիկնոջ՝ Մատլէնի եւ երկու զաւակներուն՝ Արմինէի եւ Արմէնի հետ գաղթեց Միացեալ Նահանգներ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդանը իր սեփական աշխատանքի կողքին նոյն անխոնջ ոգեւորութեամբ նուիրուեցաւ ՌԱԿ-ի աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդանի կողմէ AIM Ամսագրի փորձարարական թիւին
համար իր ծննդավայր Ամման քաղաքի մէջ կատարուած տպագրութիւնը մեծ արձագանգ արձանագրեց Ամերիկայի շատ եւ շատ հայկական շրջանակներու մէջ:
Անկասկած, որ ընկեր Վարդանի անունն ու վաստակը միշտ արծարծուած եւ հոլովուած է Յորդանանի գաղութէն ներս որպէս բացառիկ ազգային տիպար մը: Մեզմէ շատեր խորապէս ցնցուած եւ մտահոգ Վարդանի այս անժամանակ մահուան իրականութենէն, իրենց ափսոսանքն ու անմխիթար յուսախաբութիւնը կ’արտայայտեն այս անողոք դէպքին առնչութեամբ:
Այս տխրակսկիծ առիթով ՌԱԿ Ամմանի Վահան Թէքէեան Ակումբի Մշակութային
Միութեան, եւ Ազգային Մարզական Միութեան զոյգ Վարչական Կազմերը իրենց խորին վշտակցութիւնները կը յայտնեն Վարդանին ազնիւ տիկնոջ Մատլէնին, զաւակներուն Արմինէին եւ Արմէնին, եղբօր՝ Եդուարդին, քոյրերուն՝ Էլոյին եւ Սեդային, ինչպէս եւ իրենց ընտանիքներուն եւ բոլոր այլ պարագաներուն:
Բոլորս կ’ըսենք.
Քու յիշատակդ անվերջ թարմ պիտի մնայ մեր բոլորին սիրտերուն մէջ, հոգեհարազատ
Վարդան:
ՍԳԱԿԻՐ ՄՏԵՐԻՄ ՄԸ