Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին Հռոմի ֆրանչիսկոս Պապը պիտի դիմէ բոլոր հայերուն, յատկապէս` անոնց, որոնք տուժած են Սումգայիթի եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերէն, եւ այդ զանգուածային բռնութիւնը պիտի բնորոշէ Ցեղասպանութիւն: Այս իրադարձութիւնը եւս մէկ անգամ պիտի ցուցադրէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մտերմութիւնը հայ ժողովուրդին հետ, եւ ինչպէս Հռոմի Պապը կ՛ըսէ` վերաբերմունքը «քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած ժողովուրդի ճակատագրին» նկատմամբ: Այդ մասին «Երկրամաս»-ին յայտնած է Մոսկուայի հայ կաթոշիկէ համայնքի քահանայ Պետրոս Եսայեան:
«Այդ օրէն 31 տարի անցած է, ես ալ Պաքուէն փախստական եմ: Լաւ կը յիշեմ այդ իրադարձութիւնները, վախի արցունքները ընտանիքիս եւ այլ հայերու, որոնք յայտնուած էին թակարդի մէջ: Ես երեխայ էի, բայց ամէն բան մանրամասն կը յիշեմ՝ բոլոր զրոյցները հայրիկիս հետ, նաեւ այն, թէ ինչպէս կը փախչէինք Պաքուէն, քաղաքէն, ուր չենք կրնար վերադառնալ ոչ միայն ապրելու, այլ փողոցներուն մէջ քալելու, երբեմնի հարազատ տան մօտ կանգնելու համար: Մինչեւ այսօր այդ փաստը, ինչպէս նաեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը չընդունիլը, կը դժուարացնէ տարածաշրջանի` առանց այդ ալ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը»,- ըսած է հայր Պետրոս: