Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Խնամակալ Մարմինը ուրախ է յայտարարելու, թէ Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Հրայր Ճէպէեճեան, Մայիս 14, 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայականին յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճարը՝ «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ անոնց արտերկեայ աշխատանքային կեանքին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:
Ճէպէճեան իր վկայականը ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնարութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն:
Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, 1957-ին: Նախնական եւ եկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ: 1981-ին աւարտած է Հայկազեան Համալսարանէն ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը Արեւտրական Գիտութեան մէջ եւ 1984-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Մագիստրոս Գիտութեան վկայականին Երկրագործական Տնտեսագիտութաեն մէջ:
Ան մաս կը կազմէ միջազգային քրիստոնէական միջ-եկեղեցական հրատարակաչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ: Ճէպէճեան Ընդհանուր Քարտուղարն է նոյն Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին: Ան կը գործէ այս կազմակերպութեան հետ աւելի քան 34 տարիներէ: Եղած է խորհրդատու-կազմակերպող 1991-96 տարիներուն Հայաստանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան: 2006-2014 եղած է ատենապետը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Խորհուրդին: 2003-2006 տարիներուն ան աշխատած է Պարսկաստանի հայ եւ ասորի եկեղեցիներու սուրբ գրային հրատարակութիւնները համադրելու աշխատանքով:
Հրայր Ճէպէճեան ունի միջ-եկեղեցական լայն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն: Ճամբորդած ու տակաւին աշխարհով մէկ տեղ եւ մասնակցած շատ մը միջազգային եւ միջ-եկեղեցական քրիստոնէական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ կրօնական, սուրբ գրային եւ Միջին Արեւելեան քրիստոնէական ներկայութեան մասին:
Ճէպէճեան ունի ազգային, միութենական ու գաղութային բեղուն գործունէութիւն: Անդամ է Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Եղած է վարչական անդամ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնական Մարմնի, Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան, Ազունիէի Ազգային Բուժարանին, Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 90 ամեակի Լիբանանահայ Կեդրոնական Մանրմնի, եւայլն: Ներկայիս Ատենապետն է Հայ Աւետարանական Արմիս Մշակութային յանձնախումբին, անդամ է Պէյրութի Աստուածաբանական Ճեմարանի Խնամակալութեան, ՄԱՀԱԵՄի Հրատարակչական Մարմնի եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Վարչութեան, Կիպրոս:
Կ՛աշխատակցի լիբանանահայ, հայրենի եւ սփիւռքահայ շատ մը թերթերու հետ ստորագրելով ազգային, մշակութային եւ կրօնական նիւթերով յօդուածներ: 2010ին հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», ուր ամփոփուած է իր 30 տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն:
Ամուսնացած է Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Վահէ եւ Ալիք: 2005-էն ի վեր անոր աշխատանքային նստավայրը եղած է Նիկոսիա, Կիպրոս:
Խնամակալ Մարմին
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն