Մայրաքաղաքի թատերական հանրութեան ներկայացուցիչները եւ Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնի ստեղծագործական անձնակազմի անդամները այսօր այցելեցին Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնը, ուր հայոց մեծերու կողքին ամփոփուած է նաեւ 20-րդ դարու ականաւոր բեմադրիչ եւ թատերական գործիչ Հրաչեայ Ղափլանեանի աճիւնը: Այցելութեան առիթը Ղափլանեանի ծննդեան 90-ամեակն էր, որ լրացաւ այսօր, իսկ յոբելեանական հանդիսութիւնները տեղի կ’ունենան գարնան, երբ պատրաստ կ’ըլլայ նաեւ թատրոնի հիմնադիրին նուիրուած ներկայացումը:
Հրաչեայ Ղափլանեանի անունը թանկ ու հարազատ է անոր հիմնադրած թատրոնին մէջ, ուր ամէն մէկը հպարտութեամբ ինքզինքը ղափլանեանցի կը կոչէ` յիշատակելով այն մեծ ներդրումը, որ ունեցաւ ան մեր ազգային բեմարուեստին մէջ` դառնալով նաեւ Խորհրդային Միութեան մէջ ամենաճանաչուած ու հռչակուած հայ թատերական բեմադրիչը, որու բեմադրութիւնները տեղ գտան Մոսկուայի Փոքր ակադեմական, Վախթանգովի եւ Լենկոմի անուան ակադեմական, Ուքրանիոյ Լեսկա Ուքրանքայի անուան ռուսական ակադեմական, Քիշինեօւի Պուշկինի անուան ակադեմական, Պաքուի Ազիզպեկովի անուան ակադեմական թատրոններու խաղացանկերուն: Ան նաեւ բեմադրութեամբ հանդէս եկաւ Պրատիսլաւայի մէջ` այսպիսով իւրովի հանրահռչակելով հայ թատրոնը, ազգային բեմադրութեան լաւագոյն դրսեւորումները ի ցոյց դնելով օտար մշակոյթներու համածիրին մէջ: Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակներու դափնեկիր Հրաչեայ Ղափլանեանի մասին բարձր կարծիքներ յայտնած են ժամանակի շատ նշանաւոր անհատականութիւններ, անոր ստեղծագործութիւնը գնահատած են թատերական նորացումներու եւ գեղարուեստական նոր դրսեւորումներու շրջագիծերուն մէջ` տեսնելով անոր սերտակցութիւնը Վախթանգովի դպրոցին, գեղագիտական այն համակարգին, որ 20-րդ դարուն թատրոն բերաւ եւ հաստատեց ազգութեամբ հայ ռուս բեմադրիչը, համաշխարհային թատրոնի նորարարներէն մէկը: Հրաչեայ Ղափլանեանին շատերը բնածին տաղանդ կ’անուանէին, որովհետեւ, ըստ էութեան, Լոռուայ Գեառգեառ գիւղին մէջ ծնած եւ վաղ մանկութենէն մօր խնամքին մնացած պատանին թատերական բարձրագոյն կրթութիւն չէր ստացած, բեմադրութեան դասերը առած էր թատրոնին մէջ` անուանի մանկավարժ եւ բեմադրիչ Տիգրան Շամիրխանեանէն: Իր բեմական մկրտութիւնը Ղափլանեանը ստացած էր Երեւանի պատանի հանդիսատեսի պետական թատրոնին մէջ, ուր սկիզբը դերասան էր` անչափ հետաքրքիր, իր տեսակով ինքնատիպ, ապա արդէն կեանքի կոչած էր իր լաւագոյն բեմադրոյթունները` Շիլլէրի «Սէր եւ խարդաւանք» , Ա. Շահինեանի եւ Վ. Խաչիկեանի «Սուրի եւ Սամի արկածները» , Հ. Թումանեանի «Ոսկէ քաղաքը» , Գ. Եաղջեանի «Գիշերային հրաշք» եւ այլն, որոնք մէկընդմիշտ հաստատեցին անոր տեղը մեր բեմարուեստին մէջ` պատանիներու թատրոնը դարձնելով ժամանակի ամենահետաքրքիր եւ ստեղծագործական նորարարութեան ձգտող թատերական հանգրուաններէն մէկը:
1960-ականներուն սկիզբներէն Հրաչեայ Ղափլանեանը բեմադրութիւններով հանդէս եկաւ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ, ուր անոր իրականացուցած աշխատանքները զարմացուցին ձեւի ու բովանդակութեան ինքնատիպութեամբ, հարուստ արտայայտչականութեամբ: Ըլլալով «ֆանտաստիկական ռէալիզմի» գեղագիտական համակարգի կրողը` Հրաչեայ Ղափլանեան ստեղծեց վառ ու գունեղ, թատերայնութեան ամենաշքեղ դրսեւորումներուն վրայ յենուող բեմադրութիւններ, որոնք շարունակեցին Վարդան Աճեմեանի աւանդոյթները, սակայն միեւնոյն ժամանակ մեր թատրոնին մէջ ստեղծեցին Հրաչեայ Ղափլանեանի ժամանակը: Հրաչեայ Ղափլանեանը Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ հիմնաւորեց Շէքսպիր բեմադրելու նոր սկզբունքներ, առաւելապէս նկատելի դարձուց «Բրեխտեան սկիզբը»` այսպիսով ողջ խորհրդային թատրոնին մէջ իւրովի պայքարելով արմատաւորուած կարծրատիպերու դէմ: Անոր «Օթելլոն» եւ «Կորիոլանը» խոշորագոյն իրողութիւններ դարձան, ազգային բեմական շէքսպիրապատումին մէջ սկիզբ դրին նոր ժամանակի մը: Ան յետագային շէքսպիրեանի որոնումները շարունակեց իր թատրոնին մէջ` այստեղ կեանքի կոչելով «Ռիչարդ Երրորդ» եւ «Սպիտակ եւ Կարմիր վարդերու պատերազմը» բեմադրութիւնները:
Հրաչեայ Ղափլանեանի մեծագոյն վաստակը Երեւանի` իր անունը կրող թատրոնն է, որն իր կենսագրութիւնը սկսաւ 1968-ին եւ դարձաւ ժամանակաշրջանի ամենաինքնատիպ թատրոններէն մէկը, հռչակուեցաւ ողջ Խորհրդային Միութեան մէջ: Այս թատրոնին մէջ ճշմարիտ նորարարութիւնը միաձուլուեցաւ դասականութեան, ձեւաւորեցաւ հետաքրքիր յետագիծ մը, որ դիմորոշ դարձաւ ողջ խորհրդային թատրոնին համար…
Հրաչեայ Ղափլանեան վախճանեցաւ 1988 թուականին, ազգային զարթօնքի օրերուն: Անոր վախճանը նաեւ յաւերժութեան սկիզբն էր: Ազգային գեղարուեստին մէջ ղափլանեանական տոհմի շառաւիղները կանգ առին անոր դստեր` վաղամեռիկ Տաթեւիկ Ղափլանեանի անուան վրայ` ձեւաւորելով հետաքրքիր եռանկիւնի, որու գագաթին Աւագ Ղափլանեանն է, անորմէ ետք կու գայ հարազատ եղբայրը` աշխարհահռչակ ծաղրածու Լէոնիդ Ենգիբարեանը…
Լեւոն Մութաֆեան