Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող yerepouni-news.com ելեկտրոնային առաջին թերթը, իր նախաձեռնութիւններուն շարքին, արդէն ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձուցած է կայքին «Application»-ը` yerepouni-news.com
Այս իրագործումը կը միտի հետեւիլ արդի արհեստագիութեան ընձեռած կարելիութիւններուն եւ առաւել եւս դիւրացնել հաղորդակցութեան միջոցները:
Նշեալ «Application»-ը կրնաք ներբեռնել այցելելով Android «Google Play» կամ «Apple Store»:
Yerepouni-news.com կայքը երեք լեզուներով (արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն) արագ տեղեկատուութիւն կը հաղորդէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի ընթերցողներուն:
Կայքէջին հիմնական նպատակն է փոխանցել անաչառ, հաւասարակշռուած եւ համակողմանի լրատուութիւն: Անկաշկանդօրէն եւ առանց նախապաշարումներու մեկնաբանել ազգային, հայրենական համասփիւռքեան քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ձեւաւորել ազատ եւ պատասխանատու խօսքի մշակոյթ:
Yerepouni-news.com կը ծառայէ հայապահպանման եւ հայկական լրատուական դաշտը ընդլայնելու առաքելութեամբ:
Yerepouni-news.com կայքի
Տնօրէնութիւն