ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսեցաւ այդ երկրին մէջ տարածուած ազգայնամոլութեան, խտրականութեան եւ դրացիներուն նկատմամբ թշնամանքին մասին, կը հաղորդէ ankahaber.net-ը։
Փայլան յայտնեց, որ դարեր շարունակ Հռոմի, Բիւզանդիոնի, սելճուքեան եւ օսմանեան պետութիւններուն մէջ ժողովուրդները ձեւով մը կրցած են այս տարածաշրջանին մէջ միասին ապրիլ։
«Բայց անկէ ետք՝ արդէն 150 տարի է, ազգայնամոլութեան հիւանդութիւնը ներթափանցած է այս տարածաշրջանը: Առանձնաշնորհեալութեան հիւանդութիւնը ներթափանցած է: Այդ ժամանակ ըսին, թէ մենք թուրք ենք: Շատ լաւ, բարով եկած էք, բայց չէ՞ որ այստեղ ալ (մինչեւ թուրքերուն գալը-Խմբ.) ժողովուրդներ կային: Միասին ապրեցանք, միասին քաղաքակրթութիւն հիմնեցինք: Կը հպարտանանք ճարտարապետ Սինանի ստեղծագործութիւններով: Սինանը կեսարիացի հայ էր: Ինչ ըրած ենք, միասին ըրած ենք», ընդգծեց Փայլան:
Ան յիշեցուց, որ Գիրգոր Զօհրապ, որ օսմանեան խորհրդարանի ամպիոնէն կը խօսէր միասին ապրելու եւ հաւասար իրաւունքներու մասին, դաժանաբար սպաննուեցաւ Կոտորածի ատեն, ցաւ յայտնելով, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները դաւաճանուեցան:
Փայլան շեշտեց, որ թուրքերու պատմութիւնը առանց հայերու եւ քիւրտերու կարելի չէ շարադրել: Նոյն կերպով ալ, կարելի չէ հայերու պատմութիւնը առանց թուրքերու եւ քիւրտերու պատմել: Ապա ան դիմեց դահլիճին մէջ նստած արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուին՝ յիշեցնելով, որ անոր տարիներ շարունակ կոչ կ՛ընէ ամպիոնէն ժողովուրդին դիմելու ընթացքին ազգակիցներ բառին փոխարէն օգտագործէ քաղաքացիներ բառը:
«Ձեր աթոռին 110 տարի առաջ հայ նստած էր, ես ալ տեսականօրէն կրնամ նստիլ ձեր աթոռին: Ձեզի համար հաճելի՞ է, որ ես ելլեմ ըսեմ՝ ազգակիցներուս համար այս կամ այն բանը կ՛ընեմ: Հաճելի չէ: Այս երկիրը ոչ թէ ազգակիցներ, այլ քաղաքացիներ ունի», ըսաւ Փայլան: