ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հարիւրաւոր հայ կիներ իրենց ամուսինին, հօր, զաւակին կողքին մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ ճակատամարտին: Անոնք անձնուիրաբար պայքարեցան ամէն մէկ թիզ հողի պաշտպանութեան համար: Շատեր նահատակուեցան: Ուրիշներ հաշմ պիտի մնան առյաւէտ..
Այս օրերուն երբ հայ ժողովուրդը կը սգայ Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ ճակատամարտին նահատակները, մտքիս մէջ անընդհատ կը շրջի նահատակ Գրգոյի շնորհալի կնոջ՝ դիւցազնուհի Շաքէի կերպարը, որ իր միամեայ երեխան գիրկը՝ ինքզինք Սասնոյ ժայռերէն վար նետեց թուրք եւ քիւրտ հրոսակներուն ձեռքը չիյնալու համար: Անոր օրինակին հետեւեցան տասնեակ մը հայուհիներ, որոնք եւս Կեփինի սարաւանդները բարձրացան եւ հերոսական խոյանքներով գահավիժեցան անդունդը…:
Պատիւի եւ հաւատքի պաշտպանութեան համար բեմագրուած այս զմայլելի եւ խորապէս յուզիչ եղելութիւնը նկարագրած է հնչակեան տաղանդաւոր գրող Սմբատ Բիւրատ: Անոր համառօտագրութիւնն է հետեւեալը.
« Յանկարծ Շաքէն, երեխան իր բազուկներուն վրայ, զատուեցաւ իր քոյրերէն ու խոյացաւ, բարձրացաւ մօտակայ քարաժայռի մը գագաթը, որ կը կախուէր խոր անդունդի մը վրայ:
… Քոյրե’ր, կանչեց գահաւանդէն, դեռ ի՞նչ կեցեր ենք…: Ահա’ մենք, ահա’ մեր թշնամին- մեր պատիւի, մեր հաւատքի եւ մեր հայրենիքի թշնամին: Հիմա մեզի երկու ճամբայ կը մնայ, ընտրեցէ’ք,- ապրիլ կամ մեռնիլ, սակայն իմ անձնուէր քոյրեր,կ’արժէ՞ ապրիլ մեր սիրելիներուն կորուստէն ետքը, ոճիր չէ՞ ապրիլ մեր բնաշխարհի աւերակներուն վրայ, ապրի’լ բարբարոսներու անասնական կրքերը յագեցնելու համար…:
Թշնամի հրոսակները հասան վերջապէս Կեփինի սարը:
Շաքէ, անդունդին վրայ կախուած քառաժայռին բարձունքէն կը լսեցնէր տակաւին իր անոյշ ձայնը:
«… Իմ սիրելի քոյրե’ր, մօտեցէ’ք, մօտեցէք ինծի, երգեցէ’ք ինծի համար մահուան եղանակ մը…: Ահա’ եկան վայրենիները, մեր մաքուր կուսութեան, մեր անարատ մայրութեան, մեր հաւատարիմ կնութեան թշնամիները:
« Քարաժայռին ստորոտէն, քանի մը տասնեակ մանկամարդ մայրեր, իրենց փոքրիկ զաւակներուն ձեռքէն բռնած, կը մագլցէին դէպի քարաժայռին գագաթը, ուր կը գծուէր Շաքէի բարտի հասակը, իր միամեայ երեխան թեւերուն վրայ, նոյն պահուն Հայ Յիսուս-Մարիամ մըն էր ան, որ մէկ երկու վայրկեանէն անդունդին յատակը պիտի հանգչէր….:
… Սասունցիներ,Շաքէի ընկերուհիները, մայրեր բոլորն ալ, յաջողեցան վերջապէս ելլել քարաժայռին գագաթը եւ Շաքէի հրաւէրին վրայ պարել սկսան, մրմնջելով հայրենիքի օրօրքը:
Թուրք եւ քիւրտ հրոսակները հասած ստորոտը քարաժայռին, կը մագլցէին, ժամ առաջ հասնելու գագաթը եւ տիրանալու ընտիր գեղուհիներուն, որոնք սահմանուած էին իրենց հարէմը շէնցնելու….:
Վայրկեանը գերագոյն էր: Շաքէ, իր միամեայ երեխան իր մերկ թեւերուն վրայ բարձրացուցած, անգամ մ’ալ դարձաւ իր ընկերուհիներուն եւ ըսաւ.
-Թշնամիին պիղծ ձեռքերը դեռ մեզի չի հպած, մահուան գիրկը, քոյրե’ր, մահուան գիրկը, հոն վերստին պիտի գտնենք մեր սիրելիները….: Ահա’ ես կը մեկնիմ…: Ու շուշանափայլ ճակատը շրջանակող սամոյր, արձակ մազերը հովին, ճեղքեց անցաւ իր ընկերուհիներուն բոլորակը եւ բարձրացաւ աւելի վեր եւ կեցաւ քարաժայռի բարձրագոյն կէտին վրայ, ամփոփեց ինքզինքը ու դիտեց ահաւոր անդունդը որ կը քնանար իր ոտքերուն ներքեւ.
Հրոսակները հեւասպառ կը մագլցէին ու մօեցեր էին հայուհիներուն:
Շաքէ վերջին անգամ ըլլալով,երեխան իր սրտին հատորը պինդ սեղմեց կուրծքին, աչքերը պտըտցուց հեռաստանին վրայ, հորիզոնին մշուշապատ կապոյտը ծծեց ու դարձաւ ընկերուհիներուն.
– Մնաք բարով ընկերուհինե՜ր: Մնաք բարով Սասուն,Շենիք, քաղցր հայրենիք:
Ոտքերը զատուեցան քարաժայռէն ու Շաքէ մէկ ոստումով նետուեցաւ անդունդին մէջ…:
Շաքէի վսեմ օրինակին հետեւցան անոր ընկերներուհիները մէկիկ-մէկիկ,երեխաները կուրծքերուն սեղմած:
Հրոսակները հասան քարաժայռին գագաթը, բայց թափուր գտան զայն: Տեսան անմեղ զոհերուն ճօճումը պարապին մէջ: Լսեցին անոնց երգին արձագանգը- Սասուն, Շենիք քաղցր հայրենիք- սոսկացին եւ ետ քաշուեցան….»:
Հայուհիներ անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցած են հայ ազգային ազատագրական պայքարի բոլոր փուլերուն: Հայրենիքի, պատուի եւ հաւատքի պաշտպանութեան համար անոնք զոհած են իրենց ամենաթանկագինը:
Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ ճակատամարտը ծնաւ նոր դիւցազնուհիներ: Անոնց գլուխը կը կանգնի անմահն Շաքէն:
Յաւերժ Փառք բոլորին: