Չորեքշաբթի երեկոյ, ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները:
Զեկուցական այս հանդիպումին ներկայացուեցան 2014 -2015 տարիներուն համար նախատեսուած ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերող տարբեր բնոյթի աշխատանքները:
Վերապատուելի Գարակէօզեան գնահատելով տարուող աշխատանքները անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց մարմինին կողմէ իրականացուող համախումբ եւ միասնական աշխատանքներուն: