ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Զինք մէկ անգամ մօտիկէն տեսած եմ, երբ մի քանի տարի առաջ Լիբանան այցելած էր ու «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ հրապարակային ելոյթ մը ունեցաւ։ Բայց, այս տողերը կը գրեմ մեծ ցաւով որովհետեւ Սփիւռքի մէջ ինչքա՜ն քիչ եղած են երգիծանկարիչները։
Կ’ենթադրեմ թէ անոնց քչութեան պատճառներէն եղած են լայնախոհութեան ու հանդուրժողականութեան պակասը մեր «ազգային նկարագրին», հետեւաբար նաեւ՝ մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ 1960ականներէն ետք՝ հրապարակային բանավէճերէ խուսափելու մեր կազմակերպութիւններուն գոյացուցած, չեմ վարանիր ըսելէ, «ախտը»…։ Եթէ խնդրի մը մասին հրապարակային չխօսինք, կը կարծենք թէ օր մըն ալ ան ինքնաբերաբար պիտի դադրի վիճայարոյց ըլլալէ։
Պրպտումներուս ժամանակ, երկա՜ր պէտք է փնտռեմ, որպէսզի հանդիպիմ ներհայկական առօրեային, յատկապէս՝ սփիւռքահայ քաղաքական դէպքերուն վերաբերող որակաւոր երգիծանկարներու, որոնք այսօր իսկ բանիմաց մարդուն երեսին ժպիտ կը յառաջացնեն եւ որոնք դեռ կարելի ըլլայ օգտագործել ճանաչողական եւ ուսուցողական նպատակներով։ Իսկ ինչ որ եղած է Ալեքսանդր Սարուխանէն, Տիրան Աճէմեանէն եւ մի քանի ուրիշներէ, կ’աշխատինք մոռացութեան տալ … հին վէրքեր չգրգռելու պատրուակով։
Յ.Գ. Որպէսզի զիս ճշդելու բարի կամքով գրուած շուտիկ, բայց այս պարագային աւելորդ մեկնաբանութիւններ չըլլան, կ՛ընդգծեմ թէ խօսքս սփիւռքահայ առօրեան ու յատկապէս՝ քաղաքական անցուդարձը արտացոլող գործերու մասին է։